Արցախէն Քոսովօ, Քիւրտիստանէն Քաթալոնիա

By Asbarez | Saturday, 07 October 2017

1007yeghiatashjian

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Այս յօդուածով կ՛ուզեմ իմ անձնական կարծիքս յայտնել ազգերու ազատ ինքնորոշման հարցին շուրջ, եւ թէ ինչո՛ւ միջազգային այս իրաւունքը կ՛ոտնակոխուի այլ պետութիւններու կողմէ, կամ ո՞ւր պէտք է յստակ սահման գծուի այս հարցին շուրջ եւ ինչո՞ւ:

Քիւրտերու, քաթալաններու, պասքերու, պալոշներու, ասորիներու, հայերու եւ բոլոր իրաւազրկուած ու ճնշուած ազգերուն ինքնորոշման իրաւունքը սրբութիւն մըն է՝ նշուած իւրաքանչիւր ազգի համար: Այս իրաւունքը պաշտպանուած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ: Պաղ պատերազմի ընթացքին Խորհրդային Միութիւնը միշտ ալ նեցուկ կանգնած էր ազգերու ինքնորոշման սկզբունքին (այնքան ատեն որ իր սահմաններէն դուրս է)՝ հաւատալով, որ այն ազգերը, որոնք կ՛անջատուին գաղութատիրական լուծէն, իրենց երկիրներուն մէջ պիտի հաստատեն համայնավարական կարգեր եւ պայքարին կայսերապաշտական քաղաքականութեան դէմ: Բազմաթիւ ափրիկեան, լատինամերիկեան եւ ասիական նորակազմ երկիրներ այս ճամբէն անցան, սակայն շատերը նաեւ իմացան, որ, խորքին մէջ, Խորհրդային Միութիւնը ի՛նք նոյնպէս կը վարէր կայսերապաշտական քաղաքականութիւն, ինչպէս Քուպայի եւ Աֆղանիստանի մէջ:

Հետեւաբար, ազգերու ինքնորոշման հարցը պէտք չէ սակարկութեան առարկայ դառնայ մեծ երկիրներու միջեւ, սակայն (տեսլապաշտութիւնը եւ գաղափարապաշտութիւնը մէկ կողմ) այսօր միայն ուժն է, որ կ՛իշխէ միջազգային քաղաքականութեան մէջ: Եթէ զօրաւոր ես, ապա իրաւունք ունիս, իսկ եթէ չես կրնար քու ազգային շահերը պաշտպանել եւ պայքարիլ անոնց համար, ապա իրաւունք չունիս ապրելու եւ ազատութիւն երգելու այս անարդար աշխարհին մէջ: Գոնէ պատմութիւնը մեզի այսպէս կը սորվեցնէ:

1007selfdetermination

Վայրկեան մը մենք մեզի հարցնենք՝ ինչո՞ւ Արցախը եւ ոչ Նախիջեւանը, կամ՝ ինչո՞ւ ոչ Ջաւախքը, որ իր աշխարհագրական դիրքով շատ աւելի կարեւոր է Արցախէն: Եթէ Արցախը յանձնուէր Ատրպէյճանին, իսկ Ջաւախքը դառնար անկախ, թերեւս ասիկա ռուսին օգտին ըլլար, բայց ո՞ւր էր հոս Հայաստանի շահը կամ թիֆլիսահայութեան շահը: Իսկ ամէնէն կարեւորը՝ ինչո՞ւ Արցախը, բայց ոչ՝ Նախիջեւանը: Իսկ Արեւմտահայաստա՞նը: Ժողովրդագրութի՛ւն. այո՛, ճիշդ է, Արցախի մէջ հայերու թիւը շատ էր՝ համեմատած Նախիջեւանի մէջ հայկական բնակչութեան թիւին: Այստեղ, հայութեան ազգային ինքնորոշման հարցին մասին խօսք անգամ չէր կրնար ըլլալ, ո՛ւր մնաց Արեւմտահայաստանը, ուր այսօր կ՛ապրին աւելի քան 5-10 միլիոն քիւրտեր, թուրքեր եւ այլ ցեղեր: Արցախեան հիմնահարցը անկիւնադարձային է հայոց պատմութեան մէջ, որովհետեւ անիկա միացուց հայ ազգի բոլոր հատուածները՝ Սփիւռքէն հայրենիք, ազգը մէկ ձայն եղաւ: Եթէ այդ ժամանակաշրջանին հայ ազգը կորսնցնէր Արցախը, ապա այսօր պիտի նմանէինք ջայլամի մը, որ իր գլուխը հողին մէջ թաղած՝ նոյնիսկ պիտի չուզէր արեւուն լոյսը տեսնել: Այդ ժամանակ Արցախի յաղթանակը ոչ միայն ամրապնդեց ազգային գիտակցութիւնը եւ հպարտութիւն ներշնչեց, այլ նաեւ ամրապնդեց Զանգեզուրը: Բոլորիս ծանօթ է, որ արցախեան պատերազմը սկիզբն էր Սիւնեաց աշխարհի կործանման: Հետեւաբար, Հայաստանի կողմէ դիտուած՝ հարցը զուտ ազգային անվտանգութեան հարց էր: Իսկ Արցախի համար ոչ միայն ազգային ինքնորոշման խնդիր էր, այլ՝ ֆիզիքական ոչնչացման վտանգին դէմ պայքար:

Պահ մը յիշենք Քոսովօն, ուր ՕԹԱՆը (ՆԱԹՕ-Խմբ.), Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ, կրցաւ սերպերը պարտութեան մատնել, եւ 2008ին շրջանը անկախութիւն հռչակեց: Այստեղ, պէտք է նաեւ գիտնալ, որ Քոսովօն եղած է պատմական սերպական շրջան՝ քաղաքական ու նաեւ կրօնական դիտանկիւնէ դիտուած: Անշուշտ սերպերը չկրցան դէմ դնել այս արարքին, Արեւմուտքին կողմէ պատժուեցան իրենց գործած ոճիրներուն համար եւ կորսնցուցին իրենց պատմական հողը: Հոս, սերպերը, հակառակ իրենց պատմական իրաւունքին, չկրցան թարգմանել այդ իրաւունքը գետնի վրայ, այլ ընդհակառա՛կն, մոլորեցան իրենց <<Մեծն սերպական>> ազգայնամոլական գաղափարներով եւ բախումներ ունեցան ոչ միայն շրջանի իսլամներուն, այլ նաեւ կաթողիկէ խրուաթներուն հետ: Հակառակ Արցախին, ուր միջազգային ընտանիքը ճնշումի կ՛ենթարկէր Հայաստանի կառավարութիւնը, որ գրեթէ մեկուսացուած էր, Սերպիա քաջալերուած էր ռուսական իշխանութիւններուն եւ դրացի քրիստոնեայ ուղղափառ այլ երկիրներու կողմէ, սակայն անիկա չկրցաւ այդ քաղաքական հաւասարակշռութիւնը իր օգտին թարգմանել:

Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին հարցը տարբեր է ուրիշներէ: Հակառակ անոր որ այսօր մարզին տնտեսական եւ քաղաքական հաստատութիւնները անկայուն են, սակայն անիկա ունի լաւ մարզուած բանակ մը, որ կրնայ դիմադրութիւն ցոյց տալ արտաքին յարձակումի դիմաց: Ասիկա կրնայ օգնել մարզին՝ շահելու արեւմտեան երկիրներու աջակցութիւնը, եթէ, հակառակ պարագային, Իրան, Թուրքիա կամ Իրաք ռազմական գործողութիւններու դիմեն շրջանին դէմ: Ինչպէս այլ ազգեր, նոյնպէս ալ քիւրտերը իրաւունք ունին ազգային ինքնորոշման հարցին շուրջ, ոչ թէ որովհետեւ պատմական իրաւունք ունին այդ տարածքներուն վրայ, այլ պարզապէս որովհետեւ անոնք ժողովրդագրական պատկերով եւ քաղաքական այլազան իրողութիւններով այդ իրաւունքին տիրացած են, որովհետեւ տասնամեակներէ ի վեր իրաքեան կեդրոնական իշխանութիւնը բացակայ էր այդ վայրերէն: Այսօր Իրաքի ներկայ երիտասարդ սերունդին ներկայացուցիչներուն պարագային, քրտերէնը եւ ոչ թէ արաբերէնն է իրենց մայրենի լեզուն, փեշմերկան եւ ոչ թէ իրաքեան բանակն է իրենց ազգային բանակը, քրտականութիւնն է եւ ոչ թէ արաբականութիւնը իրենց ազգային դիմագիծը: Հետեւաբար, կեդրոնական իշխանութեան անկայունութիւնը եւ պատմականօրէն արաբական քաղաքականութիւնը որոշ չափով զգացուցին քիւրտերուն, որ իրենք իրաքեան ընտանիքին մաս չեն կազմեր, եւ այն քաղաքականութիւնը, որ որդեգրուած էր Սատտամի օրով, շարունակուեցաւ նաեւ նախկին վարչապետ Նուրի Մալիքիի իշխանութեան ժամանակ: Քիւրտերուն համար այլ ելք չկար, նոյնիսկ եթէ ժամանակը ի նպաստ իրենց չէր, եւ պատմականօրէն անոնք գրաւած են ասորական տարածքներ, սակայն կրցան պարտադրել իրենց ազգային ինքնորոշման հարցը այդ տարածքներուն վրայ՝ շնորհիւ իրենց ժողովրդագրական պատկերին: Աւելի՛ն. Պարզանի այս հանրաքուէով կրցաւ իր օրինականութիւնը պարտադրել ժողովուրդին եւ այլ քրտական կուսակցութիւններու վրայ:

Քաթալոնական անկախացման շարժումը, որ կը պայքարի Քաթալոնիոյ անկախացման եւ իբրեւ ինքնուրոյն պետութիւն հանդէս գալու համար, նպատակ ունի Քաթալոնիոյ պատմական հողերուն վրայ Սպանիոյ թագաւորութենէն անջատ պետականութիւն ստեղծել: Քաթալանները բազմիցս ապստամբած են կեդրոնական իշխանութեան դէմ եւ միշտ ալ պարտուած են: Իսկ 1871ին անոնք Սպանիոյ կազմէն դուրս գալու եւ առանձին պետութիւն ստեղծելու առնչութեամբ բանակցութիւններու մէջ մտան կեդրոնական իշխանութեան հետ, սակայն՝ ապարդիւն: Հակառակ անոր որ Սպանիա ընդունեց Քաթալոնիոյ մշակոյթն ու լեզուն՝ իբրեւ առանձին ազգային լեզու, սակայն քաթալանները նաեւ կը փնտռէին քաղաքական շահեր: Անոնք դժգոհ էին, որ իրենց շրջանի հաշուոյն Սպանիոյ այլ քաղաքները կը բարգաւաճէին, իսկ կեդրոնական կառավարութիւնը ոչ մէկ ճիգ կը խնայէր Քաթալոնիան զարգացնելու ծրագիրներ որդեգրելու համար, հակառակ անոր որ համեմատած սպանական այլ շրջաններու՝ Քաթալոնիան շատ աւելի բարգաւաճ էր տնտեսապէս եւ կայուն էր՝ համեմատած պասքերու երկրին:

Հետեւաբար, ազգային ազատ ինքնորոշման հարցը շրջանէ շրջան կը տարբերի ազգային, քաղաքական, պատմական, աշխարհագրական դիտանկիւնէ: Արցախի համար կը նկատուի իբրեւ ազգային անվտանգութեան հարց, Քոսովոյի համար  շրջանային եւ միջազգային բախումի հետեւանք է, քրտական ինքնավար մարզին պարագան ներքին հարցերու ցոլացում մըն էր, իսկ Քաթալոնիան՝ զուտ ազգային պատմական հարց: Հետեւաբար, կարելի չէ այս շարժումներուն նայիլ հաւասար աչքով կամ նոյն դիտանկիւնէն, որովհետեւ անոնք առանձնայատուկ են քաղաքական, պատմական եւ աշխարհագրական առումներով:

 

Yeghia.tash@gmail.com

 



comments

Advertisement