Պետութիւնը Ուրիշներու Միջնորդութեամբ Չի Խօսիր

By Asbarez | Saturday, 07 October 2017

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԷՔՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

 

Վարեց՝ ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

 

1007bekjian

Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը եւ ապա հայկական Սահակեան-Նունեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած Սիրոյ սեղանը պատճառ եղան, որ Միհրան Մանուկեան զրոյց մը ունենայ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեանի հետ, անոր եպիսկոպոս ձեռնադրութեան 25ամեակին առթիւ: Արդարեւ, զրուցավարը նախ ողջունեց սրբազանին բազմամեայ վաստակը, ապա անոր ուղղեց հրատապ հարցումներ, որոնք վերջերս կը յուզեն բովանդակ պոլսահայութիւնը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք նշեալ զրոյցը.

 

ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ- Սիրելի՛ սրբազան հայր, ինչպէ՞ս կը բնութագրէք ձեր եկեղեցանուէր ծառայութեան ուղին: Ինչպէ՞ս սկսաւ եւ ո՞ւր հասաւ:

ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԷՔՃԵԱՆ- Իմ հոգեւոր կեանքը կը սկսի 1965ին, ժամանակի Շնորհք պատրիարք Գալուստեանի ձեռնադրութեամբ: Ուսումս շարունակելու համար մեկնեցայ Գերմանիա, ուր նոյն ժամանակ սկսաւ իմ հոգեւոր ծառայութիւնը: Այդտեղ, ուսումս աւարտելէ ետք պաշտօնակոչուեցայ Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքը, ուր ծառայեցի 18 տարիներ: Այդ շրջանին, Դպրեվանքի դասընկերոջս հետ հիմնեցինք տեղի երգչախումբը, որ գալիք ամիս պիտի տօնէ իր հիմնադրութեան 40ամեակը: Կազմակերպեցինք նաեւ հայերէնի դասընթացք, որ տուաւ 125 շրջանաւարտներ: 1991ին, վեհափառ Վազգէն Ա. կաթողիկոս զիս նշանակեց Գերմանիոյ Հայոց հոգեւոր հովիւ: Գերմանիոյ հայ համայնքի կարեւոր մէկ մասը կը կազմէին Թուրքիայէն աշխատանքի մեկնածներ, որոնք եւս կը դժուարանային հայերէնին տիրապետելու խնդիրին մէջ: Այս տարի թողուցի այդ պարտականութիւնս եւ հիմա կը փորձեմ պատրիարքական տեղապահ ըլլալով՝ ծառայել իմ ժողովուրդին:

 

ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ- Այս տարի կը նշուի ձեր եպիսկոպոս ձեռնադրուելու 25ամեակը. ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայ համայնքը:

ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԷՔՃԵԱՆ- Մեր համայնքը ունի թէ՛ դրական եւ թէ բացասական բազմաթիւ երեսակներ: Եթէ նախ դիտենք դրական հանգամանքը, ապա առաջին հերթին պիտի անդրադառնանք անոր եկեղեցասէր յատկութեան: Իսկապէ՛ս որ հայ ժողովուրդը կապուած է իր եկեղեցիին եւ 1700 տարիներէ ի վեր կանգուն կը պահէ զայն: Անցեալին մեր նախնեաց կառուցած հիմքը մինչեւ օրս կանգուն կը պահէ եկեղեցին եւ դպրոցը: Այլ գաղթօճախներու մէջ եւս, մեր կարեւորագո՛յն հողն է եկեղեցին: Մեր ժողովուրդը պետականութիւն ունեցած տարիներուն իսկ ունեցած է զանազան հաստատութիւններ, որոնք իրենց գոյութիւնը չեն կրցած պահել մինչեւ օրս: Միա՛յն եկեղեցին եւ անոր շուրջ կազմուած կառոյցներն են, որոնք կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը: Մեր ժողովուրդը կը գիտակցի, թէ եկեղեցւոյ հանդէպ իր պարտականութիւնը սահմանուած չէ՛ միայն հաւատքով: Հայ մարդը, նոյնիսկ եթէ իր հաւատքին մէջ թերանայ, չի կրնար թերանալ եկեղեցւոյ հանդէպ իր պարտականութեան մէջ:

 

ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ- Կ՛ուզեմ անդրադառնալ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին: Ի՞նչ փուլի մէջ ենք այժմ:

ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԷՔՃԵԱՆ- Նախաձեռնարկ մարմինը կը գործէ ու կ՛աշխատի ընտրողներու անուանացանկերը կատարումին հասցնել: Ունինք 11 բնական թեկնածուներ, որոնց դիմում կատարեցինք՝ իմանալու, թէ իրենց թեկնածութիւնը պիտի առաջադրե՞ն, կամ ոչ: Տակաւին անոնցմէ պատասխան չենք ստացած: Միւս կողմէ, պետութենէն կը սպասենք ընտրութեան կանոնները ճշդող կանոնագիրը: Կը յուսանք, որ շուտով կը հասնի անիկա. անկէ ետք է որ պիտի շարունակուի ընտրութեան գործընթացը:

 

ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ- Մինչեւ 9 Հոկտեմբեր պատասխան մը չգոյանալու պարագային՝ ընտրութիւնը անել վիճակի մատնուելու շուրջ համոզում մը գոյացած է հասարակութեան մօտ: Որքանո՞վ ճիշդ է այս մէկը:

ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԷՔՃԵԱՆ- Ընտրութիւնը անպայմա՛ն պիտի կատարուի: Այս մասին ո՛չ մէկ կասկած: Վերջապէս, մեր այս համոզումը երաշխաւորողը նոյն ինքն Հանրապետութեան նախագահն է: Ան խոստացած էր 16 Ապրիլի հանրաքուէէն ետք անձամբ զբաղիլ այս խնդիրով: Գիտեմ, որ նախագահի մը բերանէն ելած խօսքը մի՛շտ երաշխիք է: Անշուշտ որ երկրի այս հսկայ խնդիրներուն մէջ, մեր փոքրաթիւ համայնքին նիւթերը կը մնան երկրորդական գետնի վրայ:

Գալով Կարգադիր յանձնախումբի կարգ մը անդամներուն հանդէպ պետութեան ունեցած որոշ վերապահութիւններուն շուրջ տարածուած խօսքերուն, ապա նշեմ, որ պետութիւնը անձերու հետ չի զբաղիր: Արդարեւ, այս մասին մեզի հասած պաշտօնական ակնարկութիւն մըն ալ գոյութիւն չունի: Ես կը հաւատամ, որ պետութիւնը իր լրջապահութեան մէջ, ի՛նչ ըսել կ՛ուզէ՝ կ՛ըսէ ուղղակիօրէն, այլ ոչ թէ կարգ մը անձերու միջնորդութեամբ: Եթէ մինչեւ 9 Հոկտեմբեր մեր ակնկալած պատասխանը չստացուի, ապա ըլլալիքը պա՛րզ է. կրկի՛ն կը դիմենք պետութեան:

 

miran.manukyan@gmail.com

 


comments

Advertisement