Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Սկիզբի Տարիները

By Asbarez | Friday, 27 October 2017

ՀՐԱՅՐ ԱՒԵՏԵԱՆ

 

666666

Այս տարի Ճեմարանի 70ամեակն է։ Ես, իբրեւ նախկին ուսանող, յաճախ կը մտածեմ Ճեմարանի մէջ անցուցած տարիներուս մասին։ Տարիներու ընթացքին դիզուած յուշերը շարժապատկերի պէս կու գան, կ՛անցնին աչքերուս առջեւէն, երբեմն՝ կանգ առնելով եւ զիս մղելով յաւելեալ խոհերու մէջ։

Ստորեւ կ՛ուզեմ անդրադառնալ այս յուշերէն քանի մը հատին։ Անոնցմէ մին արդէն լոյս տեսած է <<Ասպարէզ>>ի մէջ։ Նորէն կ՛ուզեմ ներփակել զայն այս յօդուածին մէջ, իր հարազատ բնագիրով, ամբողջական պատկեր մը ներկայացնելու միտումով։

1947ի ամառն էր։ Դպրոցները փակուած էին եւ ամրան արձակուրդները սկսած։ Դաս սորվելու եւ պարտականութիւն պատրաստելու մտահոգութիւնները վերացած էին։ Անոնց տեղը գրաւած էին խաղերը եւ պատանեկան զբաղումները։

Այսպէս, ժամանակը կ՛անցնէր առանց հետք ձգելու։ Ատեն մը վերջ սկսած էի նկատելու, որ օրերը կը կարճնային եւ երեկոները զով մթնոլորտ մը կը ստեղծէին, ինչ որ շատ հաճելի էր կէսօրուան տաքերէն ետք։ Այս բոլորը կը նշանակէր, թէ Հոկտեմբեր ամիսը կը մօտենար եւ անշուշտ անոր հետ կը մօտենային նաեւ դպրոցական վերամուտները։

Թաղի պատանիներէն անոնք, որոնք նախակրթարան չէին աւարտած, հարց չունէին։ Անոնք կը վերադառնային իրենց դպրոցները եւ կը շարունակէին իրենց դասընթացքները։ Բայց անոնք, որոնք նախակրթարան աւարտած էին (ներառեալ ես), անոնք հարց մը ունէին լուծելիք։ Քաղաքին մէջ կային օտար երկրորդական վարժարաններ, բայց հոն յաճախելը մեր կարելիութեան սահմաններէն դուրս էր։ Ուրեմն՝ կը մնար ուրիշ մէկ այլընտրանք։ Այդ ալ՝ արհեստի ասպարէզ մտնելն էր։ Բայց ի՞նչ արհեստ։ Տղոցմէ մին կ՛ըսէր, որ հայրը ունի բարեկամ մը, որ օդոյի նորոգութեամբ կը զբաղի, խանո՛ւթ ունի։ Ան հոն պիտի երթար աշխատելու։ Մէկ ուրիշը կ՛ուզէր կահկարասի շինող վարպետի մը քով աշխատիլ։ Եւ այդպէս, կարծես ամէն մէկը ընտրութիւն մը ունէր՝ բացի ինծմէ։ Հայրս մեքենավար էր եւ չունէր այդպիսի ծանօթներ, որոնց մօտ կրնայի աշխատանքի սկսիլ։ Լման անորոշ վիճակի մէջ կը գտնուէի։

Օրերը այսպէս կ՛անցնէին։ Պաղերու կողքին կային մտահոգութիւններ, որոնք լուծում չունէին։

Ուրբաթ օր մըն էր։ Խաղերէն վերջ, այս մտածումները ուսիս շալկած տուն ուղղուեցայ։ Հայրս տակաւին գործէն չէր վերադարձած։ Մայրս ինծի ըսաւ, թէ նոր դպրոց մը կը բացուի։ Անունը Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան է։ Հալէպի Հայ ուսանողական միութիւնը կրթաթոշակ պիտի տրամադրէ ինծի, եթէ ուզեմ հոն յաճախել։ Եթէ ընդունիմ՝ պէտք է Երկուշաբթի օր երթամ եւ արձանագրուիմ։ Արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան Հայկազեան Ազգ. վարժարանը, Ճեմարանի տեսչութեան տրամադրուած առժամեայ կեդրոնին մէջ։

Վայրկեանի մը համար մտահոգութիւններս վերացան։ Այլեւս արհեստի մը մէջ գործի սկսելու կարիք չկար։ Բայց նոր մտածումներ տեղ գրաւեցին միտքիս մէջ։ Ի՞նչ է այս դպրոցը։ Ո՞վ են հիմնադիրները, եւ այլն։

Երկար մտածելէ ետք որոշեցի ընդունիլ Ճեմարան յաճախելու հրաւէրը։ Երկրորդական ուսում ստանալը առաւելութիւն մըն էր կեանքի մէջ յաջողելու համար։ Երկուշաբթի օր, Հոկտեմբերի առաջին շաբաթը, ներկայացայ Ճեմարանի տեսչութեան կեդրոն, Հայկազեան վարժարանին մէջ, արձանագրուելու համար։ Արձանագրութեան գործողութիւններէն ետք ըսուեցաւ, որ Ճեմարանի մէջ դպրոցական համալիրի վերաշինութիւնները չէին աւարտած տակաւին, ուստի՝ դասընթացքները պիտի սկսին յաջորդ Երկուշաբթի, Հայկազեանի շրջափակին մէջ։

Յաջորդ Երկուշաբթի (թուականը ծանօթ չէ) ներկայացայ Հայկազեան վարժարան, ըստ մեզի տրուած հրահանգին։ Հայկազեանի տնօրէնութիւնը մեզի տրամադրած էր վարժարանին ուսուցչարանը։ Փոքր բարեփոխումներ եղած էին հոն։ Գրասեղաններ զետեղուած էին։ Մէկ անկիւնը, դռնէն հեռու, եռոտանիի մը վրայ դրուած էր պզտիկ գրատախտակ մը։ Ընդհանուր առմամբ՝ սենեակին նկարագիրը չէր փոխուած։ Պատէն կախուած նկարները եւ գեղազարդերը կը մնային հոն։ Հոն կը մնային նաեւ պատուհաններու վարագոյրները։

1028jemaran1

30ի մօտ աշակերտներ կային դասարանին մէջ, եկած զանազան դպրոցներէ, ինչպիսին են՝ Հայկազեան, Կիւլպէնկեան, Սահակեան, Կրթասիրաց եւ Զաւարեան։ Բոլորս ալ անծանօթ էինք իրարու։ Մեր դասարանի մնայուն դաստիարակ ուսուցչուհին տիկին Գոհար Թէօլէօլեանն էր։ Շատ ազնիւ, բարեացակամ տիկին մըն էր։ Յարգանքով եւ համբերութեամբ կը վարուէր բոլորին հետ։ Յանդիմանութիւն չէր ըներ։ Նուրբ ձեւով դիտողութիւն կ՛ընէր եւ կը պահանջէր, որ նոյն սխալը անգամ մըն ալ չկրկնուի։ Տիկին Գոհարը կը դասաւանդէր նիւթերուն մեծամասնութիւինը։ Ունէինք նաեւ այցելու ուսուցիչներ։

Շուրջ երկու շաբաթ Հայկազեանի մէջ անցնելէ ետք, Ուրբաթ օր մը, կէսօրէն ետք, մեզի ըսուեցաւ, որ մեր կեցութիւնը հոս իր աւարտին հասած է։ Երկուշաբթի օր պէտք է ներկայանանք Նոր Գիւղի Ճեմարանը։ Դպրոցական համալիրի վերաշինութիւնները աւարտած էին։ Երկուշաբթի օր ներկայացայ Ճեմարան։ Շատ մեծ տարածք մըն էր։ Կար խոշոր հողապատ բակ մը՝ շրջապատուած միայարկեայ տաղաւարներով։ Անոնցմէ մէկը վերաշինուած էր եւ վերածուած երկու դասարաններու։ Տարածքը փողոցէն բաժնուած էր քարաշէն պատով մը։ Պատին մէջտեղի մասը, բակի կեդրոնին առնչութեամբ, կար հսկայ երկաթեայ դարպաս մը՝ երկու փեղկերով։ Դարպասին մօտ կը գտնուէր ուրիշ դուռ մը, որ կը գործածուէր առօրեայ մուտքի եւ ելքի համար։ Դարպասը միայն կը գործածուէր ինքնաշարժներու մուտքին համար։ Ըստ մեզի տրուած տեղեկութեանց՝ այս տաղաւարները շինուած էին անցեալին, մեծասիրտ բարերար Քարէն Եփփէի կողմէ, հոն պատսպարելու համար գաղթականութենէն ազատած ու փրկուած այրիները։ Անոր համար, տարածքը կոչուած էր Այրիանոց։ Հայ գաղութը արդէն իսկ շատոնց վերականգնած էր։ Այրիները մեկնած էին այնտեղէն։ Այրիանոցը փակուած էր եւ տարածքը յանձնուած էր Ազգային իշխանութեանց։

Զարեհ սրբազանը եւ իր խորհրդատուները պայծառ գաղափարը ունեցած էին այդ տարածքին վրայ հիմնելու դպրոց մը եւ զայն կոչելու Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան։ Անոնք անցեալը (Այրիանոց) փոխարինած էին ապագայո՛վ (Ճեմարան)։

Այս նկարագրութիւններէն ետք, վերադառնանք մեր առօրեային։

Այդ վերնագրուած տաղաւարի դասարաններէն մին յատկացուած էր մեզի։ Մեր դասարանը ունէր նոր գրասեղաններ, մեծ գրատախտակ մը, որ գրեթէ կը գրաւէր պատի ամբողջ տարածքը եւ, ամէնէն հետաքրքրականը՝ ունէր թիթեղեայ տանիք մը։ Ձմեռը, երբ անձրեւէր, շատ հաճելի պիտի ըլլար ունկնդրել անձրեւի տարափին ձայնը։

Մեր դասընթացքները, որոնք սկսած էին Հայկազեան վարժարանին մէջ, նոյն ձեւով կը շարունակուէին հոս։

Եղանակները կը սահէին եւ տարեշրջանը գրեթէ հասած էր իր աւարտին։ Յունիս ամիսն էր։ Ճեմարանը կը բոլորէր իր առաջին տարեշրջանը։ Հորիզոնին վրայ կ՛երեւէր յաջորդ տարեշրջանը՝ անորոշ տուեալներով։ Ուսանողներուն զգալի մէկ մասը որոշած էր չվերադառնալ։ Ոմանք պիտի յաճախէին ուրիշ դպրոցներ, իսկ ոմանք ալ պիտի անցնէին արհեստներու մարզէն ներս։

Եկաւ 1948ի վերամուտը։ Ճեմարանը տարի մը բոլորած էր։ Այս ուսումնական տարեշրջանը կը սկսէր 8րդ դասարանով։

Նախկին տարեշրջանէն միայն 7 աշակերտներ վերադարձած էին Ճեմարան։ Այս վերամուտին երկու նորութիւններ կային. Երանուհին կը միանար մեզի։ Դուրսէն դիտելով՝ տղաքը քիչ մը զարմացած էին։ Ընդհանրապէս, տղոց մտածումները դպրոցը լքելու մասին էին, եւ ահա՛ նոր յաւելում մը տեղի կ՛ունենար։ Երկրորդ նորութիւնը, որ շատ կարեւոր էր եւ մեծ դեր խաղաց Ճեմարանի ուսումնական որակին վրայ, պրն. Անդրանիկ Մելիքեանի նշանակումն էր՝ որպէս մաթեմաթիքի այցելու ուսուցիչ։ Պրն. Մելիքեան կը դասաւանդէր Ֆրանսական լիսէին մէջ եւ, ըստ երեւոյթին, ընդունած էր միանալ Ճեմարանին՝ որպէս այցելու ուսուցիչ։ Սքանչելի ուսուցիչ մըն էր ան՝ կարող, արդար եւ գործնական։ Մինչեւ հիմա կը յիշեմ զայն՝ իր դասաւանդութիւններուն ընդմէջէն։

Այս նորութիւններէն անկախ, ուսումնական կեանքը կը շարունակէր առանց մեծ պատահարներու։ Տղոցմէ ոմանք կը խօսէին ուսումնական շրջանէն ետք ուրիշ դպրոց երթալու մասին։ Ուրիշներ կը մտածէին գործնական արհեստներու մէջ մտնել, ինչպիսին են ինքնաշարժի նորոգութիւն, <<թոռնօ>>ի գործ, ատաղձագործ, եւ այլն։ Տղոցմէ մէկը շատ համոզիչ կերպով կը խօսէր ռատիոյի նորոգութեան գործին մասին։ Համաշխարհային պատերազմը վերջացած էր քանի մը տարի առաջ, 1945ին, եւ կեանքի տնտեսական վիճակը բարելաւման մէջ էր։ Ան կ՛ըսէր, թէ ռատիօն մեծ դեր ունի խաղալիք մարդոց կեանքին մէջ։ Մարդիկ պիտի ուզեն ուրիշ երկիրներու մշակոյթներուն ծանօթանալ, երաժշտութիւն մտիկ ընել, քաղաքական լուրեր լսել, եւ այլն։ Անշուշտ այս երկիրներու կարգին էր նաեւ Հայաստանը, մանաւանդ իր ժողովրդական երգերու ձայնասփիւռներով։ Չմոռնա՛նք, որ ռատիոյէն բացի ուրիշ բան չկար այդ օրերուն։

Ուրեմն, ըստ մեր ընկերոջ բացատրութեան՝ մեծ քանակով ռատիօներ պիտի ծախուէին (ինչ որ ճիշդ եղաւ վերջաւորութեան) եւ անշուշտ պէտք պիտի ըլլար, խանգարումի պարագային, դիմել ռատիօ նորոգողի։

Մեր այս ընկերը, առանց ժամանակ կորսնցնելու, սկսած էր Ֆրանսայէն նամակագրութեամբ՝ ռատիոյի նորոգութեան դասընթացքներու հետեւելու։ Շա՛տ լաւատես էր։ Այդ լաւատեսութիւնը փոխանցած էր նաեւ ինծի։

Երկրորդ տարուան ուսումնական տարեշրջանը վերջանալու մօտ էր։ Հօրս ըսի, որ կ՛ուզեմ ռատիոյի նորոգութեան ասպարէզին մէջ մտնել։ Դպրոցը վերջացաւ, եւ հայրս զիս տարաւ ռատիօ նորոգող վարպետին խանութը, հոն՝ որպէս <<չրախ>> աշխատելու։ Վարպետը հանրածանօթ էր իբրեւ ռատիօ նորոգող։

Խանութը կը գտնուէր քաղաքի լաւ թաղամասի մը մէջ, AGA ռատիօներու վաճառատան եւ <<սենտուի>>չ պատրաստող Սերոբի խանութին մօտ։ Խանութը բաւական մեծ էր։ Առջեւի մասը կը պարունակէր ռատիօներ եւ ռատիոյի վերաբերեալ կազմածներ։ Խանութի ետեւի մասը, որ առջեւէն բաժնուած էր պատով մը, կը ծառայէր որպէս աշխատանոց եւ հիւրանոց։ Այցելուներ եւ հիւրեր, որոնք կու գային վարպետը տեսնելու, կը հիւրասիրուէին այդ մասին մէջ։ Այս աշխատանոցին մէկ անկիւնը՝ բաժնուած պզտիկ վարագոյրով մը, կը գտնուէր սուրճ խմելու հատուածը։

Ուրեմն, ես սկսայ <<չրախ>>ի գործս այս խանութին մէջ։ Պարտականութիւններուս գլխաւոր մասը՝ խանութը աւլել, մաքրել, սուրճ եփել եկող այցելուներուն համար եւ իմ ազատ ժամանակին, եթէ մնար, հետեւիլ վարպետի օգնականին՝ <<խալֆէ>>ին, կատարած ռատիոյի նորոգութիւններուն։ Վարպետը անձամբ շատ քիչ նորոգութիւն կ՛ընէր եւ սակաւախօս էր։ Կարելի չէր հարցում հարցնել։ Մեզի հետ գործածած բառամթերքը շատ սահմանափակ էր. <<գնա՛>>, <<եկո՛ւր>>, <<տա՛ր>>, <<բե՛ր>>, <<սուրճ եփէ՛>>, եւ այլն։

Բարեբախտաբար, <<խալֆէ>>ն շատ բարի, ազնիւ մարդ մըն էր։ Առիթ կու տար, որ սորվիմ եւ հարցում հարցնեմ։ Արհեստը սորվելու միակ ճամբան <<խալֆէ>>ին հետեւիլն էր։

Ժամանակը այսպէս կ՛անցնէր։ Ռատիոյի առնչութեամբ գիտելիքներս կը զարգանային օր ըստ օրէ եւ ինծի առիթ կու տային միտքիս մէջ երազային վիճակներ կառուցելու՝ ապագայի առնչութեամբ: Օրինակ՝ յաջող վարպետ մը ըլլալ, դառնալ հանրածանօթ, խանութ ունենալ, եւ այլն:

Այս վիճակը սակայն շատ չտեւեց: Օր մըն ալ յանկարծ խանութի դռնէն, իր պատկառելի հանգամանքով ներս մտաւ Զարեհ սրբազանը (կաթողիկոս չէր տակաւին): Անմիջապէս առաջնորդուեցաւ այցելութեան սենեակ: Զիս տեսնելով՝ հարցուց. <<Հրա՛յր, ի՞նչ կ՛ընես հոս>>։ Հազիւ լսելի ձայնով մը պատասխանեցի. <<Հոս կ՛աշխատիմ>>: Վարպետը քիչ մը զարմացած հարցուց. <<Սրբազա՛ն, ուրկէ՞ կը ճանչնաք Հրայրը>>: Սրբազանը պատասխանեց. <<Հրայրը մեր լաւագոյն աշակերտներէն է. զինք Պաքալորէայի պիտի պատրաստենք>>։

Սրբազանը մեզի գրաբար կը դասաւանդէր: Անկէ ծանօթ էր ինծի:

Սրբազանին այցելութիւնը զիս մեծ զարմանքի մէջ դրաւ: Կը փորձէի հասարակաց գետին մը գտնել սրբազանին եւ վարպետին միջեւ: Չկա՛ր: Սրբազանը ազգային անձնաւորութիւն, Ազգային իշխանութեան գլուխ, ազգային հարցերով զբաղող, իսկ վարպետը՝ իմ անկիւնէս դիտուած, որեւէ ազգային հարցերով չէր զբաղեր:

Վարպետին այցելուները գլխաւորաբար արաբ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, փաստաբաններ ու դատաւորներ էին: Ունէր քանի մը հատ հայ այցելուներ, որոնք գործատէրեր էին: Անոնց եւ վարպետին խօսակցութիւնը յաճախ գործի մասին էր:

Ես ինծի սկսայ մտածելու. երբ խօսակցութիւնը սկսի սրբազանին եւ վարպետին միջեւ, յայտնի կ՛ըլլայ, թէ սրբազանը ինչո՛ւ եկած է: Բայց ատիկա տեղի չունեցաւ: Կէսօրուան մօտ էր: Սուրճը հրամցնելէս ետք, վարպետը ինծի ըսաւ. <<Ճաշի գնա՛. չուշանաս ետ գալու>>: Այս ձեւով, բնաւ կարելի չեղաւ այդ հանելուկը լուծել:

Սրբազանին Պաքալորէայի մասին ըրած արտայայտութիւնը զիս մտածումներու մղեց: Պաքալորէայի մասին նման արտայայտութիւններ լսած էի անցած երկու տարիներուն ընթացքին: Սակայն անոնք որեւէ տպաւորութիւն չէին ձգած վրաս: Դպրոցին վիճակը յայտնի էր: Երկու տարի անցած էր եւ ոչինչ կար շօշափելի: Պաքալորէան անհասանելի հեռանկար մը էր: Բայց այս արտայայտութիւնը՝ Պաքալորէայի մասին, կու գար սրբազանին կողմէ. առ այդ, մե՛ծ կշիռք ունէր: Սրբազանը Ազգային իշխանութեան գլուխն էր, Ճեմարանի գլխաւոր հիմնադիրն էր եւ իր ըսածները կարելի չէր անտեսել:

Ռատիոյի առնչութեամբ միտքիս մէջ կազմուած երազային վիճակները յարձակումի ենթարկուած էին սրբազանի խօսքերէն: Լուրջ տագնապ մը ստեղծուած էր. Ռատիօ՞, թէ Պաքալորէա: Ռատիոյի գործին ընթացքը վերիվարոյ յայտնի էր: Բայց Պաքալորէայի պատրաստութեան հարցը, հակառակ սրբազանին արտայայտութեան, տակաւին յստակ ոչի՛նչ ունէր:

Օրերը կ՛անցնէին, ամառը վերջանալու մօտ էր: Պէտք էր որոշէի՝ դպրոց պիտի վերադառնա՞մ, թէ պիտի մնամ ռատիոյի խանութը: Պատանիի մը համար այս հոգեկան վիճակը շատ ծանր էր: Չէի ուզեր ոեւէ մէկուն հետ խօսիլ այս մասին: Անիմաստ կը գտնէի:

Երկար մտածումներէ եւ տատամսումներէ ետք որոշեցի վերադառնալ Ճեմարան, իբրեւ 9րդ դասարանի աշակերտ: Որոշումիս օգնող հանգամանքը այն էր, որ եթէ Ճեմարանի վիճակը լաւ չընթանայ, տարի մը ետք կրնամ ետ երթալ ռատիոյ գործին:

1949ի վերամուտը սկսաւ: Կային նորութիւններ, որոնք բոլորովին աննախատեսելի էին: Հալէպի Ֆրանսական լիսէյի Պաքալորէայի ուսուցիչները եկած էին Ճեմարան, որպէս այցելու ուսուցիչներ: Այն, ինչ Ֆրանսական լիսէն ունէր, հիմա ճեմարանն ալ ունէր:

Սրբազանին արտայայտութիւնը՝ Պաքալորէայի պատրաստութեան առնչութեամբ, ճի՛շդ էր: Մեզի՝ աշակերտներուս, կը մնար աշխատիլ: Ուրեմն, ըստ քաղուած տեղեկութիւններուն, Ճեմարանի խնամակալութիւնը, գլխաւորութեամբ սրբազան հօր, որոշում տուած էր Ֆրանսական լիսէյի ուսուցիչները հրաւիրել Ճեմարան, որպէս այցելու ուսուցիչներ: Պրն. Ս. Ինճէյեանին յանձնառութիւն տրուած էր այս հարցով զբաղիլ: Պրն. Ս. Ինճէյեան շատ լաւ ֆրանսերէն գիտէր եւ յաջողութեամբ պսակած էր այս առաքելութիւնը:

Վերը յիշուած նորութիւններուն կարգին, կային նաեւ ուրիշ երեւոյթներ մեր առօրեայ ճեմարանական կեանքին մէջ: Դարպասի քովի դրան յարակից կար տնակ մը՝ յատկացուած Ճեմարանի պահակին: Ան հոն կը բնակէր: Մեծ դեր մը չունէր: Գլխաւոր պարտականութիւնը դրան մուտքին եւ ելքին հսկելն էր: Ան շատ տարիներ առաջ, երբ տակաւին ֆրանսական բանակը Սուրիա կը գտնուէր, ծառայած էր այդ բանակին մէջ: Իր ծառայութիւնը վաղուց վերջ գտած էր, սակայն ան կը կարծէր, թէ տակաւին զինուոր էր: Մաշած համազգեստը հագած, քրտինքի հետքերը կրող գլխարկը գլխուն՝ կը զբօսնէր բակին մէջ, իր տնակէն ոչ շատ հեռու: Պատմութեան հին էջերէն դուրս եկած էակի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր: Ինքն իրեն պաշտօն տուած էր՝ հսկել բակի կարգ-կանոնին:

Օր մը, երբ սրբազանը Ճեմարան կը գտնուէր, ան կը նշմարէ, որ կարգ մը տղաք զբօսանքի պահուն վիճաբանութեան մէջ են եւ զիրար կը հրմշտկեն: Կը մօտենայ անոնց եւ յանդիմանական ձեւով կ՛ըսէ. <<Չօճուխնե՛ր, առաջնորդարանը հոսէ իքեն, ռազալաթ մը չհանէք>>:

Նկատած էինք, որ սրբազանը սովորութիւն ըրած էր ամէն Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 9ին Ճեմարան այցելել: Սրբազանին ինքնաշարժը երբ մօտենար դարպասին, վարորդը՝ պրն. Յակոբը, փողի հնչումով մը կ՛ազդարարէր, թէ ինքնաշարժը դարպաասին առջեւ է: Պահակը անմիջապէս կը մօտենար դարպասին եւ անոր փեղկերը կը բանար:

Ծխնիներու ճզճզոցը բակը ամբողջ կը լեցնէր: Անիկա կը սպասէր մուտքին եւ պաշտօնական զինուորական բարեւի կը կենար, երբ ինքնաշարժը ներս մտնէր: Նոյնպէս նկատած էինք, որ սրբազանի Ճեմարան այցելութեան համատեղ, պրն. Ս. Ինճէյեան գրեթէ նոյն ժամանակ Ճեմարան կը ժամանէր: Պրն. Ս. Ինճէյեան կայարանի հաստատութեան մէջ կ՛աշխատէր եւ առ այդ՝ Ուրբաթ օրերը ազատ էր: Ժամանակ կ՛անցընէր սրբազանին հետ, Ճեմարանին մէջ: Մեր ենթադրութեամբ, անոնք հաւանաբար դպրոցի ուսումնական վիճակը կը քննէին:

Մեր խօսակցութիւնները գաղտնի պահելու միտումով, ուրիշներու ներկայութեան պարագային ստեղծած էինք ծածկանուններ: Սրբազանը, իր ինքնաշարժը եւ վարորդը, բոլորը միասին կոչած էինք <<Շարժուն Առաջնորդարան>>։ Պրն. Ս. Ինճէյեանը կոչած էինք <<Պրն. Ուրբա>>չ։ Այս ձեւով, մեր խօսակցութիւնները կը մնային անթափանց:

1952ի վերամուտն էր: Տարիները սահած անցած էին եւ Ճեմարանը հասած էր իր վերջին տարեշրջանին: Գնացքը սկսած էր անորոշութեամբ, անցած էր տագնապալի շրջանը եւ կը վերջանար լաւատեսութեամբ: 1953ի Յունիսին, Ճեմարանը տուաւ իր առաջին հունձքը՝ հինգ շրջանաւարտներով:

70 տարիներ անցած են Ճեմարանի հիմնումէն: Հիմնադիրները, գործօն անդամները, օժանդակ մարմինները, բոլո՛րն ալ մեկնած են: Սակայն անոնք իրենց ետին ձգած են իրենց հետքերը, յուշերը եւ դրոշմը: Անոնց աշխատանքին ֆիզիքական յիշեցումը կանգնած է հո՛ն. Ճեմարա՛նը:

Յիշատակն արդարոց, օրհնութեամբ եղիցի:

 



comments

Advertisement