Հին Զինուորները Երբեք Չեն Մահանար

By Asbarez | Saturday, 04 November 2017

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

 

1104garosassouni

…Իր մահը դեռ անհաւատալի կը թուի ինծի: Ես զինք իր մահուան անկողնին մէջ տեսած ըլլալու տպաւորութիւնը երբեք չունեցայ: Երբեմն կը կորսընցնէր իր յիշողութիւնը, իսկ երբ մտքերը կը պայծառանային, կը սկսէր հեգնել ինքզինք դժուար քակուող յիշողութեան համար: Դիւցազնավէպին պարզուկ հերոսներուն պէս, ան մտաւ մեր յուզաշխարհէն ներս եւ հոն մնաց, ողջ եւ առողջ եւ մշտապէս կենդանի: Պատերազմի կրակներուն մէջէն ծնած խօսք մը կայ, որ ես յաճախ կը յիշեմ: Ծեր զինուորները երբեք չեն մեռնիր. անոնք պարզապէս կ՛անհետանան…եւ կ՛ապրի՛ն:

Հիմա յաճախ Պահրէյնէն ճամբայ ելլող թռիչքը զիս կը մխրճէ մեր հայրենի լեռնաշխարհը: Ան զիս կը բերէ Եփրատի եւ Տիգրիսի գետաբերանէն, կը հանէ վեր եւ մենք մեզ կը գտնենք հսկայ քարաժխորներու ամայութեանը մէջ: Ուրիշ անգամ Թեհրանէն ճամբայ ելլելով ես կը կտրեմ Ուրմիոյ Լիճը ու կը դիմեմ դէպի Արեւմուտք: Ի վերջոյ մենք պիտի հասնինք Բզնունեաց Ծով եւ ես պիտի վերագտնեմ անոր կապոյտ հրաշքը: Հեռուէն կարելի է ճանչնալ Սիփանը. կարելի է ճանչնալ Նեմրութի զանգուածը իր մօտակայ լճակով. երբեմն բախտաւոր կ՛ըլլաս եւ հեռուն, աջին, նոյնիսկ կը տեսնես Մասիսի գագաթները եւ աւելի մօտ՝ Թոնդուրեկը: Շուտով, ձախիդ, Հայկական Տաւրոսի ամենէն անառիկ հանգոյցին վրայ Սասնոյ ահարկու լեռներն են: Անոնք այնքան մօտն են պատուհանիդ եւ այնքան լուռ: Անոնցմէ մէկնումէկը երեւի Ծովասարը պիտի ըլլայ… Ես կը նմանիմ մանր ու անխօս ձուկին, որ ծուարած է արուեստական ձկնաւազանի ապակիներուն ետեւ եւ ապշանքով կը դիտէ իր շուրջի այս անիրական տիեզերքը: Շուտով Ծոփաց Աշխարհն ալ պիտի կտրենք, պիտի անցնինք Արածանին եւ Ծովքի փափուկ ջրաբաժակը և անկէ ետք վերջ կը գտնէ մեր երկիրը: Անկէ ետք, բերրի ու կանաչ դաշտերն են մինչեւ Միջերկրական:

1104garosasouni

Եւրոպայի օդային տարածութիւնը պիտի արթնցնէ զիս իմ թմբիրէս եւ ես վերստին պիտի դառնամ այս մոլորակի անազգ բնակչութեան գործօն մէկ շաղկապը: Շուտով Լոնտոնի օդակայանին ժխորն է, որ պիտի շրջապատէ զիս: Շուտով ես վերստին մտած պիտի ըլլամ սառն քաղաքակրթութեան մէջ: Ոչ ոք պիտի գիտնայ, թէ ես տեսայ մեր լեռները. ոչ ոք պիտի հասկնայ, թէ իմ աչքերս տեսան ծնընդավայրը:

Տարիներ շարունակ, ամպիոնէն մեզի խօսող ուսուցիչը իր աչքերուն մէջ պտըտցուց այս լեռնագագաթներուն առեղծուածը… Ո՛չ, իսկապէս մենք չենք գիտցած, թէ ինչպէս կրցած է ապրիլ ան:

 

ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ (հատուած)

Լոնտոն, 1979


comments

Advertisement