Պաշտպանութեան Վարդապետութիւն

By Asbarez | Friday, 10 November 2017

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

 

Apo-Photo2-300x228 (2)

Պատերազմի մէջ գտնուող երկիր մը չի կրնար իր պաշտպանական ուժը սոսկ ռազմական տեսանկիւնէ գնահատել: Մեր հայրենիքի պայմաններուն մէջ գտնուող երկիրի մը ղեկավարները պարտաւոր են զինուորագրուիլ պաշտպանութեան վարդապետութեան մը, որ նկատի կ՛առնէ ազգի ամբողջական ներուժի օգտագործումը:

Ազգի ամբողջական ներուժին տիրապետելու համար, իշխանութեան գլուխ կանգնողները պարտաւոր են երկրին մէջ ստեղծել բարոյահոգեբանական այնպիսի՛ մթնոլորտ մը, որ հայրենիքի պաշտպանութեան գործը դառնայ բոլո՛ր քաղաքացիներուն, բոլո՛ր հայերուն մտասեւեռումը: Ժամանակին նման մթնոլորտի մը ստեղծումը մեր երկրի ժողովրդագրական ճգնաժամին առաջքը կրնար առնել, եւ այս տարկէտումները վերացնելու անհրաժեշտութիւնը հաւանաբար չէր զգացուեր:

Հիմա, դժբախտաբա՛ր, այդ մթնոլորտը մեր ցանկութեան չի համապատասխաներ: Այդ անհամապատասխանութիւնը գլխաւոր յանցաւորն է Հայաստանի ուսանողութեան ընդվզումին՝ ուսման շարունակականութիւնը պարտադիր զինուորական ծառայութեամբ ընդմիջելուն դէմ, այսպէս կոչուած՝ տարկէտման իրաւունքի վերացման առիթով դրսեւորուած:

Եթէ Հայաստանի իշխանաւորները գիտակցին եւ կտրուկ մերժումներու փոխարէն իրական լուծումներ գտնելու տրամադրութիւն ցոյց տան, ապա թերեւս կարելի ըլլայ երկրին մէջ նոր սկիզբի մը յոյսը ունենալ: Ուսանողներու եւ կառավարութեան ղեկավարներուն միջեւ ողջունելի երկխօսութիւնը, որ արդէն սկսած է, եւ յուսանք, որ կը շարունակուի, լաւատեսութեան հիմք կրնայ դառնալ բարւոք լուծման մը յանգելու ուղղութեամբ:

Այս պահուն, ուսանողներու հայրենասիրութիւնը կասկածի տակ առնելու որեւէ մօտեցում, պարզապէս անընդունելի՛ պէտք է ըլլայ: Հայրենասիրութիւն քարոզողները պէտք է հայրենիքը բարգաւաճ ու հզօր պահելու իրենց գործով չափեն ուսանողներուն հայրենասիրութիւնը գնահատելու իրաւունքը:


comments

Advertisement