Ի՞նչ Պիտի Ըլլան Վարչապետ Հարիրիի Յաջորդ Քայլերը Լիբանանի Մէջ

By Asbarez | Tuesday, 21 November 2017

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

 

Լիբանանցիներուն համար յանկարծակի եւ անհաւատալի էր վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը Նոյեմբեր 4ին: Շատեր ըսին, որ վարչապետը արգելափակուած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ, ուրիշներ ըսին, որ ան ստիպուած էր հրաժարիլ. չեմ ուզեր մտնել դաւադրութեան տեսութեան մէջ եւ գուշակութիւններ ընել, սակայն կան որոշ հարցադրումներ, զորս պէտք է բարձրացնել եւ քննարկել:

Հարիրիի հրաժարականի նամակին մէջ գործածուած ոճը երբեք չէր նմաներ մեր գիտցած հանդարտ խօսող վարչապետի չափաւորական ոճին, որուն միշտ ալ վարչապետ Հարիրի վարժեցուցած էր մեզ: Շատ յստակ էր, որ երբ վարչապետ Հարիրի իր հրաժարականը կարդալու ընթացքին յայտարարեց, որ պիտի «կտրէ իրանական թափանցումի ձեռքերը արաբական աշխարհին մէջ», այդ տողը իր կարծիքը չէր արտայայտեր, նոյնիսկ երբ ինք քաղաքական հակասութեան մէջ է Հըզպալլայի եւ Իրանի հետ:

Լուրեր տարածուեցան, որ Սէուտական Արաբիա կը նախընտրէ, որ անոր երէց եղբայրը՝ Պահա Հարիրին փոխարինէ Սաատ Հարիրին: Ասիկա զարմանալի չէր, որովհետեւ արդարադատութեան նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆին եւ Հարիրիի մօտիկ անձեր, ինչպէս՝ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, Ռըտուան Սայետը եւ Ահմետ Ֆաթֆաթը պնդեցին, որ Հարիրիի հրաժարականը վերջնական է: Այս դժուար պահուն Հարիրիի կողքին կանգնած միակ սիւննի ղեկավարը ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքն էր:

 

1121saadhariri

Սաատ Հարիրի

Վարչապետ Հարիրի լրագրող Փոլա Եագուպեանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ որոշ կէտերու, որոնց վրայ կարեւոր է կանգ առնել: Նախ ան փորձեց չգործածել «հրաժարում» բառը եւ պատասխանելով Եագուպեանի հարցումին‘ ըսաւ. «Այո՛, գիտեմ, որ սահմանադրական չէ, եւ երբ վերադառնամ Լիբանան, միջոցառումներու պիտի դիմեմ եւ նախագահին հետ երկխօսութիւն ունենամ»: Աւելի՛ն. երբ Եագուպեան հարցուց անոր ընտանիքին մասին, Հարիրի պատասխանեց. «Այո՛, մտահոգ եմ ընտանիքիս համար», ապա երբ հարցուց, թէ ընտանիքը իրեն հետ Ռիատի մէ՞ջ է, Հարիրի քանի մը երկվայրկեան ետք «այո» ըսաւ եւ ամէն անգամ, որ նեղի կը մատնուէր, կ՛ըսէր‘ «Փոլա՛, յոգնեցուցիր»:

Հըզպալլայի համար այս ներկայ կացութեան մէջ շատ դժուար է վարչապետութեան սիւննի թեկնածու մը գտնել, որովհետեւ նախ այս քայլը կրնայ բախումի տանիլ սիւննի եւ շիի համայնքները. առաւել, մինչեւ օրս ոեւէ սիւննի ղեկավար իր պատրաստականութիւնը չյայտնեց վարչապետի թեկնածու ըլլալու: Միեւնոյն ժամանակ, Հըզպալլայի համար Սաատ Հարիրին կը ներկայացնէ չափաւորական սիւննի խաւը, եւ այս պատճառով ալ կուսակցութեան շահերէն չի բխիր կորսնցնել զայն: Միւս կողմէ, Հարիրի գիտնալով այս իրողութիւնը՝ քաղաքական զիջումներ պիտի պահանջէ Հըզպալլայէն: 2016ին Աունի թեկնածութեան զօրակցելով‘ Հարիրի կորսնցուց իր ժողովրդականութիւնը սիւննի համայնքին մէջ, եւ 2015ին քաղաքապետական ընտրութիւնները ահազանգ հնչեցուցին Թրիփոլիի մէջ, իսկ Պէյրութի մէջ Ֆուատ Մախզումիի վերելքը ա՛լ աւելի կրնայ վտանգել հարիրիականութիւնը երկրին մէջ, այս պատճառով ալ Հարիրիին համար կարեւոր է, որ իր համակիրներուն, մասնաւորապէս սիւննիներուն առջեւ ներկայանայ իբրեւ միակ սիւննի ղեկավարը, որ կրնայ ուժ բանեցնել Հըզպալլայի վրայ: Հարիրին իր վերջին հարցազրոյցին ընթացքին բացայայտօրէն խոստովանեցաւ, որ ինք իր ժողովրդականութիւնը կորսնցուցած է, ամէն անգամ ինք կը զիջի, եւ կարգը ուրիշներուն պիտի գայ:

Կը կարծեմ, որ այս խնդիրին մէջ նախագահ Միշել Աուն մեծ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ: Շատ յստակ էր արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլին յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան ըսաւ, որ նախագահ Աուն պիտի փորձէ ամէն ջանք ի գործ դնել անկեղծ երկխօսութիւն վարելու վարչապետին հետ: Առաւել, Մարտ 8ի ուժերը բոլորը զօրակցութիւն յայտնեցին Հարիրիի վերադարձին, իսկ իմ կարծիքովս, Հարիրի կը վերադառնայ այն ժամանակ միայն, երբ Հըզպալլա իր պատրաստակամութիւնը ցոյց տայ գոնէ Եմէնի խնդիրին մէջ զիջելու, հաշիւ ընելով, որ սուրիական հարցը գրեթէ վերջացած է:

comments

Advertisement