Ճգնաժամերը Յաղթահարելու Կամք

By Asbarez | Thursday, 23 November 2017

 

1124liban


Լիբանանի քաղաքական ղեկավարութիւնը թոյլ չտուաւ երկիրը դարձնել օտար ուժերու խաղալիք՝ նախանձելի կամքի ու հասունութեան դրսեւորումով, լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը թիկունք կանգնեցան նախագահ Միշել Աունի որդեգրած քաղաքական գիծին ու որոշումներուն եւ ճգնաժամը դիմագրաւելու բոլոր նախապայմանները ապահովեցին:

Այս առթիւ կը շնորհաւորենք Նոյեմբեր 22ի Լիբանանեան անկախութեան տօնը եւ կը ներկայացնենք Պէյրութի մեր պաշտօնակից <<Ազդակ>>ի խմբագրականը՝ <<Անկախութեան Եւ Գերիշխանութեան Խորհուրդով‘ Ճգնաժամերը Յաղթահարելու Կամքը>> վերնագիրով:

 

Լիբանանի հերթական անկախութեան տօնը այս տարի բոլոր նախադրեալներն ու պատճառները ունէր արժանավայել շուքով եւ համարժէք տարողութեամբ նշուելու: Երկիրը երկար ոդիսականներէ ետք վերադարձած էր բնականոն ընթացակարգային հուն  եւ ըստ այնմ նաեւ կ՛իրականացնէր անընդհատ ձգձգուող, յամեցող, սառեցուած թնճուկներու քայլ առ քայլ լուծումը:

Իսլամական պետութեան շիջումին անմիջապէս կը յաջորդէր տարածաշրջանային մակարդակով քաղաքական նոր ճգնաժամի հասունացումը, երբ Ռիատը շեշտակիօրէն նոր սրութիւն կու տար հակաիրանեան հռետորաբանութեան: Բնականաբար առաջին ազդուող միջավայրը լիբանանեան քաղաքական բեմն էր:

Վարչապետի յանկարծակի հրաժարականի յետցնցումային փուլին մէջ Լիբանան կը  նշէ իր անկախութիւնը: Անկախութեան տօնը որոշ խորհուրդներով կը շաղկապուի լիբանանեան քաղաքական եւ հասարակական բեմերու վրայ վերջերս յայտնուող այն դրսեւորումներուն, որոնք կը շեշտեն վարչապետի պաշտօնի վերստանձնման հրամայականը:

Այստեղ արդէն հազուադէպօրէն նոյնացած են թէ՛ պետական ամէնէն բարձր օղակներու, թէ՛ քաղաքական դաշտը բաղկացնող հոսանքներու եւ թէ հասարակութեան պահանջները, որովհետեւ խնդիրը վարչապետի անձէն շատ աւելի, կը վերաբերի այս երկրի գերիշխանութենէն չզիջելու ինչպէս անհատ-քաղաքացիի, այնպէս նաեւ պետական պատասխանատուի սկզբունքային կեցուածքներուն:

Վարչապետի վերադարձի եւ պաշտօնի վերստանձնման պետական-քաղաքացիական պահանջները եթէ մէկ կողմէ ուրեմն, անկախ պետականութիւն պահպանելու կը միտին, միւս կողմէ Լիբանանի քաղաքացիին անկախ մտածելու եւ անկախ ապրելու պահանջներէն կը բխին:

Այստեղ դարձեալ երկրորդական կարգ մղուած են համայնքային հատուածայնութիւնը կամ քաղաքական ճամբարներու պատկանելիութեամբ ձեւաւորուած տարբերութիւնները:

Հարցը հիմնականին մէջ կը վերաբերի գերիշխանութեան, անկախութեան եւ ազատ մտածելու, գործելու, արարելու համալիբանանեան մտածողութեան կայացման:

Հետեւաբար նաեւ այս սկզբունքային առաջադրանքներով պէտք է բացատրել համակողմանի այն երեւոյթը, որ մերժելով կը մերժէ հերթական անգամ Լիբանանին հրամցուող նոր թէժացումներու, նոր պառակտումներու, նոր առճակատումներու եւ անոր բեւեռացումներով քաղաքական անդամալոյծ իրավիճակ ստեղծելու այլոց ծրագիրներուն մէջ ներքաշուիլը:

Ա՛յս հրամայական վարքագիծը, որ տասնամեակներէ ի վեր կը յատկանշէր լիբանանահայ գաղութին եւ անոր առանցքային դերակատար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութեան վարքագիծը, կը թուի, որ համալիբանանեան տարազ ստացած է այսօր: Բոլորը սկսած են օգտագործելու եւ կիրարկելու լիբանանահայութեան վարքագիծը, հարցերը միայն քաղաքական երկխօսութեան սեղանի շուրջ լուծելու անհրաժեշտութիւնը, լիբանանեան գերիշխանութեան պաշտպանութեան համար արտալիբանանեան կեդրոններէ ուղղութիւններ չստանալու հրամայականը, նոր հրդեհներու  բռնկումներու համար կայծի դերակատարութիւն չստանձնելը: Դաշնակցութեան օգտագործած բառապաշարը, յայտարարած քաղաքական վարքագիծը այս պահու դրութեամբ որդեգրուած է բոլորին կողմէ:

Ճգնաժամ կայ. ճգնաժամ կը պարտադրուի Լիբանանին: Անոր դիմաց սակայն կա՛յ, զգալի՛ է՝ հանրապետութեան նախագահէն մինչեւ անհատ քաղաքացի, անցնելով պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն եւ քաղաքական դաշտը բաղկացնող ուժերէն, այս պարտադրուող տագնապը մերժելու կամքը:

Նախկին պայմանները ապրող Լիբանանի փողոցներուն մէջ, նման մագլցողականութեան շատ աւելի ցած աստիճանաչափերու գրանցման պարագային մինչեւ հիմա բազմաթիւ միջադէպեր բռնկած կ՛ըլլային: Հիմա զսպուածութիւնը, չհրահրուելու գիտակցութիւնը, խոհեմ եւ զգօն մնալու կոչերը կը հնչեն ամէն կողմէ:

Իսկ այս գիտակցական մակարդակը, սերտօրէն կապ ունի գերիշխանութեան պահպանման այլեւս աննահանջ տեսք ստացած դիրքերու հետ: Կապ ունի Լիբանանի անկախութեան խորհուրդին հետ:

 



comments

Advertisement