Դժուարին Վարքագիծ՝ Սակայն Սկզբունքային Եւ Յուսադրիչ

By armenia.com.au | Monday, 11 December 2017

Ստորեւ կու տանք Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեանի խօսքը, Աւստրալիոյ մէջ (Մելպուռն եւ Սիտնի) տեղի ունեցած Հ.Յ.Դ. Օրուան տօնակատարութեանց ընթացքին (2 եւ 3 Դեկտեմբեր 2017)։

 

Այն դրուագը, որով այսօր պիտի բանամ իմ խօսքս, կը սկսի Առաջին համաշխարհային պատերազմի օրերուն եւ կ՛աւարտի Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն։ Աշխարհագրականօրէն տարբեր վայրերու մէջ տեղի կ՛ունենան դէպքերը, սակայն մտածողութեան նոյն խարիսխը ունին։

 

Ծանօթ է մեր բոլորին, որ 1917ին, եւ գրեթէ այս օրերուն, տեղի կ՛ունենար ռուսական յեղափոխութիւնը, որ տակնուվրայ կ՛ընէր նաեւ կացութիւնը Կովկասի մէջ։ Շրջանէն ներս կ՛ուրուագծուէր նոր ուժ մը, բոլշեւիկները, որուն հետ մենք պարտաւոր էինք առնչուելու։ Եւ առնչուեցանք՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմի եւ հայ բոլշեւիկ Ստեփան Շահումեանի գործակցութեամբ՝ ի խնդիր հայութեան շահերուն։

Նախորդող տարիներուն, գիտենք, տեղի ունեցած էին ցեղասպանութիւն, ինքնապաշտպանութեան կռիւներ Վանի, Տարօնի աշխարհի, Շապին Գարահիսարի, Մուսա Լեռ եւ այլ շրջաններու մէջ։ Տարօնի վախճանը ողբերգական էր. այնտեղ կը գտնուէր Ռուբէնը, իր առասպելական զինակիցներով, Փեթար գիւղէն Իսրոն, Ախոն, Չոլոն, Մօրուք Կարոն, խմբապետ Աւետիսը եւ շատ ուրիշներ։ Անոնք, ճեղքելով թրքական պաշարման օղակը, հազար կռիւի, կրակ ու բոցի, արեան լիճեր կտրելով, կրցան փրկել հազարաւոր հայեր, ներառեալ մեծ թիւով որբեր։ Նոյն այս առասպելական մարդիկն էին, որոնք դարձան 3 տարի վերջ հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութեան ուժի յենարանները։

 

Ուրեմն, Ռոստոմի եւ Շահումեանի գործակցութիւնը նաեւ արտայայտուեցաւ Պաքուի ինքնապաշտպանութեան ընթացքին, 1918ի ամառը։ Օսմանեան ուժերը կը փորձէին օր առաջ գրաւել այդ քաղաքին քարիւղահանքերը։ Հայկական ուժերը, գլխաւորութեամբ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ֆետայական խումբերուն, յամառ ինքնապաշտպանութեան կռիւներու մէջ էին, ամէնէն առաջ փրկելու համար Պաքուի տասնեակ հազարաւոր հայութիւնը։ Այդ կռիւներուն նահատակուեցաւ նաեւ Սեբաստացի Մուրատը, նոյնպէս առասպելական դէմք մը։ Ուրեմն, այս յամառ կռիւներուն ընթացքին, Պաքու կը հասնի Ստեփան Շահումեանը, որուն հետ, ինչպէս ըսինք, հաստատուած էր գործակցութիւն։ Շուտով սակայն, ան կը ձերբակալուի քաղաքը գտնուող անգլիական բանակին կողմէ, ու կը գնդակահարուի իր բոլշեւիկ ընկերներուն հետ։ Անգլիացիք նաւերով խոյս կու տան Պաքուէն եւ Սեպտեմբերի կէսերուն, քաղաքը կ՛իյնայ թրքական ուժերուն ձեռքը։

 

Մեր պատմելիք դրուագը կ՛առնչուի այս դէմքերէն Մօրուք Կարոյին։

 

Հայաստանը կը խորհրդայնանայ։ Փետրուարեան ապստամբութիւնը եւս վերջ կը գտնէ։ Չոլոն, Մօրուք Կարոն, Իսրոն ու բազում ուրիշներ, այլեւս նոր իրականութեան դէմ յանդիման կը գտնուին։ Կը փորձեն տուն տեղ ըլլալ, ընտանիք ու գիւղ շէնցնել։

 

Հայաստանի բոլշեւիկեան իշխանութիւնները շուտով սկսան հալածելու հայութեան համար արիւն թափած այս քաջերը։ Խորհրդային Չեկան անողոք էր անոնց նկատմամբ։ Անոնց մէկ մասը, հազիւ տեղաւորուած Արագածի փէշերու քարքարոտ գիւղերու մէջ, հազիւ փրկուած թուրքի հալածանքներէն, այս անգամ դէմ յանդիման կը գտնուէին հայանուն չեկիստներու հալածանքներուն։ Սասունի կորուստին հետ տակաւին չհաշտուած, թուրքին դէմ իրենց հրամանատար Ռուբէնին նման՝ 70 անգամ 70 փամփշտակալ կրակելէ վերջ, ի՞նչ ընէին դաշնակցական Չոլոն ու Մօրուք Կարոն։ Հայո՞ւ վրայ կրակէին։

 

Մօրուք Կարոն կը յաջողի խոյս տալ Պարսկաստան։ Կարծէք Սասունէն հեռանալու կսկիծը չէր բաւեր, հիմա ալ ան կը ստիպուի լքելու իր նորահաստատ տունը՝ Արագածի լանջերուն գտնուող Զովասար գիւղին մէջ։ Ան, հալածուած Սասունէն, հալածուած Հայաստանէն ու հայու անուն կրող մարդոցմէ, հիմա ապաստանած է օտար երկիր մը։

 

Վրայ կը հասնի Երկրորդ աշխարհամարտը։ Անգլիական ուժերը դարձեալ այդ կողմերն են. Պարսկաստան։ Հանրային վայրի մը մէջ, օր մը, Մօրուք Կարոն ականատես կ՛ըլլայ խօսակցութեան մը, որու ընթացքին անգլիացի սպայ մը կը յոխորտար, թէ ինչպէս մասնակից եղած է Ստեփան Շահումեանի գնդակահարութեան… 1918ին, Պաքուի մէջ։ Մօրուք Կարոն, անվարան, ատրճանակը հանելով տեղնուտեղը գետին կը փռէ այդ անգլիացի սպան ու կ՛անհետանայ։ Այդ անգլիացի սպան հայու արիւն թափած էր. իսկ Մօրուք Կարոն ալ աններող եղած էր հայու արիւն թափողին նկատմամբ ու պատժած էր զայն, հոգ չէ թէ նոյն Ստեփան Շահումեանի գաղափարակիցներն էին, որոնք զինք հալածած էին Հայաստանի մէջ։ Ինք կատարած էր իր վերջին առաքելութիւնը եւս, որովհետեւ այդպէս թրծուած էր ան Դաշնակցութեան գաղափարական թէ գործի աշխարհին մէջ։

 

Դաշնակցութեան նոյն այս գաղափարական աշխարհի արդիւնքն էր, որ անցեալ տարուան ապրիլեան պատերազմի առաջին ժամերուն իսկ, դաշնակցական վեթերան ազատամարտիկները հարիւրներով, այո՛, հարիւրներով, ռազմաճակատ փութացին։ Ոմանք նոյնիսկ առանց սպասելու Դաշնակցութեան կոչին։

 

Նոյն այդ պատերազմին ընթացքին էր նաեւ, որ հայկական բանակի երիտասարդ զինուորները, թշնամիին գերազանց ուժերուն դիմաց, կրակեցին մինչեւ իրենց վերջին փամփուշտը՝ <<էս դիրքերը յանձնողի մե՛րը>> գոչելով։

 

Ինքնազոհութեան նոյն օրինակները մենք կարդացած էինք մեր ֆետայիներու յուշագրութիւններուն մէջ։ Բայց ի՞նչ տարբերութիւն, թէ ինքնազոհաբերութեան գացողը դաշնակցական ֆետայի՞ն է, թէ հայկական բանակի զինուորը։ Երկուքն ալ հայ ժողովուրդի արգանդին հարազատ ծնունդներն են։ Ասո՛ր համար է որ կ՛ըսենք ու կը կրկնենք, որ Դաշնակցութիւնը ծնած է հայ ժողովուրդին ծոցէն, սնունդ ու աւիշ կը ստանայ նոյն այդ ժողովուրդէն։ Երբեք հռետորութիւն չէ երբ կ՛ըեսենք, թէ դաշնակցականը կ՛ապրի, կը գործէ եւ ի հարկին կը նահատակուի ժողովուրդին համար։ Փաստերը աւելի քան խօսուն են։ Ու այս փաստերն են, որոնք մաս կը կազմեն թէ՛ հայ ժողովուրդին եւ թէ՛ անոր հարազատ ծնունդ Դաշնակցութեան փառքին ու վաստակին։

 

Եւ տակաւին միայն տարի մը առաջ էր, որ Դաշնակցութիւնը, համակարգելով հայկական բանակին հետ, Հայաստանի մէջ որոշեց պահեստազօրի գունդ մը կազմել, իբրեւ օժանդակ նոյնինքն հայկական բանակին։ Այսօր այդ գունդը կը հաշուէ աւելի քան 500 կամաւոր։ Սակայն այս պարագային, թիւը չէ միայն կարեւորը։ Այլ այն, որ 127 տարի առաջ ֆետայիական խումբեր կազմող այս կազմակերպութիւնը, այսօ՛ր եւս կը դաստիարակէ է հայրենիքի պաշտպանութեան համար գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ հայորդիներ։

 

Բայց Դաշնակցութեան պայքարի ռազմաճակատը միայն հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան մէջ չի կայանար։ Կայ նաեւ ներքին, ընկերային-տնտեսական ճակատը։

 

Հոս եւս մենք գտնուեցանք սպասուած բարձրութեան վրայ, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները փորձեցին կուտակային կենսաթոշակներու օրինագիծը պարտադրել բոլորին։ Առաջարկուածը այն էր, որ իւրաքանչիւր աշխատողի ստացած վարձատրութենէն որոշ տոկոս մը պիտի զեղչուէր ու պահ դրուէր սեփական ներդրումային ծրագիրներու մէջ. այսինքն, ատոնց ճակատագիրը ենթակայ պիտի ըլլար դրամատիրական համակարգի ենթադրած վերիվայրումներուն, եւ աշխատաւորի արդար քրտինքով շահուած գումարները կրնային օր մը փոշիանալ միջազգային սակարանային վերիվայրումներուն մէջ։Դաշնակցութիւնը, գործակցաբար կարգ մը քաղաքացիական շարժումներու, ի՛նք գլխաւորեց կառավարութեան այս վտանգաւոր նախագիծին դէմ պայքարը։ Պայքար մը, որ հասաւ մինչեւ Սահմանադրական դատարան, որուն իբրեւ արդիւնք, իշխանութիւնները կատարեցին լուրջ զիջումներ։

 

Այո, Հայաստանի մէջ մենք կը գործենք չափազանց ծանր պայմաններու մէջ։ Մեր երկիրը կը գտնուի բազմաթիւ լուրջ խնդիրներու դէմ յանդիման։ Այս խնդիրները բազմազան են եւ լուծումի կը կարօտին։

 

Մեր համոզումով, այս խնդիրները ունին սիսթեմիք, համակարգային բնոյթ։ Այսինքն, մեծ մասամբ հետեւանք են կառավարման այն համակարգին, որ որդեգրուած է Հայաստանի մէջ վերանկախացումէն ասդին։ Համակարգ մը, ուր մեծ իշխանութիւն կեդրոնացած է մէկ անձի՝ նախագահին ձեռքը։

 

Հետեւաբար, լուծումները եւս պէտք է ըլլան սիսթեմիք։ Դաշնակցութիւնը, վերլուծելով կացութիւնը, վերահաստատեց վերանկախացումէն ի վեր իր կեցուածքը՝ որ կիսատ-պռատ լուծումները չեն դարմաներ կացութիւնը եւ անհրաժեշտ է հիմնովի՛ն փոփոխութեան ենթարկել Հայաստանի կառավարման համակարգը, անհրաժեշտ է խորքային բարեկարգումներ որդեգրել, որպէսզի կարելի ըլլայ խնդիրները լուծել, կամ իրենց լուծման ընթացքին մէջ դնել։ Անհրաժեշտ է սահմանադրական փոփոխութիւններով յառաջացնել խորհրդարանական դրութիւն մը, ուր հաւաքական ղեկավարութեամբ առաջնորդուի երկիրը, ուր դատական համակարգը դառնայ իսկապէս անկախ։ Համակարգ մը, ուր ընդդիմութեան տրուին աչքառու լիազօրութիւններ եւ իրաւունքներ։ Այսպէս կը մտածէինք 1991ին, այսպէս կը մտածենք նաեւ այսօր։

 

Այս նպատակին համար ալ, մշակուեցան այն 7 կէտերը, որոնց շուրջ փորձեցինք համախոհութիւն ստեղծել նախ ընդդիմութեան մօտ։

 

Մեր խօսակիցներէն շատեր կէս ճամբէն ետ դարձան, շատ հաւանաբար անոր համար, որ իրենց մօտ եւս կար նախագահական աթոռին հասնելու փառատենչութիւն։

 

Բայց մենք յամառօրէն շարունակեցինք մեր լուռ պայքարը, մինչեւ որ նախագահը եւս համոզուեցաւ, որ մենք ճիշդ ենք։

 

Մնացածը գիտէք արդէն, որ սահմանադրութիւնը բարեփոխուեցաւ եւ հանրաքուէով հաստատուեցաւ ժողովուրդին կողմէ։ Այնպէս որ, յառաջիկայ Ապրիլին, երբ աւարտի նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը, մեր հայրենիքը պիտի կառավարուի վարչապետական դրութեամբ։ Խորհրդարանական մեծամասնութեան տիրացած քաղաքական ուժն է, որ իր նշանակած վարչապետով ու նախարարներու խորհուրդով պիտի կառավարեն երկիրը եւ ոչ թէ անհատ մը։

 

Ահաւասիկ, իրերու այս դրութեան մէջն էր, սահմանադրական փոփոխութիւններէն վերջն էր, որ կայացան երկարատեւ բանակցութիւններ Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ Հանրապետական կուսակցութեան միջեւ, որոնք ինչպէս գիտէք, յանգեցան գործակցութեան համաձայնագրին։

 

Մեր ծրագիրները, ներառեալ 7 կէտերը, 90 տոկոսով ներառնուած են այս համաձայնագրին մէջ, ու ատոր հիման վրայ, մենք մաս կազմեցինք կառավարութեան՝ 3 նախարարներով։

 

Այս գործակցութեան քայլը առնելու ատեն, մենք կը գիտակցէինք, որ հանրային կարծիքին մօտ կրնայինք մեղադրուիլ իբրեւ մեղսակիցներ՝ գոյութիւն ունեցող ապականած իշխանութիւններուն։ Գիտէինք, որ <<փոփիւլիսթ>> քայլ մը չէր մեր առածը. սակայն նաեւ քաջ կը գիտակցէինք, որ երկրին մէջ անհրաժեշտ են գործնական քայլեր, դրութիւնը կարեկարգելու համար։ Ի վերջոյ, Հայաստանը հայրենիք է, իսկ հայրենիքը զանազան տեսութիւններու փորձադաշտ չէ, այլ՝ լուծումներու սպասող գերագոյն արժէք։ Մարդիկ կրնան անդադար ընդդիմախօսել, անիծել, քննադատել, սակայն հայրենիքը կը բարեկարգուի միայն գործնական քայլերով, քաղաքական սթափ հաշուարկներու վրայ առնուած հեռատես քայլերով։

 

Եւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ընտրեց ա՛յս ուղին։ Գործակցելով կացութիւնը աստիճանաբար բարեշրջելու ուղին։

 

Ներկայ կառավարութեան ընկերային-տնտեսական քաղաքականութենէն գո՞հ ենք։ Պատասխանեմ՝ ընթացքէն այո, սակայն ոչ կշռոյթէն ու ցարդ ձեռք բերուած արդիւնքներէն։

 

Մօտաւորապէս ամիս մը առաջ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոն եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը խառն նիստի մը ընթացքին քննեցին այս հարցը, կատարեցին ախտաճանաչումներ, բանաձեւեցին կատարուելիք աշխատանքներու ծիրը։ Դաշնակցութիւնը այս ինքնաքննադատութիւնը կատարեց հրապարակային ձեւով. մամուլին միջոցով, դաշնակցութիւնը տեղեակ պահեց ժողովուրդը իր արժեւորումներէն։ Որովհետեւ վերջին հաշուով, մենք ժողովուրդին հաշուետու կը նկատենք մենք մեզ։

 

Հայաստանի ու հայութեան շահերուն համար գործակցութեան գաղափարը Դաշնակցութեան քաղաքական մտածողութեան մաս կազմած է մեր պատմութեան ընթացքին։

 

Այս մտածողութեան հիման վրայ էր, որ մենք անցեալին գործակցած ենք մակեդոնական յեղափոխական շարժման հետ՝ ընդդէմ օսմանեան բռնատիրութեան։ Այս մտածողութեան հիման վրայ էր, որ անցնող դարու սկիզբը, Դաշնակցութիւնը գործակցած է պարսկական սահմանադրական շարժումին հետ եւ Եփրեմ Խանի օրինակը լաւագոյն կերպով կ՛արտայայտէ այս մէկը։ Մեզի համար, մեր ազատագրական շարժումին անհրաժեշտ էր ունենալ շարժելու ու գործելու ռազմավարական տարածք մը։ Մենք սահմանադրական կարգերով օժտուած Պարսկաստանի մէջ կը տեսնէինք այդ կարելիութիւնը ու ատոր համար ալ Դաշնակցութիւնը չվարանեցաւ գործնականօրէն մասնակցելու այդ պայքարին։

 

Օսմանեան կայսրութեան մէջ սահմանադրական կարգեր հաստատելու համար, մենք գործակցեցանք բազմաթիւ ոչ հայ կազմակերպութիւններու, ներառեալ <<Իթթիհատ>> կուսակցութեան հետ, որովհետեւ կը գտնէինք, որ մեր ծրագրային նպատակները կրնայինք այդ ձեւով իրականացնել սահմանադրական կարգերով օժտուած պետութեան մը մէջ։

 

Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի շահերուն ի խնդիր, 1917ին, ռուսական յեղափոխութեան ստեղծած թոհուբոհին մէջ, Կովկասի մէջ, մենք գործակցեցանք վրացիներուն եւ թաթարներուն հետ, Կովկասեան Սէյմի ծիրէն ներս։ Մենք գործակցեցանք նոր հրապարակ իջած բոլշեւիկեան իշխանութիւններուն հետ, Ստեփան Շահումեանի ճամբով։

 

Նորանկախ Հայաստանի առաջին կառավարութիւնը մենք կազմեցինք <<քոալիսիոն>> հիմքերով. այսինքն, ուզեցինք, որ կառավարութեան մաս կազմեն նաեւ հայկական այլ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ։

Նոյն հանրապետութեան օրերուն, մինչ հայկական պատուիրակութիւնը Եւրոպայի մէջ կը փորձէր յաղթական Դաշնակիցներուն շրջանակներէն ներս հետապնդել Հայաստանի շահերը, միւս կողմէ Հայաստանի դաշնակցական կառավարութիւնը Լեւոն Շանթի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը կը ղրկէր Մոսկուա, նոյն նպատակով բանակցելու համար բոլշեւիկեան-խորհրդային իշխանութիւններուն հետ, ի խնդիր նորակազմ Հայաստանի Հանրապետութեան ապահովութեան ։

 

Լիբանանի մէջ, Դաշնակցութիւնը երկար ատեն գործակցեցաւ ծայրայեղ աջակողմեան տեղական կուսակցութիւններու հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ առաւելագոյն չափով երաշխաւորել հայ համայնքին շահերը այդ երկրէն ներս։ Եւ երբ նոյն այդ տեղական ուժերը, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին, փորձեցին ոտնձգութիւններ կատարել լիբանահայութեան դէմ, իրենց դէմ գտան Դաշնակցութեան զինեալ դիմադրութիւնը։ Հետեւաբար, լիբանահայութեան շահերը պաշտպանելու մեր կեցուածքը պահպանեցինք նաե՛ւ զոհերու գնով։

 

Այս բոլորը ըրինք՝ քննադատուելով հանդերձ, որ կը գործակցինք այս կամ այն ուժին հետ։ Քննադատուեցանք, որ կը գործակցինք բոլշեւիկներուն հետ, աջակողմեան ուժերու հետ եւայլն։ Բայց այդ գործակցութեան թիրախը Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ապահովութիւնն էր, ըլլա՛յ ատիկա 1907ին, 1918ին, կամ 40ական թուականներուն ու ատկէ վերջ։ Եւ տակաւին մինչեւ այսօ՛ր, երբ կառավարական մակարդակով կը գործակցինք Հայաստանի  Հանրապետական իշխանութիւններուն հետ։

 

Բայց մեր վարքագիծին մաս չեն կազմեր աժան ու ամբոխահաճոյ (փոփիւլիստ) ելոյթները։ Դաշնակցութիւնը կը գործէ քաղաքական կշռադատուած տրամաբանութեամբ, միշտ իբրեւ ուղեցոյց ունենալով Հայաստանի ու հայութեան ռազմավարական շահերը, այնպէս, ինչպէս բանաձեւուած են մեր Ընդհանուր ժողովներուն կողմէ։

 

Դիւրին է արտագաղթի մասին յօդուածներ գրելը, երեւոյթը քննադատելը, այս կամ այն քաղաքական ուժերը քննադատելը (թեկուզ արդարաացի կերպով)։ Դիւրին է հարցազրոյցներով կամ մամուլի զանազան միջոցներով այդ հարցը քննարկելը եւ մեղաւորները ամենախիստ բառերով քննադատելը։

 

Դժուարը սակայն միւսն է. այսինքն, առնել այնպիսի գործնական քայլեր, որոնք կը միտին եթէ ոչ կասեցնելու, այլ գէթ՝ մեղմացնելու այն չարիքը, որ կը կոչենք արտագաղթ։

 

Թող յստակ ըլլայ բոլորին, եւ անգամ մը եւս կը յայտարարեմ, յանուն մեր բոլոր կազմակերպական շրջաններուն եւ շարքերուն, որ Դաշնակցութիւնը ընտրած է դժուա՛ր ուղին։ Այն ուղին, որուն արդիւնքները կրնան այսօր կամ վաղը չերեւիլ, սակայն անպայմա՛ն որ պիտի արդիւնաւորուին։

 

Մենք ընտրած ենք գործելու եւ ոչ թէ անիծելու ուղին։ Մենք ընտրած ենք քրտնաջան աշխատանքի եւ ոչ թէ աժան ամբոխավարութեան ուղին։

 

Դաշնակցական ըլլալը կիսաժամ (փարթ թայմ) աշխատանքի չի նմանիր. Դաշնակցական ըլլալը մեր սրտին ուզած պահուն աշխատիլ, չուզած պահին մէկդի քաշուիլ չի նշանակեր։ Դաշնակցական ըլլալը որոշումներուն նկատմամբ կամայական վերաբերում չի նշանակեր, որ եթէ այս որոշումը հաւնինք՝ կ՛աշխատինք, չենք հաւնիր՝ չենք աշխատիր։ Այս չենք մենք։

 

Այս պատճառով ալ, սիրելի ներկաներ, դժուար բան է դաշնակցական ըլլալը, որովհետեւ ատիկա ամէն բանէ առաջ՝ ամբողջական յանձնառութիւն կը նշանակէ։ Ամբողջական յանձնառութիւն որոշումներուն նկատմամբ. ամբողջական յանձնառութիւն մշակուած, ծրագրուած աշխատանք մը, որոշում մը իր լրումին հասցնելու նկատմամբ։ Եւ վերջապէս՝ ամբողջական յանձնառութիւն մեր Ծրագրին ու Կանոնագրին նկատմամբ։ Որովհետեւ, երբ ժողովուրդին ու հայրենիքին ծառայելն է մեր իսկական կողմնացոյցը, թէ՛ ժողովուրդը եւ թէ՛ հայրենիքը ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ գուրգուրանքի, ամբողջական յանձնառութեան, ամբողջական նուիրումի կը կարօտին։ Մէկ խօսքով, սիրելի ներկաներ, Դաշնակցութիւնը անձնակեդրոն եւ ինքնասիրահարուած մարդոց տեղը չէ։ Դաշնակցութիւնը իր Ծրագրին, կազմակերպական կարգապահութեան, կանոնագրին եւ հայրենիքին նկատմամբ ամբողջական նուիրումի պատրաստ մարդոց տեղն է։ Այս բոլորը մոռնալ, կը նշանակէ ոչ միայն կտրուիլ Դաշնակցութենէն, այլ նաեւ՝ նոյնինքն հայութենէն։ Իսկ մենք պարտութեան գաղափարին անհաշտ եւ անզիջող թշնամիներն ենք։

 

Այսօր Հայաստանը, մեր հայրենիքը, կը գտնուի քաղաքական կառավարման լուրջ մարտահրաւէրի մը դիմաց։

 

Յառաջիկայ Ապրիլին, ըստ սահմանադրական բարեփոխումներուն, մեր հայրենիքը պիտի դառնայ խորհրդարանական համակարգով կառավարուող պետութիւն։ Կառավարման այս սիստեմը ի վիճակի է մեր ժողովուրդի ամբողջ կարողականութիւնը, <<փոթենշըլը>> պեղելու, երեւան հանելու եւ ծառայեցնելու հայրենիքի ապահովութեան եւ բարգաւաճման իմաստով։

 

Ասիկա մեզ կը դնէ նոր պատասխանատուութիւններու առջեւ։ Պատմական օրերու մէջ կ՛ապրինք, որովհետեւ մեր հայրենիքը, իբրեւ պետութիւն, որակական նոր ոստումի կարելիութեան մը առջեւ է։

 

Դաշնակցութիւնը, իր բոլոր կազմակերպական շրջաններով ու շարքերով, այս որակական ոստումին մէջ պիտի խաղայ իր դերը։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը պատրաստ պիտի ըլլայ իրմէ ակնկալուածը ընելու, ի խնդիր մեր հայրենիքին։

 

Յառաջիկայ տարի նաեւ, 100ամեակն է մեր պետականութեան։ Այն պետականութեան, որուն ստեղծման մէջ բանալի դեր խաղցաւ Դաշնակցութիւնը։ Շատեր, տակաւին մինչեւ այսօր, կը փորձեն նսեմացնել Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը 1918ի այդ անկիւնադարձին մէջ։ Ուրիշներ պիտի փորձեն այս հարիւրամեակը պարպել իր քաղաքական եւ գաղափարական բովանդակութենէն, ու զայն վերածել լոկ ծիսակատարութեան, հրավառութեան, կամ <<շօ>>ի։

 

Բայց մեզի համար, 1918ը ոչ միայն հայկական նորագոյն պետականութեան հիմնադրութեան, այլ Հայաստանը միացեալ տեսնելու, ամբողջական տեսնելու գաղափարին խորհրդանիշն է։ Այս առիթով, Հ.Յ.Դ. Բիւրոն մշակած է 100ամեակի նշումի յատուկ ծրագիր մը, որուն հիմնական նպատակն է գօտեպնդել պետականութեան նկատմամբ մեր ազգային հաւաքական գիտակցութիւնը, համախմբել մեր ժողովուրդին ուժն ու կարողութիւնները հայրենիքին շուրջ։ Չկայ ասկէ աւելի մեծ արժէք մեզի համար, որովհետեւ վերջին հաշուով, Հ.Յ.Դաշնակցութեան ռազմավարական նպատակն է ստեղծել Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստան մը։ Ու մեր բոլոր ճիգերը պիտի ուղղենք ա՛յս նպատակին։ Այս պատճառով ալ, բոլոր դաշնակցականներէն, ինչու չէ նաեւ՝ բոլո՛ր հայորդիներէն կ՛ակնկալենք ամբողջական նուիրում։ Այնպէս որ, աւստրալահայութիւնը ինք եւս խուռներամ մասնակցութիւն պէտք է բերէ գալ տարուան Մայիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող 100ամեակի ձեռնարկներուն։

 

Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղեմ Աւստրալիոյ հայ համայնքին, բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն անխտիր, յատկապէս բոլոր անոնց, որոնք մասնագիտական կարողութիւններ ունին, որ միջոցներ որոնեն, ուղիներ գտնեն, իրենց մասնագիտութիւնը Հայաստան հայրենիքին ծառայեցնելու համար։ Մեր նախարարութիւնները, մեր պետական զանազան հաստատութիւնները սրտցաւ ու նուիրեալ մասնագէտներու յաւելեալ կարիքը ունին։ Վերջին հաշուով, Հայաստանը միայն թուրիզմի երկիր չէ, միայն գեղեցիկ բնութիւն չէ, միայն ճաշարաններ կամ զբօսավայր չէ։ Անիկա ամէն բանէ առաջ՝ հայուն հայրենիքն է ու վե՛րջ։

 

Սիրելի ներկաներ, վերջին թելադրանք մը եւս ձեր բոլորին։

 

Հայաստան երթաք, անպայման այցելէք Արագածի լանջերուն թառած Զովասար գիւղը, հոն գիւղացիներէն խնդրեցէք, որ ձեզի ցոյց տան Չոլոյին ու իր զինակից Մօրուք Կարոյին կիսաւեր տուները։ Շօշափեցէք այդ քարերը ձեր ափերով, զգացէք այդ երկու ֆետայիներուն շունչը ձեր մէջ, հաղորդուեցէք անոնց ուժով ու հզօրութեամբ ու պիտի լեցուիք անոնց գաղափարական հայրենասիրութեամբ։

 

Իսկ անցնող Ապրիլեան պատերազմի օրերուն, մենք բոլորս ականատես եղանք, թէ ինչպէս 90ական թուականներու ազատամարտիկները, անսալով Հ.Յ.Դաշնակցութեան կոչին, մէկ մարդու պէս ոտքի ելան ու մեկնեցան ճակատ։ Լրագրող մը, տեսնելով տարեց ազատամարտիկ մը, որ կամաւոր ճակատ կը մեկնէր, անոր հարցուց, թէ այս տարիքիդ դուն ի՞նչ պիտի ընես հոն, ինչպէ՞ս պիտի կարենաս կռուիլ։ Ազատամարտիկը անայլայլ պատասխանեց՝ <<Ես կ՛երթամ ճակատ, մեր 20 տարեկան զինուորին կողքին ըլլալու. Ոչ միայն կողքին ըլլալու, այլ նաեւ անոր դիմացը կանգնելու, որպէսզի եթէ թշնամիին գնդակը գայ, ինծի՛ դպնայ ու ոչ թէ իրեն>>։

 

Իսկ բազմաթիւ ուրիշ պարագաներու, բոլորս ալ ապշանքով ականատես եղանք, թէ ինչպէս նորակոչիկները բանակ կ՛երթային՝ դհոլով, զուռնայով ու պարով։ Չկայ աշխարհի մէջ երկիր մը, ուր երիտասարդները պարելով ու խնճոյքի մթնոլորտի մէջ պատերազմի երթան։ Այնպէս որ, երբ ձեր մասնագիտութիւնները Հայաստան հայրենիքին ի սպաս դնելու համար ճամբայ կ՛ելլէք Սիտնիէն ու Մելպուռնէն դէպի Երեւան, երգուպարով, դհոլ զուռնայով մեկնեցէք այստեղէն, որովհետեւ ձեր նուիրումը խրախճանքի ու խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ պէտք է իրականանայ։

 

Հետեւաբար, Ռուբէն Զարդարեանի բառերով, <<Թող բորբոքի՛ կրակը, աւելի՛ ուժով, աւելի՛ կատաղօրէն>>։

 



comments

Advertisement