Եկէ՛ք Ինծի Հետ Ղարաբաղ

By Asbarez | Friday, 02 February 2018

0202mouradpapazian1

 

ՄՈՒՐԱՏ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

 

Ստորեւ՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի խօսքը՝ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) տարեկան ընթրիքին ընթացքին, որուն ներկայ էր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքոն.

Պարո՛ն նախագահ,

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը (ՖԿՀԽ) ուրախ է ձեզ ընդունելու իր այս տարուան ընթրիքին: Արա Թորանեան եւ ես, որ պատիւն ունինք համանախագահելու ՖԿՀԽը, շրջապատուած ենք ազգային գրասենեակով մը, որուն անդամները ներկայ են այստեղ:

Բոլորս միասին ձեզի բարի գալուստ կը մաղթենք: Հանրապետութեան նախագահին ներկայութիւնը ՖԿՀԽի ընթրիքին եւ 24 Ապրիլի ոգեկոչման ձեռնարկներուն աւանդութիւն մը դարձած է Հանրապետութեան մէջ: Հանրապետութի՛ւն, մեր հպարտութի՛ւնը: Այո՛, մենք հպարտ ենք ֆրանսացի ըլլալով եւ հպարտ՝ հայ ըլլալով: Հպարտ՝ այս զոյգ ինքնութիւններով: Հպարտ՝ Հանրապետութեան արժէքներով, իրաւունքներու եւ արդարութեան, հաւասարութեան արժէքներով, որոնք ինքնին հրաւէրներ են Հայ Դատի ճամբուն պայքարելու: Հպարտ՝ համարկումի այն օրինակով, զոր տուած են Ֆրանսայի հայերը: Մենք հպարտ ենք նաեւ, որ մեր մէջ, մեր Դատին համար պայքարողներ դարձած են՝ Ֆրանսայի սիրահարներ Ռոնի երեսփոխանուհի Տանիէլ Ղազարեան, Լիոնի քաղաքապետ Գէորգ Քէփէնէկեան, հետեւելով Փաթրիք Տէվէճեանի օրինակին:

Պարո՛ն նախագահ,

Այս երեկոյ կրնայի ձեզի խօսիլ Ցեղասպանութեան մասին, զոր ապրած են հայերը 1915ին. 1,500,000 տղամարդիկ, կիներ, երեխաներ եւ ծերունիներ տարագրուած, սպաննուած, կոտորուած, բռնաբարուած ու ստրուկներու վերածուած կիներ: Բացարձակ դաժանութիւն մը, զոր ապրած է հայ ժողովուրդը:

Ես կրնայի ձեզի յիշեցնել, թէ Էրտողան գոցած է բազմաթիւ լրատուամիջոցներ, թէ հրամայած է արգելափակել հարիւր հազարաւոր ընդդիմադիրներ, դատաւորներ, փաստաբաններ, լրագրողներ, համալսարանի դասախօսներ, մտաւորականներ, խորհրդարանականներ, հազարաւոր քիւրտեր: Ան երկիրը ընկղմեցուցած է սահմանադրական իրակա՛ն միապետութեան մը մէջ:

Կրնայի ընդգծել, որ Թուրքիոյ մէջ այսօր, այո՛ այսօր, 2018ին, կան փողոցներ, պողոտաներ եւ դամբարան մը, որոնք կը կրեն Թալէաթի՝ թուրք Հիթլերին անունը, 1915ի ներքին նախարարը, ա՛ն՝ որ պատրաստեց հայութեան բնաջնջման ծրագիրը: Կրնայի՞նք պատկերացնել, որ աշխարհի վրայ ամէնէն աննշան փողոցն իսկ կոչուի Ատոլֆ Հիթլեր:

Կրնայի ձեզ նախազգուշացնել, թէ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները այսօր վտանգուած են. հայերը, քիւրտերը, ասորիները, ալաուիները եւ հրեաները: Կայ մէկը, որ այսօր Թուրքիոյ մէջ մե՛ծ վտանգի ենթակայ է: Այս երեկոյ ան այստեղ է, մեզի՛ հետ: Կ՛ուզեմ խօսիլ Կարօ Փայլանի մասին: Թրքական խորհրդարանէն ներս ան կը վարէ ժողովրդավարական ընդդիմութիւնը: Ան աներեւակայելի վտանգի ենթարկած է ինքզինք՝ խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան, մարդու իրաւունքներու, քիւրտերու եւ ընդհանրապէս փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն մասին:

0202mouradpapazianԵս կը վախնամ կեանքիդ համար, Կարօ Փայլա՛ն: Շնորհակալութի՛ւն ներկայութեանդ համար, շնորհակալութի՛ւն տարած աշխատանքիդ համար:

Այնքա՜ն բաներ կան ըսելիք, դատապարտելիք ու յառաջ մղելիք, պարո՛ն նախագահ: Ֆրանսան մեծ երկիր մըն է, Ֆրանսան, որ մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան, միտքի լոյսերու, արդարութեան երկիրն է, կրնայ ձայն բարձրացնել, ըլլալ աւելի՛ խիստ, կարծր եւ յստակ՝ յարգել տալու համար իր իսկ պաշտպանած տեսլականները:

Բայց՝ ո՛չ, պարո՛ն նախագահ, այդ մասին չէ՛, որ այս երեկոյ ձեզի պիտի խօսիմ: Այս երեկոյ ձեզ պիտի տանիմ մէկ այլ տեղ: Եկէ՛ք ինծի հետ Ղարաբաղ, զոր այսուհետեւ կը կոչենք՝ Արցախ:

Եկէ՛ք հանդիպելու հայ ժողովուրդի այն հատուածին, որ 1923էն 1988 ապրեցաւ Ատրպէյճանի լուծին տակ, պարզապէս որովհետեւ Սթալինի Խորհրդային Ռուսաստանի որոշումով՝ այս հողամասը, որ միշտ հայկական եղած է, մաս կազմեց Ատրպէյճանին: Այս ժողովուրդը, որ զոհ դարձած է թերզարգացման, թշուառութեան եւ Ատրպէյճանի վարչակարգի ճնշումներուն, 1988ին, Կորպաչեւեան տարիներու աւարտին, դիմեց խաղաղ շարժումի՝ պահանջելով կազմակերպել ինքնավարութեան հանրաքուէ մը, որուն ատրպէյճանցիները պատասխանեցին ջարդերով՝ այնտե՛ղ, ուր հայեր կ՛ապրէին Ատրպէյճանի մէջ, վերարթնացնելով 1915ի ցաւալի պատկերներու ուրուականը:

Պէտք եղաւ ընդդիմանալու Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Արցախի մէջ: Քաղաքական ընդդիմութիւն, մարդասիրական ընդդիմութիւն եւ քանի անհրաժեշտ էր՝ նաեւ զինեա՛լ ընդդիմութիւն: Եւ հայերը վերջապէս յաղթական դուրս եկան այն պատերազմէն, որ պարտադրուած էր իրենց: Իսկ 1994էն ի վեր, երբ ստորագրուեցաւ զինադադարը, անիկա տարեկան 6000էն 10,000 անգամ կը խախտուի՝ ատրպէյճանական բանակին կողմէ:

Պէտք է այցելել՝ լա՛ւ հասկնալու համար անդադար յարձակումներու վտանգը: Պէտք է այցելել՝ հասկնալու համար նաեւ, որ Ղարաբաղի բոլոր հայ ընտանիքները սգաւոր են իրենց պարտադրուած այս պատերազմին իբրեւ հետեւանք:

Եկէ՛ք ինծի հետ Արցախ, պարո՛ն նախագահ, եւ միասին նայինք հայ երիտասարդներու աչքերուն, հասկնալու համար, որ անոնք ապագայի եւ ապահովութեան ծարա՛ւ են, որ կ՛ուզեն պատկերացնել բնականոն կեանք մը՝ խաղաղ պայմաններու մէջ, ապագայ կառուցել իրենց զաւակներուն համար… Եւ այդ ապագան մենք ալ կ՛ուզենք՝ իրենց հետ եւ իրենց համար:

Եկէ՛ք ինծի հետ Արցախ, պարո՛ն նախագահ, եւ կը հասկնաք, թէ ի՛նչ յոյս դրուած է Ֆրանսայի դերակատարութեան վրայ:

Ֆրանսացի բազմաթիւ խորհրդարանականներ այցելած են Արցախ եւ իրենց մեկնումէն ի վեր՝ անոնց անունները արձանագրուած են Ատրպէյճանի սեւ ցանկին վրայ: Անոնցմէ ոմանք այս երեկոյ այստեղ են. Ֆրանսուա Փիւփոնի, Լիւք Քարվունաս, Վալերի Պուայէ, առանց մոռնալու զանոնք նախորդողները՝ Ռընէ Ռուքէ, Ժան-Մարգ Ժերմեն, Փաթրիք Տէվէճեան, ձեր բարեկամ՝ Ժան Լոնէ, Պրիւնօ Լը Ռու, եւ չեմ մոռնար նաեւ ձեր շաժումի ընտրեալներէն՝ Ֆրանսուա Տիւմա:

Ատրպէյճանական պետութեան կողմէ կոտորուելէ, ատրպէյճանական բանակին կողմէ պատերազմի ենթարկուելէ ետք, պէտք է հասկնալ, որ Ղարաբաղի հայերը այլեւս երբե՛ք պիտի չվերադառնան ատրպէյճանական վարչակարգին ներքոյ ապրելու:

Անշո՛ւշտ, որ այդ չէ լուծումը: Իլհամ Ալիեւի իշխանութիւնը ո՛չ մէկ տարբերութիւն ունի Էրտողանի իշխանութենէն, եւ յստակ է որ ո՛չ մէկը, ո՛չ ալ միւսը խաղաղութեան տիպարներ են: Թէ ոչ՝ այդ մէկը բացայայտ պիտի ըլլար:

Եւ ձեզի չեմ խօսիր «խաւիարկէյթ»ի մասին, Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ ղեկավարուած այդ հսկայական կաշառակերութեան գործողութեան մասին, որուն մասնակցած են նաեւ Ֆրանսայի պետական կառոյցին մաս կազմող որոշ անձնաւորութիւններ։

Մեզի համար անհասկնալի է նաեւ այն փաստը, որ Վալ տը Մարնի մարզպետը դիմած է վարչական դատարան, որպէսզի Պաքուի կողմէ գործի հրաւիրուած փաստաբաններու գրասենեակի մը պահանջով՝ հարցականի տակ առնուի Ալֆորվիլի եւ Բերձորի բարեկամութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը:

Պարո՛ն նախագահ,

Գալով այստեղ՝ ՖԿՀԽի ընթրիքին, եւ ինծի հետ Արցախ գալով, դուք պիտի հասկնաք նաեւ, որ Արցախի հայերուն թիւը 150,000 չէ, այլ՝ 12 միլիոն: Որովհետեւ աշխարհի վրայ ամէն հայ, ըլլայ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, ինքզինք կը համարէ արցախահայ: Ցեղասպանութենէն ետք մենք այնքա՛ն ջարդեր ապրած ենք Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ, որ անվտանգութեան հարցերը մի՛շտ կը մնան մեր նախընտրութիւնները:

Ֆրանսան այս հակամարտութիւմը լուծելու հարցը ստանձնած Մինսկի խումբի համանախագահ երկիր է: Դուք, պարո՛ն նախագահ, ունիք միջազգային բացառիկ կարգավիճակ մը: Մենք պաշտօնապէս ձեզմէ կը պահանջենք զայն օգտագործել՝ լուծելու համար այս հակամարտութիւնը, յարգելով Ֆրանսայի հիմնասիւները եղող ազատութեան, խաղաղութեան եւ ժողովուրդներու ինքնավարութեան արժէքները:

Շնորհակալութի՛ւն:


comments

Advertisement