Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ- Հայկական Յեղափոխութիւններու Ոսկի Շղթան

By Asbarez | Tuesday, 06 February 2018

ԹՈՐԳՈՄ Ծ. ՎՐԴ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ

 

0203torkom

Մարդկային պամութիւնը հարուստ է յեղափոխական շարժումներով: Չկայ աշխարհագրական մարդաբնակ գետին մը, ուրկէ անցած չէ յեղափոխութեան ալիք մը: Անոնք, մեծ կամ փոքր, զուսպ թէ անզուսպ, քաղաքական, կրօնական, ընկերային եւ այլ բնագաւառներու մէջ յաճախ օրհնաբեր եւ բարեբեր եղած են ազգերու եւ պետութիւններու համար, յաճախ ալ՝ ո՛չ: Զանազան դաշտերու մէջ անկախութիւն եւ ազատութիւն ձեռք ձգելու նպատակով ընթացք առնող շարժումները երբեմն ծնունդն են համամարդկային տագնապի, եւ երբեմն՝ շրջանային, տեղական, ազգային, ժողովրդային ճգնաժամի կամ տեսիլքի:

Աշխարհի բոլոր յեղափոխականներուն մէջէն, հոգեւորական թէ աշխարհական, իր եզակի տեղը ունի Յիսուս Քրիստոսը: Անցնող 20 դարերուն, զանազան մակարդակներով, տարբեր ուղղութիւններու եւ դպրոցներու կողմէ ուսումնասիրուած ու վերլուծուած է Աստուածորդին, որպէս մեծագոյն յեղափոխականը մարդկային պատմութեան, որ իր երկնային ու հոգեւոր, բարոյական ու ընկերային ուսուցումներով, նաեւ իր կեանքով ու վարքագիծով, մեր աշխարհի մեծագոյն յեղափոխութեան՝ քրիստոնէութեան հիմնադիրը կը հանդիսանայ: Անոր բերած շարժումը յեղափոխեց մարդկային չափանիշերը, յեղաշրջեց ընկերային արժեչափերը, քաղաքակրթութեան նոր հորիզոններ բացաւ մարդուն առջեւ եւ մարդը մարդացնելու գործընթացին մէջ իր գերակշիռ ծանրութիւնը ունեցաւ:

Քրիստոսի սկզբնաւորած այս յեղափոխութիւնը՝ նաեւ անկախութիւն կը պատկերէր: Անկախութիւն՝ զանազան մարզերու մէջ, որոնք տարբեր ձեւերով թարգմանուեցան ազգերու մօտ: Իսկ մենք, Յեղափոխականէն ներշնչուած, հետեւեալներով յեղափոխեցինք հայ կեանքը:

 

Ա.) ՀԱՅՈՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ (301)

 

Նախաքրիստոնէական շրջանէն իսկ հայը հոգեւոր ապրումներ ունեցած է, ինչպէս նաեւ յատուկ յարգանք՝ կրօնական հաւատալիքներու նկատմամբ: Հոգեւոր ապրումը հայուն համար անծանօթ զգացում մը չէ եղած երբեք, այլ ան իր կեանքին ու գործին, ընտանիքին եւ ապրած շրջանին մէջ թէ՛ մշակոյթով, թէ՛ ծէսով մարմնաւորած է իր հաւատքը: Հայը կրօնաբոյր է իր ծննդոցէն:

Առաջին դարուն, Քրիստոսի առաքեալները եկան Հայաստան: Անոնք հանդիպեցան ժողովուրդի մը, որուն համար կրօնական ու հոգեւոր ապրումները ըմբռնում չէին սոսկ, այլ կեանքի ոճ: Առաքեալները քրիստոնէութեան լոյսը բերին Հայաստան: Երեք դար շարունակ այդ լոյսը կամաց-կամաց բռնկեցաւ ինչպէս ժողովուրդին մօտ, այնպէս ալ արքունիքին մէջ, մինչեւ որ դարձաւ հրաբուխ, ու ազգային մեծագոյն յեղափոխութեան՝ հոգեւոր զարթօնքին ծնունդ տուաւ:

Եւ հայը Քրիստոնեայ դարձաւ:

 

Բ.) ՀԱՅՈՑ ԻՄԱՑԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ (404)

 

Հոգեւոր յեղափոխութիւնը օրհնութիւն դարձաւ ազգին համար: Եւ աւելին, ան ծնունդ տուաւ ուրիշ շարժումի մը՝ իմացական յեղափոխութեան:

Հոգեւոր ապրումները հայը առաջնորդեցին իմացական յեղափոխութեան: Գիրը ստեղծուեցաւ, հայերէն գրականութիւնը սկսաւ, թարգմանութիւններ իրականացան, դպրոցներ բացուեցան, ժողովուրդը լոյսը տեսաւ իր սեփական աչքերով, ազգը զԱստուած ճանչցաւ իր ոճով ու լեզուով, հայրենիքը ինքզինք ճանչցաւ իր պատկերացումով:

Եւ հայը Ոսկեդար ունեցաւ…

 

Գ.) ՀԱՅՈՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ (451)

 

Հոգեւորէն ծնած իմացական յեղափոխութիւնը ազգը շարժեց քաղաքական առումով: Ժողովուրդը ոտքի կանգնեցաւ: Ազգը բռունցք դարձաւ: Հայրենիքը պատերազմի դաշտ իջաւ: Իրաւունք պահանջուեցաւ:

Ըլլալու կամ չըլլալու ձեռնոց էր, որ 5րդ դարու կիսուն կը նետուէր հայոց առջեւ: Հաւատքով գօտեպնդուած ու իմացապէս լուսաւորուած ժողովուրդը ինք վճռեց իր ապագան: Պէտք էր ըլլալ: Պէտք էր ապրիլ: Պէտք էր գոյատեւել: Անոր համար պէտք էր բռունցք շարժել, հայկական բռունցք, որ ահա վեր բարձրացաւ «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» ազգիս ամենասուրբ կարգախօսին ուժով:

Եւ հայը Հայ մնաց:

Առաջին յեղափոխութիւնը շարժեց ազգին հոգին,

Երկրորդը՝ ազգին միտքը,

Երրորդը՝ ազգին բազուկը:

Հոգին, միտքն ու բազուկը կը յաւերժացնեն ազգ մը: Անոնք հայրենիք կու տան աներդիք ժողովուրդին:

Անոնք՝ 1918 կու տան ազգերուն…:

Հայ Եկեղեցւոյ տօնելի սուրբերու շարքին մէջ իրենց յատուկ տեղը ունին այն առիթները, որոնք տօնացոյցին մէջ դրոշմուած են «տօն ազգային ու եկեղեցական» կնիքով: Շատ չէ անոնց թիւը: Անոնք կը համրուին մատներու վրայ:

Հայոց համար մասնաւոր այդ տօներու կարգին մէջ իր եզակի տեղը կը գրաւէ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑը: 451 թուականին ստեղծուած ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ բառին մէջ կը խտանան ազգային երեք մեծ սրբութիւնները. հոգեւոր յեղափոխութեան ծնունդ ԿՐՕՆՔը, իմացական յեղափոխութեան ծնունդ ՄՇԱԿՈՅԹը, եւ քաղաքական յեղափոխութեան ծնունդ ՀԱՅԵՐՆԻՔը: Երեքն ալ պէտք է տեսնել իրենց ամբողջականութեան մէջ:

Զոր օրինակ.

ԿՐՕՆՔ ըսելով հասկնալ՝ հաւատք, Աստուածաշունչ, քրիստոնէութիւն, տաճար…:

ՄՇԱԿՈՅԹ ըսելով հասկնալ՝ լեզու, գիր ու դպրութիւն, արուեստ, կառոյց…:

ՀԱՅՐԵՆԻՔ ըսելով հասկնալ՝ հող, անկախութիւն, սահման, բանակ…:

Ըստ էութեան, երեք սրբութիւնները զիրար կ՛ամբողջացնեն: Իւրաքանչիւրին ամբողջական արժէքը կը կայանայ անոնց համալրման մէջ: Անոնց իրարմէ անքակտելիութիւնը կ՛երաշխաւորէ ազգին շարունակականութիւնը ու աճումը: Եթէ ուզենք երեքը միացնելով մէկ բառ գործածել՝ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ բառը լաւագոյնս կը դրսեւորէ անոնց միութիւնը: ՎԱՐԴԱՆԱՆՑը ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ պատերազմն էր, ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ պահելու՝ ՀԱՅ մնալու պատերազմը:

ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄ.

ԱՀԱ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ ԲՈԼՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՀԱՅԵՐՈՒՆ,

ՊԱՏՃԱՌԸ ՄԵՐ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՈՍԿԻ ՇՂԹԱՅԻՆ,

ԵՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ:

comments

Advertisement