Ներկայի Եւ Մօտիկ Անցեալի Թուրքիոյ Զուգահեռները

By Asbarez | Tuesday, 27 February 2018

ԱՌԷՆ ՏԷԿԻՐՄԷՆՃԵԱՆ

 

0223arendegirmejian

Թուրքիոյ քաղաքական դիմագիծը, ընդհանրապէս, բնազդաւորուած է երկու կողմնակցութեամբ. առաջինը՝ կրօնամէտ քաղաքական ալիքի խումբերը, իսկ երկրորդը՝ հանրապետական Աթաթուրքեան սկզբունքներու հետեւորդները, որոնք երկար տարիներ միակ քաղաքական կամք պարտադրող ալիքը եղած են Օսմանեան կայսրութեան վերջակէտէն ետք: Այս երկու խմբակցութիւններու քաղաքական կամքերու երկար վերիվայրումները մէկնակէտը եղան քաղաքական տարբեր տեսակի կրօնամէտ ալիքի մը վերարտադրութեան՝ որ նոր-Օսմանեան-թեքնոքրաթական (Neo-Ottomanist-Technocratism) գիծն է եւ որ ներկայացուած է Արդարութիւն եւ բարգաւաճում (AKP) իշխող կուսակցութեանբ, որ 15 տարիէ ի վեր իր ոսկեշրջանը կ՛ապրի:

Թուրքիոյ մէջ շատոնց արմատացած է ազատ պետականութեան հասկացողութիւնը, տալով իրեն ներքին ուժ եւ միջազգային քաղաքական կշիռք.  ուժը բնականաբար իր դասական հասկացողութենէն անդին նաեւ տարբեր կերպերու մէջ դրսեւորուած է, համապատասխանելով ժամանակի պայմաններու պարտադրութեան:

Եւ այսօր՝ 21րդ դարուն, ուժի հասկացողութիւններուն մէջ կարեւոր է տեղեկատուական պատերազմներու ուժի գաղափարը՝ իր զանազան ծալքերով: Պատմութեան ընթացքին, քաղաքական փորձառութեան տրամաբանութիւնը կը ներկայացնէ, թէ որեւէ շարժման սկիզբը եւ շարունակութիւնը, նախ եւ առաջ, կը սկսի մտային, մշակութային եւ գաղափարական հասկացողութիւններու վերակազմակերպութեամբ եւ ժողովուրդի  գաղափարաքաղաքական միտքի վերադաստիարակութեամբ, օգտագործելով զանազան միջոցներ: Իսկ այսօրուան արդիական բազմազան միջոցներուն մէջ, մեծ կարեւորութիւն կը վայելէ ֆիլմի եւ պատկերասփիւռային հաղորդաշարներու արտադրութեան զարգացումները եւ զանոնք տարբեր նպատակներով օգտագործելու ժամանակակից գիտութիւնները։ Անոնք ազդեցիկ մեծ գործ կը մատուցեն պատմութիւնը ներկայացնելու եւ այդ ներկայացման ընդմէջէն մտադրուած գաղափարներ փոխանցելու նպատակին: Բնականաբար, այս ֆիլմաշարերու միջոցները զերծ չեն մնար Թուրքիոյ գաղափարական այս նոր գիծի <<դաստիարակչական>> գործընթացէն, որուն նպատակն է նոր-օսմանեան մշակոյթի հոգեբանա-մտածողութիւնը աշխուժացնել եւ կ՛օգտագործուին՝ յիշեցնելով անցեալի Օսմանեան պետութեան, որ արդէն իսկ պատմութեան գիրքերուն մէջ մնացած է, կայսերական <<փառքի>> օրերու հոգեբանութիւնը, եւ նաեւ ներկայացնելով թուրքիան՝ իբրեւ իսլամական աշխարհի իրաւունքներու պաշտպան եւ իր շրջանի մեծ ղեկավարը:

Այսօր, շարք մը զուգահեռներ կրնաք գծել, երբ բաղդատական մը կատարենք (AKP) գիծի քարոզարշաւներուն եւ վերոյիշեալ տեսակի հաղորդաշարներու բովանդակութեան մէջ, որ կը սփռուի ոչ միայն թուրքիոյ տարածքին, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի, ու նամանաւանդ իսլամական անծայրածիր աշխարհի տարածքին: Այս շաքարապատուած ֆիլմաշարներու քարոզարշաւով, թուրքը կրկին սկսաւ եղբայրութիւն, արդարութիւն եւ Օսմանեան ոգիի վերականգնումը ներկայացնելու, բայց յաճախ մոռնալով, որ ինչ տեսակի (բաժնէ եւ իշխէ) անարդար քաղաքականութեամբ կը տիրէր շրջանի ժողովուրդներուն վրայ, եւ ինչ տեսակի եղբայրութիւն կը սերմանէր՝ օգտագործելով փոքրամասնութիւնները եւ գերադասութիւններ դնելով ժողովուրդի տարբեր խաւերուն միջեւ: Գեղարուեստական այս հաղորդաշարներու խումբէն շատ կարեւոր է յիշել վերջերս սփռուող երկու ֆիլմաշարներ՝ <<Payitaht Abdulhamit>>  եւ <<Mehmetcik: Kut’ul Amare>> արտադրութիւնները:

<<Payitaht Abdulhamit>>ը, որ արդէն իսկ իր երկրորդ մասը (տարին) թեւակոխած է, կը պատմէ սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ի ներքին քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներուն մասին, իսկ <<Mehmetcik Kut’ul Amare>>, որ համեմատաբար նոր սկսած կը նկատուի, կը ներկայացնէ 1914էն տաքցած Համաշխարհային Ա. պատերազմի թուրք զինուորականութեան ընդհանուր գործողութիւնները՝ յատկապէս հայ ազատամարտիկներուն դէմ: Երկուքն ալ հիմնուած են պատմական որոշ հիմքերու վրայ, բայց, դժբախտաբար, դիտումնաւոր եւ ահռելի խեղաթիւրման փորձերով լեցուն բովանդակութեամբ:

Այս Երկու ֆիլմաշարներուն մէջ, բնականաբար, կը յիշեն 1890-1915 ժամանակաշրջանի Հայոց Ցեղասպանութեան եղելութիւններուն մասին,  յատկապէս մեծ դերակատար է  հայուն ինքնութեան նիւթը եւ վարկագիծի ներկայացումը տարբեր դերերու մէջ, որ առաջին տարբերակն է օսմանցի <<հաւատարիմ ժողովուրդ>>ի (Millet-I Sadika) տիտղոսը վայելող սուլթանի հնազանդ հետեւորդները, իսկ երկրորդ տարբերակը՝ եւրոպական եւ այդ ժամանակի իմփերիալիստական (կայսերական-Խմբ.) ուժերու խոստումներէն խաբուած ենթակայ հայերը, անդին մոռնալով եւ ամբողջովին խեղաթիւրելով ազգի մը արդար պահանջները եւ շաքարապատելով Ցեղասպանութեան իրողութեան իսկական պատճառները:

Այս երկու <<սերիալ>>ները կը շահին կառավարական իշխող խաւի համակարգերու հովանաւորութիւնը, որովհետեւ կը համապատասխանեն եւ աջակից կ՛ըլլան երկրի իշխող նոր-օսմանեան ալիքի քարոզչութեան շարունակականութեան: Առաւել, կ՛արժէ յիշել,  թէ <<Payitaht Abdulhamit>>ը նաեւ կը հովանաւորուի եւ աջակցութիւն կը ստանայ սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ի անմիջական ընտանիքէն սերած թոռնիկներուն (երրորդ եւ չորրոդ սերունդի) կողմէ:

Այսօր, թուրքիոյ այս տեսակի հաղորդաշարներու արտադրութիւնները տեսլական փոխել տալու դեր կը կը կատարեն տարբեր բեմերու վրայ, վնաս հասցնելով նաեւ մեր ազգային արդար իրաւունքի եւ պահանջներու բարոյական հեղինակութեան՝ միջազգային կարծիքի եւ մշակոյթի հասկացողութեան մէջ:

Օտար ազգեր երբ հմայուած կերպով կը հետեւին այս շաքարապատուած պատմական գեղարուեստական արտադրութիւններուն եւ երբ խեղաթիւրուած տարբերակ մը կը տարածուի օտար ժողովուրդներու միտքերուն մէջ,  բնականաբար, Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան ուրացման գործընթացը բնական երեւոյթ մը կը դառնայ:

Ժողովուրդներ այսօր իրենց ազգային մշակոյթները կը ձեւաւորեն մասնագիտացած գեղարուեստական արտադրութիւններով, իսկ մեր հայկական արտադրութիւնները դեռ զբաղուած են մաֆիոզական անհեթեթ յաջորդ զզուելի հաղորդաշարը պատրաստելու գործով:

Զարմանալի է սակայն այն, որ հայոց երկիրը, որուն մէջ տարածուած են գրողներու, բեմադրիչներու եւ գիտնականներու յուշարձաններ, պատմական կայսրութիւն եւ թագաւորութիւններու արժէքի տէր եղած է, եւ իր արտադրութիւնները ըլլան այս տեսակի անբանիմաց եւ իմաստազուրկ ֆիլամաշարները:

Ո՞ւր է մեր տեղեկատուական պայքարը այս խեղաթիւրուած քարոզարշաւին դէմ։ Առիթը չտանք որ թուրքը մեր արդար պատմութիւնը ներկայացնէ իր անարդար ակնոցով…

 



comments

Advertisement