Եւրասիականութիւնը Եւ Ռուսիոյ Աշխարհաքաղաքականութիւնը

By Asbarez | Friday, 02 March 2018

0227yeghig

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Ըստ Հալֆորտ Մաքինտըրի (1904)՝ աշխարհագրութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու հիմնական սիւնն է: Մաքինտըրի նման, այլ աշխարհաքաղաքագէտներ եւս կը հաւատան, որ միջազգային յարաբերութիւնները հիմնուած են ծովային եւ ցամաքային ուժերու միջեւ պայքարին վրայ: Այս գաղափարը պաշտպանող ակադեմականներ կը հաւատան, որ Մեծն Բրիտանիոյ եւ ցարական Ռուսիոյ միջեւ 19րդ դարուն ծաւալած պայքարը հիմնուած է այս եզրակացութեան վրայ: Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Անգլիոյ քաղաքական եւ ծովային ուժը անհետացած էր եւ փոխարինուած Միացեալ Նահանգներու ուժով, իսկ Խորհրդային Ռուսիան դարձած էր ցամաքային ուժ՝ ամբողջ Եւրասիոյ մէջ: Մաքինտըրի համաձայն՝ այն կայսրութիւնը, որ կը տիրէ Եւրասիոյ ցամաքամասին, կը տիրէ աշխարհին, հապա ինչո՞ւ Նափոլէոն եւ Հիթլեր փորձեցին գրաւել Եւրասիան:

Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանին, Արեւմուտքը շատ կարեւորութիւն չտուաւ այս շրջանին, իսկ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք անիկա ՕԹԱՆի (ՆԱԹՕի) միջոցով տարածուեցաւ արեւելեան երկիրներ եւ ընդարձակուեցաւ դէպի ներկայ Ռուսիոյ սահմանները: Ռուսիա հակադարձեց արեւմտեան տարածման՝ 2008ին Վրաստանի մէջ տիրանալով Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ, նոյն իրավիճակը կրկնուեցաւ 2014ին, Ուքրանիոյ մէջ, ուր Ռուսիա իր սահմաններուն միացուց Խրիմը, իսկ իր դաշնակիցները իրենց հակակշիռին ենթարկեցին արեւելեան Ուքրանիան:

Պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է, որ աշխարհագրական սահմանները միայն ուժով է, որ կարելի է ընդարձակել, կամ գոնէ՝ քաղաքական ազդեցութիւնը տարածել կրօնի, մշակոյթի կամ պատերազմի միջոցով: Ռուսիոյ պարագային, այս երեք միջոցները մինչեւ օրս կը գործածուին:

2000ին, Վլատիմիր Փութինի նախագահ ընտրութեամբ, ռուս աշխարհաքաղաքագէտները, մտաւորականները եւ հետազօտական կեդրոնները սկսան հետաքրքրուելու իրենց աշխարհագրական դիրքին կարեւորութեամբ: Անոնցմէ ամէնէն նշանաւորն է Ալեքսանտր Տուկին, որ աջակողմեան ծայրայեղական հրապարակախօս ու մտաւորական մըն է եւ Քրեմլինի պաշտօնեաներուն վրայ ազդեցութիւն ունի: Գաղտնիք մը չէ, որ նախագահ Փութին ազդուած է Տուկինի գաղափարներով եւ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը անոր առաջարկներէն մէկն է, որուն նպատակն է տնտեսութեամբ իրարու միացնել նախկին խորհրդային երկիրները՝ Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ: Ոչ միայն տնտեսական, այլեւ՝ քաղաքական  առումներով, եւ այսպիսով այս միութեան անդամ երկիրները կախեալ դարձան Ռուսիոյ տնտեսական եւ քաղաքական ուժէն:

Տուկին իր <<Աշխարհաքաղաքականութեան Հիմքերը Եւ Ռուսիոյ Աշխարհաքաղաքականութինը>> (1997) խորագրեալ գիրքին մէջ կոչ կ՛ուղղէ ռուսական իշխանութիւններուն, որ վերահաստատեն իրենց եւրասիական կայսրութիւնը՝ դէմ դնելու համար ատլանտեան կայսրութեան (Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպան): Ասոր իրականացման համար Ռուսիա պէտք է իր հակակշիռին տակ առնէ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրները եւ դաշինքներ կնքէ այլ հակաատլանտեան երկիրներու հետ, ինչպէս՝ Թուրքիոյ, Իրանի, Չինաստանի եւ Հնդկաստանի, ուժերու հաւասարակշռութիւն մը ստեղծելու համար համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ:

Սակայն այս բոլորով հանդերձ, շատեր կը նկատեն, որ Ռուսիա շրջանային ուժ մըն է եւ ոչ թէ՝ միջազգային, եւ Ռուսիոյ տնտեսութիւնը գրեթէ հիմնուած է քարիւղի գիներուն վրայ: Պաղ պատերազմէն ետք միակ շրջանը, ուր Ռուսիա միջամտեց խորհրդային սահմաններէն դուրս, Սուրիան էր, եւ մինչեւ օրս, հակառակ բոլոր պնդումներուն, դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուի: Այո՛, Ռուսիա այսօր կ՛իշխէ եւրասիական ցամաքամասին, սակայն արեւմտեան սահմանէն արդէն իսկ կորսնցուցած է երկիրներ, որոնք 2004էն սկսեալ անդամակցեցան ՕԹԱՆին, եւ ասիկա պատճառ դարձաւ, որ ռուսական աշխարհաքաղաքական սահմանը նահանջէ եւ հասնի Ուքրանիոյ սահմանները:

Շատ հաւանական է, որ 2018 թուականը ըլլայ այն տարին, որուն ընթացքին շօշափելի արդիւնքներ ըլլան՝ լուծելու համար Ուքրանիոյ տագնապը, երկիրը բաժնուած է երկու մասերու, արեւելեան շրջանը ամբողջութեամբ ռուսական ազդեցութեան տակ է, իսկ արեւմտեան շրջանը՝ Արեւմուտքի ազդեցութեան տակ: Եթէ Փութին կ՛երազէ վերականգնել Եւրասիական կայսրութիւնը, ինչպէս որ էր Ռոմանովներու օրերուն, ապա ատիկա կը սկսի Ուքրանիայէն:

 

Yeghia.tash@gmail.com

 



comments

Advertisement