ԱՀԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ- Արեւաթաթախ Խաւար

By Asbarez | Saturday, 07 April 2018

ՏՈՔԹ. ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ

 

0127shavarshchroisian

Ահա վայրէջք կատարած ենք ամայի հրապարակ մը: Մեր առջեւ՝ կիսով հրկիզուած ու կիսաւեր հոյակապ եկեղեցի մը: Սկզբնական շփոթանքը հազիւ փարատած, մեզմէ քանիներ գրեթէ միաբերան, բայց ահաբեկ՝ <<Անիի Մայր տաճա՜րը>>, կը շշնջան: Կը հարցապնդենք մեր խելաձայնները: Այո, <<1071, Անի>>, ցոյց կու տան: Տարօրինակ, մեր փոթորիկը մեզ չէ թողած, կը շարունակէ մեր շուրջ անանցանելի պատուար պահել, մեզի առիթը տալով զինք աւելի լաւ քննելու: Կարծես ձիգ ձագարաձեւ ոլորաթաթառի (tornado) եւ հոլովափոթորիկի (hurricane) զուգորդում մը, որուն կեդրոնի <<աչք>>ին մէջ, ուր մենք կը գտնուինք, անդորր կը տիրէ, բայց շրջանակի բոլորտիքը՝ անխնայ աւերում կը յառաջանայ: Դուրսը, թշնամիի մը կարծեցեալ յարձակումէ մը ահաբեկուած՝ թրքերէն վայնասուններ, Ալփ Ասլանէ հայցուած օգնութեան կանչեր: Բայց մենք գիտենք, ան այժմ Մանազկերտ է, պիտի ջախջախէ բիւզանդական բանակը, Ռոմանոս Դ. յոյն կայսրը գերի պիտի բռնէ:

Հասկցած ենք: Մեր փոթորիկը կը գործէ որպէս մեր պահապանը՝ ծայրայեղ անհիւրընկալ եւ սպառնալից այս միջավայրէն ներս, միաժամանակ մեզ իրազեկ զգաստութեան կը հրաւիրէ: Կը յառաջանայ յամր, մեզ տանելով հրկիզուած ու կիսաքանդ այլ շինութիւններուն եւ եկեցիներուն առջեւէն: Մեզմէ ոմանք կը ճանչնան Ս. Գրիգորը, Ս. Առաքելոցը, Ս. Փրկիչը: Փողոցներուն եւ շէնքերու պատերուն վրայ տակաւին կան յստակ տեսանելի արեան հետքեր: Օր ցերեկով ընկղմած ենք մտային ու հոգեկան ճմլող ընկրկման մը խաւարին մէջ: Տեսա՛նք՝ ալ չտեսնե՜նք:

Ակնթարթի մէջ ահա փոխադրուած ենք լերան մը ստորոտը, հարուստ կանանչութեամբ անտառապատ խաղաղ կիրճ մը: Գագաթին՝ անառիկ ամրոց մը: <<Սի՞սն է>>, կը վարանի մեզմէ մէկը: Ոչ: Մեր խելաձայնները <<1203, Անարզաբա>> ցոյց կու տան: Մեզ հովանաւորող փոխադրափոթորիկը մեկնած է, երեկոյ է, հոգնած եւ ընկճուած ենք: Ամրոց բարձրանալու հարցը չ՛ըլլար: Անտառի պտուղներով ընթրենք, գետակին ջուրով զովանանք, քիչ մը խօսակցինք, ապա քնանանք: Քնանա՜լ:

Պատմական մեր հողին վրայ, մեզմէ դէպի արեւելք, շուրջ եօթը դար հայը պիտի քնանայ կէս անգիտակից, ստրուկ, անզօր զոհը նախճիրներու:

Շրջանակի կը նստինք առուակին եզերքը, կերպ մը խարոյկ կը վառենք, կը վայելենք համեղ պտուղները: Խոհեր կը խճողեն միտքերը: Մեր մէջ պատմագէտ մը կա՞յ: Մէկը վարանոտ՝ <<այո, ես>>: Անո՞ւնը. Հրանդ, բայց մականուն չ՛ուզեր տալ:

Կտրուկ, հայ ռամիկը իր ժամանակին համար միշտ տուաւ աւելիով: Շա՛տ աւելիով: Նուազագոյն ինը դար եղաւ անսովոր քաջութեան տէր ռազմիկ, հոս ու հոն գրեթէ տեւաբար կռուեցաւ իր աւատապետին, նախարարին, իշխանին, երբեմն ալ թագաւորին համար: Իրմէ բազմամարդ ներխուժող բանակներու դէմ, երբեմն ալ իր հայ եղբօր դէմ: Ծանր տուրք վճարեց տեղի իշխանաւորին ու դրսեցի տիրակալին՝ պարսիկին, Հռոմին, արաբին, յոյնին: Մշակելով, կերտելով, ձեռարտադրութեամբ, առեւտուրով տքնեցաւ բաւարարելու համար տուրքերը՝ շատ աւելի քան համեստ իր կարիքները: Բայց երբ կորսնցուց ազգային ազդու առաջնորդութիւն, անշուշտ մատնուեցաւ յուսահատութեան, անզօր կրաւորականութեան: Տասերկու դարերու համադրեալ գումարով տաժանելի ժամանակ մը՝ Արտաշէսեաններէն մինչեւ 1918:

Ո՞վ, ի՞նչը ականահարեց ու կորստեան մատնեց չորս հարստութիւնները: Երեքը տեւեցին շուրջ 200ական տարի միայն, մէկն ալ՝ 300 տարի: Այս բոլորով հանդերձ, ազգը գոյատեւեց: Շնորհիւ Մեծն Տրդատ Գ.ի, Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի մեզի աւանդած յստակ ինքնութեան մը զմայլելի եւ ապշեցուցիչ երկու գերհզօր կռուաններուն, պետական ու ազգային գոյատեւման նորարար ու հեռատես այդ ապահովագիրներուն: Սայթաքեցանք, ինկանք, բայց չկորսուեցան երկրային այդ կիսասուրբ երրորդութենէն մեզի ժառանգ մնացած հոյակապ միջնաբերդի վերականգնողական անսասանելի սիրտը եւ ուղեղը:

Հրանդը կը շեշտէ, թէ սայթաքման լծակները խորը անցեալի մութ օրերէն քանդողական անդուլ շարժման մէջ էին աւատապետական ինքնածառայական, անձնակեդրոն, տգէտ կառոյցին եւ մշակոյթին բերմամբ: Մեծն Տիգրան Բ. զսպեց այդ լծակները բայց հռոմէացի տաղանդաւոր զօրավար Պոմպէոսէն կրած իր պարտութենէն ետք այդ նոյն ջլատիչ, յաճախ մինչեւ իսկ եղբայրասպան ուժերը կրկին գլուխ բարձրացուցին: Արշակունի Տրդատ Ա., Խոսրով Ա., մանաւանդ Տրդատ Գ., Բագրատունի Աշոտ Ա., Աշոտ Բ. Երկաթ, Աբաս Ա., Աշոտ Գ. Ողորմած, Սմբատ Բ., Գագիկ Ա. սանձեցին զանոնք, թագաւորեցին հզօր, շինարար: Եկեղեցին եւս շատ ջանաց անոնց չափ դնելու: Մխիթար Գոշ գրեց իր Դատաստանագիրքը եւ առակագիրքը: Ի զուր: Եսապաշտութեան անզուսպ կիրքը ու ինքնահաւան տգէտ յետադիմականութիւնը միասնաբար ի վերջոյ հասան աղիտալի ինքնակործանման:

Այո, աւատապետական կարգը մեզի առանձնայատուկ չէր, համատարած էր դարերով: Եւրոպական ցամաքամասին անիկա տիրեց Սպանիոյ, Անգլիոյ, Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի: Բոլորը լեռնոտ երկիրներ: Գերմանիան ու յետ-հռոմէական կայսրութիւն Իտալիան, միայն 19րդ դարուն պետականութիւն կերտեցին, բայց առաջնորդ թագաւորի մը արդիւնաւէտ հաւատարմութեան ներոյժը շատ աւելի շուտ ըմբռնած ու լրջութեամբ յարգած Անգլիան, Ֆրանսան ու Սպանիան կանուխէն հասան մեծ հզօրութեան, անարգել տարածուեցան, հարստացան:

Անդին՝ իրենց լեռնային ամրոցներու նեղ պատեանէն ներս մեկուսացած մեր իշխաններուն եւ նախարարներուն համար պատմական կամ ռազմական գիտելիքներու աղբիւր հազուագիւտ մագաղաթները հազուադէպ հասանելի էին: Մեր ռազմիկները զինուա՞ծ էին հատու եւ ազդու զէնքերով: Կա՞ր զինու եւ զրահի արդիականացման լուրջ հասկացողութիւն, պրպտում ու ճիգ: Շատ տարակուսելի:

Հապա ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս Աղեքսանտր Մակեդոնացին, Հռոմը, Պարթեւները, Սասանեանները, արաբները եւ թուրանականները հասան յաջորդական հսկայ տիրակալութեանց: Նախ՝ բոլորին ալ զրահաւորման յարատեւ զարգացումը: Ապա, մատնանշեց Հրանդ, առաջին երկուքի խիստ կարգապահութեան գիտակցութիւնը եւ կիրարկումը, առաջինին ռազմավարական տաղանդին ու երկրորդին օրէնքի ծերակոյտի, եւ կայսեր նկատմամբ խոր յարգանքին առընթեր:

Երրորդներու, ու մանաւանդ չորրորդներու շահնշահներուն բիրտ զսպումները ու հինգերորդներու խալիֆաներուն մարգարէէն ուղիղ յաջորդականութեան յաւակնութիւնը, յաղթական արշաւներու ատեն չհանդուրժեցին հատուածական անհնազանդ ջլատումներ: Թուրանականները, հողի պատկանելիութենէ զուրկ, տգէտ խաշնարած բայց վարպետ նետաձիգ ձիաւորներ, ասպատակող յաղթարշաւի մտասեւեռուն իրենց բնական առաջնորդներուն ապա եւ կրօնի մոլեռանդ ու կոյր հնազանդութեամբ մեզի եւ ընդանրապէս բոլորին համար ընդոծին կործանարար էին: Ու եղան:

Մինչ այդ, ջերմեռանդ ոգեւորութեամբ մը մեր եկեղեցին որդեգրեց ազգային բայց մեկուսացած կրօնաբանական դիրքաւորում մը: Քրիստոնեայ ընդհանրական պատմագրութեան բոլորովին անծանօթ, զուտ հայկական սրբանուններ, կարծես եւ ծէսեր ընդգրկելով, միթէ չհրաւիրե՞ց Հռոմի ու մանաւանդ Բիւզանդիոնի արդէն իսկ այլապէս անբարեացակամ ու թշնամական տիրող ծայրայեղ քաղաքական տարրերուն պատեհապաշտ անուանարկումը որպէս հերձուածող եւ հերետիկոս:

Ահա կը դիտենք արեւելքի մեր հողէն ծլող արեւը որ կարծես արտակարգ կարմրագոյն է այսօր: Արիւնաթաթա՞խ է: Տակաւին եօթը դար ամէն օր պիտի ծագի ու այնտեղ, մեր հողին վրայ, անզօր լուսաւորէ չփարատող խաւարը: Անիմաստ է բարձրանալ դէպի Անարզաբա: Չիրականալիք խոստումի մը եւս ականատես ըլլալէ բացի, մեր որոնումը սնուցող ուսանելի հիմնովին նոր ոչինչ ունի անիկա: Հիմա ո՞ւր:

 

shavarsh_chr@msn.com

 

 


 

 


comments

Advertisement