ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ - ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՈՂԱՆՑՔ ՍԻՏՆԻԻ ՄԷՋ

By armenia.com.au | Saturday, 21 April 2018



Այս Կիրակի 22 Ապրիլին, Սիտնիի Հայ համայնքը պիտի մասնակցի տարեկան ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՈՂԱՆՑՔԻՆ, կոչ ուղղելով Աւստրալական պետութեան ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ վերջ դնել Թուրք պետութեան կողմէ մարդկութեան դէմ գործուած եւ անպատիժ մնացած մեծագոյն ոճիրներէն մէկուն Թուրքիոյ մերժումին:

Հանրածանօթ գրքերու հեղինակ Քրիս Պօհճէլեան եւ Նիւ Սաութ Ուէյլզի Ծերակոյտի անդամ Ֆրէտ Նայլ պիտի ըլլան յատուկ հիւրերը արդարութեան այս տողանցքին, որ պիտի առաջնորդուի ՀՄԸՄի փողերախումբին, սկաուտներուն, Հայ հոգեւորականներու, ազգային ղեկավարներու, Գօլստըն Ճեմարանի եւ Շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտութեան, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան, Աւստրալահայ Ուսանողներու Միութեան, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութեան, Համազգայինի եւ ՀՕՄի ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Բազմահազար ժողովուրդին պիտի ընկերանան ոչ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ Աւստրալիոյ Ասորական եւ Յունական կազմակերպութիւններէն, որոնք զաւակներն ու թոռներն են 1915ի ցեղասպանութենէն վերապրողիրենց նախնիներուն:

Արդարութեան քայլարշաւը պիտի սկսի Սիտնիի կեդրոնական շրջանին մէջ գտնուող Հայտ Փարքէն մինչեւ Customs House,  Circular Quayի մօտ, կէսօրէ ետք ժամը 2ին անցնելով Մաքուարի պողոտայէն, ուր կը գտնուի Ցեղասպանութիւնն ու Արցախը ճանչցող Նիւ Սաութ Ուէյլզի Խորհրդարանը, Նահանգային Գրադարանը: Աւարտին պիտի հրամցուի յատուկ յայտագիր:

Մեծ թիւով Հայեր  "I WILL MARCH FOR JUSTICE" լոզունգը դրած են Ֆէյսպուքի իրենց փրոֆայլներուն, հաստատելու համար իրենց ներկայութիւնը, մինչ, այս ուղղութեամբ, վիտէօերիզներ պատրաստուած են զանազան կազմակերպութիւններու կողմէ հետեւեալ լոզունգով՝: "I WILL BE MARCHING FOR JUSTICE ON APRIL 22. WILL YOU?". Տեսնել այստեղ...















































comments

Advertisement