Չթերագնահատել Ժողովրդային Ներուժը

By Asbarez | Tuesday, 01 May 2018

0501kantsasar

<<ԳԱՆՁԱՍԱՐ>>Ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

 

Հայաստանի մէջ ծայր առած ժողովրդային շարժումին դրական զարգացումը առաջին յանդուգն քայլն էր Հայաստանի պետական համակարգը արմատական, ոստումնային բարեփոխման առաջնորդելու համար:

Տարիներ շարունակ զանազան կողմերէ հնչող այս էական փոփոխութիւններուն կարեւորութիւնը խօսքի սահմաններուն մէջ ընկղմելու սկսած էր: Ժողովուրդը, բայց մանաւա՛նդ Հայաստանի երիտասարդութիւնը, այս բոլորը խօսքէն գործի, շարժումի, կտրուկ պահանջի վերածեց՝ շրջանցելով տատամսումի, կասկածի առաջնորդող ամէն տեսակէտ:

Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութիւնը քաղաքական նոր մշակոյթ ձեւաւորելու առաջին ոստումը կատարեց անվախօրէն: Մեր պայծառ երիտասարդները, ուսանողները, խոհեմ ոստիկանները, բժիշկներն ու ժողովուրդի բոլոր խաւերը ներկայացնող տարրերը իրենց զսպուածութեամբ համայն աշխարհին ցոյց տուին, որ յեղափոխութիւնը անպայման արտաքին լծակներուն ծառայել կամ երկիրը ապակայունացնել չի՛ նշանակեր: Անոնք ժողովրդավարութեան նոր էջ բացին մեր երկրէն ներս:

Վերջին տարիներուն, զանազան երկիրներու մէջ ծայր առած ժողովրդային շարժումները տարբեր լծակներու զոհը դառնալով՝ բարեյաջող աւարտ չունեցան, ցաւօք, ու մասամբ նսեմացուցին խաղաղ ցոյցերու, ժողովրդային շարժումներու բիւրեղ պատկերը: Հիմնական պատճառը այդ ժողովուրդներուն գիտակցական մակարդակին, պայծառատեսութեան, զսպուածութեան եւ վճռակամութեան բացակայութիւնն էր, բայց մանաւանդ՝ քաղաքական վերնախաւերու կողմէ հարցերը ոխակալ մօտեցումով լուծելու քաղաքական անխոհեմութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք՝ ոչ միայն ապարդիւն դարձան շարք մը երկիրներու մէջ ծնունդ առած շարժումներ, այլեւ արտաքին ուժերու բացարձակ ազդեցութեան տակ տապալեցան:

Հայրենի մեր երիտասարդութիւնը համայն աշխարհին օրինակ դարձաւ ու շրջեց ժողովուրդին ներուժը անտեսող եւ ժողովրդավարութիւնը արհամարհող բոլոր տեսակէտները: Ան, բացառապէս խաղաղ ու նպատակային շարժումով, մեր երկրէն ներս քաղաքական մշակոյթի նոր որակ ձեւաւորեց եւ քաղաքական բոլոր կողմերուն պարտադրեց բարեփոխումներու ոստումնային քայլերու դիմել, վերջ տալու համար անարդարութեան ու անսալու հասարակութեան պահանջներուն:

ՀՅԴն միշտ ալ զօրավիգ կանգնած է ժողովրդային այն շարժումներուն, որոնք կը միտին ապահովել հայրենի մեր ժողովուրդին բարօրութիւնը, քաղաքացիին իրաւունքներուն պահպանումը: Այս շարժումը, սակայն, առաջին քայլն է, իսկ անոր վերջնական յաղթանակը պայմանաւորուած է երկրին մէջ համակարգային լուրջ փոփոխութիւններու ձեռնարկումով, յառաջացած հարցերուն լուծման առաջնորդող քայլերով, խորհրդարանական արդար ընտրութիւններով:

Սոսկ անձերու փոփոխութեամբ համակարգը չի փոխուիր, ո՛չ ալ արմատական բարեկարգումներ տեղի կ՛ունենան: Անհրաժեշտ է, որ քաղաքական բոլոր ուժերը, մէկ կողմ դնելով իրենց տարակարծութիւնները՝ հաւաքական պատասխանատուութեամբ մօտենան այս շարժումին, համախոհութիւն ձեւաւորեն, օգնեն, ներդրում բերեն Հայաստանի ժողովրդային այս զարթօնքին, սահմանադրութեան եւ օրէնքներու հիման վրայ երկխօսութեամբ, բանակցութիւններով արմատական փոփոխութիւններու ուղղուելու եւ երիտասարդութեան յոյսը, պայքարը, ձգտումները կեանքի կոչելու համար:

Պահը լուրջ է ու քաղաքական հեռատեսութիւն թելադրող:

Ժողովրդային այս շարժումէն տեսանելի բարիք պէտք է ծնի վերջապէս, որպէսզի երիտասարդութիւնը չհիասթափուի: Անցեալի էջը փակուած է: Նոր պայմաններու լոյսին տակ, նոր ու արդար մօտեցումով գործելու հրամայակա՛նն է տիրողը:

 



comments

Advertisement