Ներգաղթի Դասը՝ Հայրենադարձութեան Յաջողութեան Մեկնակէտ

By Asbarez | Friday, 11 May 2018

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

 

Hagop Balian

Հայաստան բնակութիւն կը հաստատեն <<սփիւռքահայեր>>, ոչ միայն Իրաքէն կամ Սուրիայէն հայրենադարձներ, որոնք ապահովութեան ապաստան կը փնտռեն: Կան նաեւ Ամերիկայէն, Լիբանանէն կամ այլ երկիրներէ եկողներ:

Զուգադիպութեամբ մը, երկրորդ Աշխարհամարտի յաջորդած տարիներու ներգաղթին մասին գիրքեր լոյս կը տեսնեն, յիշողութիւն եւ գրականութիւն միախառնելով: Այդ էջերու ընթերցումը ներազգային իմաստութեան առջեւ դուռ կը բանայ:

Իմաստութեան դուռ, որպէսզի բարի կամեցողութիւնները խութի չզարնուին:

Յաւակնութիւնը չունիմ այդ նիւթով հրատարակուած ամբողջ գրականութիւնը կարդացած ըլլալու: Առաւելաբար զիս հետաքրքրեցին այդ տարիները անպաճոյճ կամ գեղարուեստական գրականութեան ճամբով սեւեռող գիրքերը: Անոնց պատմածը մեր կեանքն է: Եթէ ուրիշներ ալ կան, լաւ է որ անոնց մասին արտայայտուին <<ընթերցող>>ներ:

Առանց վարդապետական ըլլալու արուեստական ճիգի, երեք փոքրածաւալ գիրքեր գրաւեցին ուշադրութիւնս, երեքն ալ գրուած հայրենադարձներու <<աշխարհ>>ի տպաւորութիւններու ինքնուրոյն մթնոլորտին մէջ. անկասկած՝ յիշողութիւններ, բայց նաեւ մասնաւոր պարագաներէ անդին անցնող մտածումներ, յոյսերու եւ բեկումներու բախման գեղարուեստական պատկերներ:

Տարբեր հասցէներէ եկած հայրենադարձներու պատմութիւններ: Նմանութիւններ միշտ կրնան ըլլալ, բայց կացութիւններու դիմագրաւումը եւ անոնց յառաջացուցած հակազդեցութիւնները միշտ ենթակայական են, ապրումներ՝ նոյն եւ տարբեր, մարդկայինի, անհատականի եւ հայրենասիրականի միախառնուող եւ զանազանուող տեսարաններով:

Գրողներ Ալիս Յովհաննիսեան եւ Յակոբ Յարութիւն, օփերայի երգիչ եւ ղեկավար Տիգրան Լեւոնեան, կը պատմեն <<ներգաղթ>>ը եւ <<ներգաղթողներ>>ը, պատկերներ, այնքան հեռու եւ մօտ հարազատ պատմութիւն՝ որ թէեւ այնքան ալ հին չէ որպէս հոգեկան խռովք, անհատականի եւ հաւաքականի չզանազանուող յիշողութիւններ, հայրենահանումէ ետք թափառումներ, նոր կայքեր, կեանք՝ որ կը շարունակուի պատշաճեցումներով:

Ապագայակերտ կ՛ըլլայ այս գրականութեան տարածումը, Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ: Սերունդները կրնան փոխուիլ, բայց վերաբերումները կրնան կրկնուիլ: Հարկ է գիտնալ եւ կանխել:

Ցեղասպանութենէ ճողոպրած հայրենահանուածներ իրենք զիրենք գտած էին տարբեր եւ նոր երկինքներու տակ, Պէյրութ, սուրիական Թէլ Քոչաք կամ պուլկարական Ռուսճուկ, եւ այլ վայրեր: Նոր եւ օտար աշխարհներ, նոր դրացիներ, որոնց հետ կիսած էին իրենց օրերը: Եւ հուսկ՝ հայու սրտին այնքա՜ն մօտիկ՝ ներգաղթը, կեանքը իր հունին մէջ դնելու սէրը եւ կարօտը, որոնք կը վերածուին անծանօթի մէջ ոստումի:

Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտին տեղի ունեցած <<Ներգաղթ>>ի մասին հարկ է խօսիլ, խօսիլ նաեւ անոր յաջորդած <<ներգաղթողներու արտագաղթ>>ի մասին, որպէսզի հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի համար էական կարեւորութիւն ունեցող <<հայրենադարձութիւն>> տեղի ունենայ, ոչ միայն միաւորներու հոգեկան բաւարարութեան համար: Հայրենադարձութիւն, զոր պէտք է կազմակերպել, ընելով այնպէս, որ անիկա յաջողի, չկրկնուի <<Ներգաղթ>>ի ձախողութիւնը, որ պատճառ դարձաւ տարերային արտագաղթի:

Երէկ խորիմաստ էր Շաւարշ Միսաքեանի խօսքը. <<Հայրենիքը պանդոկ չէ>>: Աւելի քան խորիմաստ էր եւ է այդ խօսքը Հայաստանէն դիտուած, քանի որ անիկա կը խտացնէ  ազգի գոյացման խարիսխը: Անիկա նոյնքան խորիմաստ է սփիւռքներէն դիտուած, երբ հայրենիքը <<կարօտակէզ>> հոգիներու համար զբօսաշրջութեամբ ապրուող բալասան է, առանց ազգային-քաղաքական յառաջընթաց ըլլալու: Երկու պարագաներուն ալ մենք մեզ կը գտնենք հայրենատիրութեան մարդկային-ազգային-մշակութային-քաղաքացիական գիտակցութեան նահանջին առջեւ, զոր հասկնալ-բացատրելու-արդարացնելու բոլոր կեղծիքները խտացնող ճառերը անհետացման առաջնորդող մայրուղիներ են:

Հայրենիքի տէր ըլլալու պայմանները կը ստեղծուին քաղաքական եւ գաղափարախօսական կամքով: Յաջողելու համար արմատ նետելու կարելիութիւն պէտք է տալ հայրենադարձին, դիւանակալական ճապկումներով պատեր չբարձրացնելով: Որպէսզի հայրենադարձը արմատ նետէ, հարկ է վնասազերծել այն բոլոր անհարթութիւնները, որոնք մեր մէջ արմատներու աճումը կ՛արգելակեն եւ կը փտեցնեն: Պետական եւ համազգային գիտակցութեամբ, բացասական վերաբերումները հարկ է առանձնացնել եւ անոնց դէմ մղել իսկական անխնայ պայքար:

Հայրենադարձութիւնը նեցուկի պէտք ունի. բարոյական, վարչական, մշակութային, նիւթական: Ժողովուրդը, պետական եւ քաղաքային վարչութիւնները պիտի հասկնան, որ հայրենադարձները կը վերագտնեն նոր աշխարհ եւ միջավայր, վարժութիւնը եւ պատշաճեցումը պէտք է դիւրացնել, որպէսզի հայրենադարձը չմտածէ կրկին երկրէն դուրս գալու մասին, քաջ գիտնալով որ այդ երկրորդ ելքը կ՛ըլլայ անվերադարձ եւ ազգի համրանքի վերջնական կորուստ: Վերջին տասնամեակներուն Հայաստան ապաստան գտածներ կրկին սփիւռքացած են, ինչ որ գաղափարական պարտութեան արտայատութիւն է:

Ֆրանսայէն ներգաղթած հայը երբ դէպի Ֆրանսա արտագաղթեց, ֆրանսական թերթը գրեց, որ <<ան վերադարձաւ իր հայրենիքը>>… Ի՜նչ ծաղր…

Պետութեան, լրատուամիջոցներու եւ ընկերային բոլոր կառոյցներուն նպաստով պէտք է ապահովել հայրենադարձի անխոչնդոտ համարկումը հայրենիքի տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական կեանքին, որպէսզի <<իրենց չպատկանող հայրենիքը չվերադառնան>>:

Այս համարկումը չ՛իրականանար բաժակաճառերով:

Մանաւանդ պէտք է հասկնալ նաեւ, որ բոլոր սփիւռքահայերը միլիոնատէր չեն, միլիոնատէր չեն նաեւ բոլոր հայրենադարձները:

Ալիս Յովհաննիսեանի, Յակոբ Յարութիւնի եւ Տիգրան Լեւոնեանի վկայութիւնները պէտք է հասնին հայրենի ժողովուրդի իւրաքանչիւր ընտանիքի, որպէսզի հայրենադարձը ըլլայ հարազատ, չդիտուի որպէս օտար: Այդ դրական վերաբերումը կրնայ բանալ դարպասը աւելի մեծաթիւ հայրենադարձութեան: Հայրենադարձութիւնը ազգի եւ հայրենիքի հզօրացում է: Կը յառաջանա՞յ այս գիտակցութիւնը զանգուածներուն համար, ներսը եւ դուրսը:

Եւ նկատի ունենալով օրինակի արժէքը, կազմակերպուած եւ յաջողած հայրենադարձութիւնը կրնայ նաեւ ազդու դարմանը ըլլալ վարակ դարձած արտագաղթի:

Այս հարցին մասին պէտք է խօսիլ առանց հռետորական աղմկարարութեան, խօսիլ ազգային ապագայի տեսիլքի մը իրականացման սիրով եւ հաւատքով, անհատական եւ հաւաքական յանձնառութեամբ:

Հայրենադարձութիւնը յաղթանակ է ընդդէմ Ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման:

Ոչ տիտղոս, ոչ հանգամանք, ոչ երեւելիութիւն:

Եւ ոչ բարոյական բեմական անվաղորդայն յուզում, այլ՝ քաղաքական աքթ:

Հարկ է ունենալ բաւարար ազգային գիտակցութիւն եւ հպարտութիւն, աշխարհներու միւս ծայրերէն չդիտելու համար Արարատի գլխէն կախուած <<Լուսաւորչի Կանթեղը>>, եւ հայրենատէր ըլլալու համար ըլլալ ներկայ, ոչ սոսկ բարեսէր եւ ոչ ալ եկող-գացող <<տուրիստ>>:

 

comments

Advertisement