By Asbarez | Wednesday, 16 May 2018
<<ԱՍՊԱՐԷԶ>>
Սփիւռքի նոր նախարար ունինք, երիտասա՛րդ:
Հայաստանի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Սփիւռքին հարցերով զբաղող նախարարութիւնը, հայրենիքի ներկայ քաղաքական իրավիճակի փոփոխութեան լոյսին տակ, կը դիմագրաւէ իր ցարդ կատարած գործունէութիւնը վերարժեւորելու եւ աշխատանքի նոր ոճ, նոր ուղղութիւններ, նոր սկզբունքներ ճշդելու հրամայականը: Կը յուսա՛նք:
Նախարարը ճանչնալու առիթ չենք ունեցած, բայց պէտք է վստահինք իր երիտասարդ տարիքին իսկ բերումով՝ թարմ շունչ ու մօտեցում բերելու խոստումին: Հաւանաբար, մեր ամէնէն մեծ ներդրումը այս հանգրուանին պիտի ըլլայ չաճապարելու յորդորը՝ Սփիւռքի հետ աշխատելու բանաձեւ գտնելու մօտեցումներուն մէջ:
Անշո՛ւշտ, այսօր Սփիւռքն ալ վարակուած է Հայաստանի մէջ ծայր առած ժողովրդային շարժումէն, եւ բնականաբար նոր խանդավառութիւնը պիտի նպաստէ, որ գտնուին աւելի արդիւնաւէտ միջոցներ՝ Նոր Հայաստանի կերտման գործնապէս մասնակցելու:
Սփիւռքի հետ գործելու հիմնական ռազմավարութիւնը, մեր համոզումով, պիտի աշխատի բոլո՛րը ընդգրկող, այսինքն՝ բոլոր կազմակերպութիւններն ու կառոյցները ներգրաւող ու անշուշտ, միեւնոյն ժամանակ անոնցմէ դուրս գտնուող հսկայական տաղանդներն ու հնարաւորութիւնները դէպի հայրենիք ուղղորդելու ծրագիրը իրականացնել: Ամէնէն սխալ մօտեցումը կ՛ըլլայ Սփիւռքի մէջ հատուածական վարքագիծ որդեգրելը, համակիրներու ու հակառակորդներու ճամբարներով մարդիկ, խմբակցութիւններ ու կազմակերպութիւններ դասաւորելը: Այսպիսի մօտեցում ո՛չ մէկուն օգուտ կու տայ: Կարիք ալ չկայ անոր: Այսօր մթնոլորտը նպաստաւոր է համազգային համերաշխութեամբ Հայաստանը հզօրացնելու գործին լծուելու: Ուրեմն՝ լծուինք այդ աշխատանքին, միասնաբա՛ր, առանց մէկս միւսին հանդէպ չարութիւն սնուցելու, առանց զիրար խոչընդոտելու, առանց ցեխարձակումներով զիրար մաշեցնելու, առանց զիրար արհամարհելու:
Սփիւռքի մէջ արդիւնաւէտ ըլլալու միակ ճանապարհը ա՛յս է. մրցակցիլ՝ յօգուտ Հայաստանի, զիրար գերազանցել՝ յանձնառութիւններով:
Յաջողութիւն կը մաղթենք նոր նախարարին: Մենք պատրաստ ենք այդ յաջողութեան նպաստելու: Մենք պատրաստ ենք մասնակցելու Սփիւռքի հետ համագործակցութեան լաւագոյն ճանապարհները փնտռող խորհրդակցութեանց:
comments
Ատրպէյճանի Զանգուածային Յարձակումը Հայաստանը Դարձուց Աշխարհի Կիզակէտը
ՄԱԿի Պաշտօնեան Թուրքիոյ Ճնշումներուն Տակ Ջնջած է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Թուիթըրի Իր Գրառումը
Թող որ Սարդարապատի զանգի ղօղանջները զարթնեցնեն գնած լաօները
ԱԿՆԱՐԿ.- «ԶԱՐԹԻ՛Ր, ԼԱՕ՛»-ԷՆ ԱՆԴԻՆ
Հայրենի Ժողովրդի Փրկարար Զարթօնքը…
Հայաստանեան Ուսանելի Զրոյցներ Եւ Պատկերներ
Շուշիի Վերաազատագրման Յանձնառութեան Օր
Ցեղասպանածին «խաղաղասիրութեան դարաշրջան»-ը եւ հայ ցեղին պաշտպան «Դիմադրութիւն»-ը
Օտար Մամուլի Հետքերուն Վրայ.- Ինչպէս Կը Դիտուին Արցախի Հարցը Եւ Հայաստանի Կացութիւնը