Հայաստանի Իշխանափոխութեան Ներշնչած Յոյսերը Եւ Մտավախութիւնները

By Asbarez | Wednesday, 16 May 2018

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

 

Hagop Balian

Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան նուիրուած քննարկումներու հանդիպումներու վաղորդայնին, ինչպէս կ՛ըսեն brain storming-է ետք, անմիջական ներկային եւ անմիջական վաղուան մասին մտածել մեղանչում պէտք չէ համարել:

Ժիւլ Վերն երազեց հեքիաթի <<Նոթիլիւս>>ը, ժամանակակից գիտութիւնը եւ ճարատարագիտութիւնը ծով իջեցուցին հիւլէական ուժով բանող իրաւ <<Նոթիլիւս>>ը:

Հաւանօրէն շատեր, մեկնելով նաեւ այլ ժողովուրդներու օրինակէն, կրնան ունենալ այն մտավախութիւնը, որ պատմութիւնը կրնայ կրկնուիլ նաեւ մեր պարագային… Այդպէս մտածողներ անպայման չարիքի գուշակներ չեն:

Պատմութեան մէջ օրինակներ չեն պակսիր, երբ յոյսեր ներշնչած նոր իշխանաւորը կ՛ըլլայ նախորդի հարազատ որդին: Պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք, երբ հաւաքականութիւնները կը կուրանան եւ կը խլանան զանազան պատճառներով, նիւթական, զգացական, կամ կողմնապաշտական, թոյլ տալով, որ ամբոխավարներ իրենց քիթէն բռնած տանին այս կամ այն կողմ:

Հայաստանի մէջ կը ձեւաւորուի նոր կառավարութիւն, ժողովրդական պահանջի ալիքի վրայ: Փոխանցման շրջան մը կ՛ապրի Հայաստանի պետութիւնը: Նոր կառավարութիւնը պիտի փորձէ բաւարարել ժողովրդական ակնկալութիւնները յաւելեալ արդարութեան ենթահողի վրայ: Միաժամանակ կառավարութիւնը ազգային-պետական զոյգ քաղաքականութիւն պիտի մշակէ, պիտի առաջնորդէ, որ անհատներու սպասումներուն պատասխան պիտի չըլլայ, այլ ազգի: Ազգը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռք(ներ)ի, եւ այս պարագային գերիշխող պէտք է ըլլայ քաղաքական միտքը, ազգային հեռանկարներու, ինքնութեան եւ իմաստութեան լուսաւորումով:

Այդ իմաստութիւնը, առաջին հերթին, հանրային կարծիքը եւ իշխանութիւնը զերծ պէտք է մնան, պէտք է պահուին յաղթողի եւ պարտուածի տեսակ մը հոգեխոցէ (trauma): Եթէ երկիրը ինքզինք յանկարծ գտնէ նման կացութեան մէջ, կը մտնենք տեւաբար իշխանութիւն փոխելու խաղին մէջ, հողմապտոյտը մեզ կ՛առնէ իր յորձանքին մէջ, եւ երազուած <<վերականգնում>>ները կը դրուին սպասման սենեակներու մէջ: Ոմանք պիտի դժգոհին եւ նախաձեռնութիւնները պիտի համարեն կիսամիջոցներ, ուրիշներ պիտի գտնեն, որ ձեռքբերումները կը դատապարտուին կորստեան:

Հոս կը սկսի մտաւորականութեան աշխատանքը, որ պարտի բացատրել, այն, ինչ կը կորսնցնենք հաւաքական կորուստ կ՛ըլլայ, իսկ յաջողութիւնները կ՛ըլլան երաշխիք վաղուան վերականգնումի: Այս տարրական ողջախոհութեամբ եթէ առաջնորդուին ղեկավարութիւնները, ոչ միայն կառավարութիւնը, ժողովրդային շարժումը հասած կ՛ըլլայ իր նպատակին, փոխան անձերու փողոխութեամբ կրկներեւոյթներու (mirages) խաբկանքով գոհունակութիւն պատճառելու եւ անմիջապէս վերջ ծնունդ տալու դժգոհութիւններու ալիքի:

Իշխանափոխութիւնները ազգային անվտանգութեան հիմնական խնդիրով հատուածական եւ կոմնապաշտական վերաբերում ունենալ չեն կրնար թոյլատրել իրենք իրենց: Մազաչափ անգամ պէտք չէ հեռանալ ազգային անվտանգութեան հիմնական սկզ-բունքներէն, որ կը նշանակէ թէ առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններու, անհրաժեշտ է յառաջացնել առանց <<թուքով կպցրած>> ճապկումներու համախոհութիւն: Պարզ պէտք է ըլլայ, որ բանակը որեւէ պարագայի քաղաքական ազդակ պէտք չէ ըլլայ, պէտք չէ թոյլ տալ, որ ըլլայ: Թող ներուի ըսել, որ Հայաստանի հետ եւ Հայաստանի կողքին, Սփիւռք(ներ)ը այդ անվտանգութեան նեցուկը պէտք է ըլլայ՝ առանց խուսանաւումներու, ինչ որ ըրած է ցարդ, առաւել կամ նուազ մարդկային եւ նիւթական ներդրումով:

Ազգային անվտանգութիւնը կ՛ենթադրէ նաեւ միջոցներու ճիշդ եւ նպատակասլաց օգտագործումը, այդ միջոցները ըլլան զուտ դրամական-տնտեսական, թէ <<գորշ նիւթ>>ի (ուղեղի), այսինքն՝ մարդկային կարողութիւններու: Նափոլէոն կ՛ըսէր, որ կը սիրէր բոլոր տեսակի լաւ մարդիկը, ամերիկացիները կ՛ըսեն ճիշդ մարդը ճիշդ դիրքին վրայ (the right man in the right place): Ես ինծի երազային այն իրաւունքը կու տամ ըսելու, որ այդ մարդը եթէ այդ ճիշդ մարդը կը գտնուի Հայաստանի յետին գիւղը, առանց ըլլալու այս կամ այն կուսակցութեան անդամը, նոյնիսկ Սփիւ-ռք(ներ)ի այս այն ծանօթ-անծանօթ քաղաքը, անվարան պէտք է զայն հրաւիրել, ոչ թէ յաւելեալ փառքի համար, այլ յաւելեալ ծառայութեան: Ոմանք ցնորք (utopie, ուտոպիա) կրնան համարել նման միտք: Այն ատեն թոյլ թող տան ըսելու, ինչո՞ւ կը կրկնենք միասնութիւն, մէկութիւն եւ այլ հնչեղ ճառային բառեր: Ծով չունինք, բայց եթէ ունենայինք, ինչո՞ւ պաշտօնի պիտի չկոչէինք Չիլէի ծովուժի հայ ծովակալը: Միասնութիւն եւ մէկութիւն կ՛ենթադրեն նաեւ ուժերու եւ կա-րողութիւններու մէկ-տեղում:

Այդ կարողութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ ունի հայկական դրամագլուխը, որ միասնական ուժի վերածուելու համար կարիք ունի վստահութեան, որ խախտած է անցեալ աւելի քան քառորդ դարու բացասական փորձով: Պիտի կարենանք հաստատել բոլոր մարզերու մէջ, մանաւանդ տնտեսական-դրական, առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի, հողամշակութեան եւ փոխանակումներու, պարկեշտութեան, ազնուութեան եւ թափանցիկութեան մշակոյթ: Զարմանալի թող չթուի, այս մշակոյթը ստեղծելու պարտքը պէտք է ստանձնեն մամուլը եւ մտաւորականութիւնը, խստաբիբ հսկողութեամբ, դատական իշխանութիւններու կողքին:

Երբեմն արգիլուած պէտք չէ ըլլայ երազել, մանաւանդ երբ պատմութիւնը կ՛ըսէ թէ աշխարհի բոլոր մեծ իրականացումները եղած են երազ: Ինչո՞ւ չստեղծել բարոյական հեղինակութեամբ գործող վերահսկող <<ակումբներ>>, որոնք իրենց դիտարկումները կը յղեն համապատասխան հասցէներու եւ ապա կը հրապարակեն, Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ), ազգին վերաբերող բոլոր կառոյցներու եւ նախաձեռնութիւններու վերաբերեալ:

Այս վերհսկող բարոյականացումը եւ այդ վերահսկողութիւնը ընդունող կառոյցները ազգին յառաջդիմութեան եւ հզօրացման ազդակները կ՛ըլլան: Վստահութիւնը կը վերականգնի: Այն ատեն կրնանք հաւատալ արտագաղթը կը կասի, տեղի կ՛ունենայ հայրենադարձութիւն եւ միշտ ակնկալուող ազգի զաւակներու նիւթական եւ իմացական կարողութիւններու լայնածաւալ ներդրում:

Յոյս ներշնչող իշխանափոխութեան այս օրերուն լաւ պիտի չըլլա՞յ լայն բանալ մեր միտքի հորիզոնը, նաեւ հորիզոնները մէկութեան, միասնութեան եւ բոլոր լաւ բաներու, որոնց մասին կը սիրենք խօսիլ, եւ կանգ առնել:

Ինչո՞ւ չհրաւիրել <<իմաստուններու խորհուրդ>> մը, ոչ էսթէպլիշմընթի եւ ոչ ափարաչիքներու:

Այս ընել խուսափելով, ինչպէս ընդունուած է ըսել <<փայտեայ լեզուէ>>, (langue de bois), ստեղծելով միտքերու ազատ արտայայտութեան եւ բախման դաշտ: Այդպէս կը ծնին յղկուած եւ ճիշդ միտքերը:

 

13 Մայիս 2018

Քուինզ, Նիւ Եորք

 

comments

Advertisement