Թուրքիա Գաղտնի Հայեր Կը Փնտռէ

By Asbarez | Monday, 16 August 2010

Ռուսիոյ «Երկրամաս» հայկական թերթին կողմէ վերջերս հաղորդուեցաւ հետաքրքրական լուր մը, որու համաձայն Թուրքիոյ գաղտնի գործակալութիւնը սկսած է անհանգստանալ այն արտակարգ հետաքրքրութենէն, զոր Վանի ժողովուրդը կը ցուցաբերէ 19 Սեպտեմբերի արարողութեան առիթով Վան այցելող հայերը իր տան մէջ հիւրընկալելու համար։ Նշենք, որ այդ թուականին, 1915էն ետք առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնական եկեղեցական արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ:

Թուրք գաղտնի գործակալութիւնը այժմ կ՛ուզէ պարզել, թէ այս հետաքրքրութիւնը պարզապէս հիւրասիրութեան կամ տնտեսական ակնկալութեա՞ն արդիւնք է, թէ ոչ այս վանեցիներուն մէջ կան «գաղտնի հայեր», այսինքն իսլամացած կամ թրքացած հայեր։

Վանի մէջ հրատարակուող «Շեհրիվան» թերթի խմբագիր Ազիզ Այքաչ յայտնած է, որ ցարդ 6 հազար ընտանիքներ յայտնած են, որ կը փափաքին իրենց բնակարանին մէջ հիւրասիրել Վան գալիք զբօսաշրջիկները։

Քանի մը ընտանիքներու չէ արտօնուած, որ անոնք իրենց տունը հրաւիրեն սփիւռքահայեր, այն պնդումով, թէ անոնք հայկական ծագում ունին։ Այս տեղեկութիւնները ստացուած են վանեցիէ մը, որ այդ «գաղտնի հա յեր»էն մէկն է եւ ատենօք Ռուսիոյ Քրասնոտար շրջանին մէջ աշխատած է: «Երկրամաս» կը յայտնէ, թէ «հասկնալի պատճառներով գաղտնի կը պահէ անոր անունը»:

comments