By Asbarez | Monday, 23 August 2010
ՊՐԻՒՔՍԵԼ.- <<Եուրոնիուզ>> կը հաղորդէ, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն կողմէ սպաննուած թուրք զինուորներու ընտանիքները թրքական բանակին դէմ դատ բացած են։
Դատին համաձայն, բարձրաստիճան զինուորականներ տեղեակ եղած են քիւրտ զինեալներու կողմէ նախապատրաստուող չորս յարձակումներու մասին եւ զանոնք կանխարգիլելու համար որեւէ քայլի չեն դիմած. աւելին, անոնք նպաստած են զինեալներուն գործողութիւններու իրականացմանը, որու հետեւանքով զինուորական ծառայութիւն կատարող 48 անձեր սպաննուած են։
Ի յայտ եկած է, որ զինուորականները տեղեկութիւններ ունեցած են քիւրտ զինեալներու շարժումներուն մասին, հետախուզական օդանաւի միջոցով, բայց եւ այնպէս թրքական բանակը որեւէ գործողութեան չէ ձեռնարկած զանոնք զսպելու համար։
Թրքական բանակը կը հերքէ ամբաստանութիւնները։
Դիտորդներու կարծիքով, բանակի դէմ դատական հարց յարուցելու փաստը ցոյց կու տայ, թէ երկրին մէջ թրքական բանակի հեղինակութիւնը սկսած է անկում արձանագրել:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ