Փարիզի մէջ բողոքի ցոյց՝ Ալիեւի այցելութեան դէմ

By Asbarez | Thursday, 16 March 2017



ՓԱՐԻԶ, <<Նոր Յառաջ>> - Երեքշաբթի, Մարտ 14ի երեկոյեան, ընդառաջելով Ֆրանսահայութեան կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF-ի) կոչին՝ շուրջ 300 հոգի Թրոքատերոյի բակին վրայ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Ալիեւի Ֆրանսա այցելութեան դէմ:

Խօսք առին Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան Վալերի Պուայէ, Մարսէյի երեսփոխան-քաղաքապետ Ֆրանսուա Փիւփոնի, Ալֆորվիլի ծերակուտական-քաղաքապետ Լիւք Քարվունաս, նախագահութեան թեկնածու Էմանիւէլ Մաքրոնի ներկայացուցիչը, CCAF-ի համանախագահները Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան, ՀԲԸՄի, Կապոյտ Խաչի, <<Նազարբէկ>> եւ <<Նոր Սերունդ>> երիտասարդականներու, Քիւրտերու եւ ցեղապաշտութեան դէմ եւրոպական EGAM շարժումի ներկայացուցիչները:

Անոնք բոլորն ալ բուռն կերպով դատապարտեցին Ատրրպէյճանի նախագահին բռնատիրական վարքը, այդ երկրին հայոց դէմ գործած յարձակումները, մարդկային իրաւանց կոպիտ խախտումները, երկրէն ներս եւ դուրս կիրարկած կաշառակերութեան համատարած քաղաքականութիւնը եւ այլն:

Դատապարտուեցաւ Ֆրանսայի երկդիմի քաղաքականութիւնն ալ, որ Հայաստանի նախագահը ընդունելէն քանի մը օր ետք կ՛ընդունէր Ատրրպէյճանի ղեկավարը:

Ցոյցը, Ալիեւի զուգահեռ Էրտողանի դէմ ալ բողոքի արտայայտութեան բնոյթ ստացաւ: Այս առումով՝ պարզուած դրօշերուն մէջ կարելի է ըսել աւելի մեծ էր քրտականներուն թիւը, քան հայկականներունը: Քիւրտերը պարզած էին նաեւ իրենց ղեկավար Աբոյի նկարը կրող մեծ պաստառներ, մինչ հայերը ընդհանրապէս կը կրէին ցոյցի ծանուցումին մեծցուած տարբերակը: Իսկ այլ պաստառներու վրայ կարելի էր կարդալ՝ <<Ալիեւ եւ Էրտողան = Մարդասպաններ>>, <<Ալիեւ = հայերու մարդասպան: Մեղսակից մի՛ ըլլաք>>, <<Էրտողան, Ալիեւ դո՛ւրս մեր հողերէն>>, եւ այլն:

Աւարտին, ցուցարարները վանկարկեցին <<Ղարաբաղը մե՛րն է>>, <<Ալիեւ՝ մարդասպա՛ն>>… լօզունգները:

Նման ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Լիոնի եւ Մարսէյի մէջ:

 

comments

Advertisement