Ամբողջացաւ Սուրիոյ պատերազմի վեցերորդ տարին

By Asbarez | Friday, 17 March 2017

 

0317syria

ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - Մարտ 15ին ամբողջացաւ Սուրիոյ պատերազմի 6րդ տարին:

Պատերազմի վերածուած հակակառավարական առաջին ցոյցերը տեղի ունեցան սուրիական Տարաա քաղաքին մէջ՝ 2011ի Մարտ 15ին։ Հակակառավարական ուժերը չկրցան տապալել երկրի նախագահ Պաշշար Ասատը, փոխարէնը՝ երկրին մէջ գլուխ բարձրացուցին ահաբեկչական բազմաթիւ խմբաւորումներ, լայն տարածում ստացաւ եւ բազմաթիւ բնակավայրեր գրաւեց <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական խմբաւորումը: Վերջինիս դէմ արշաւը տակաւին կը շարունակուի՝ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ գործող միջազգային դաշնակիցներուն, Ռուսիոյ եւ սուրիական բանակին ջանքերով:

ՄԱԿի տուեալներով, Սուրիոյ մէջ այս պատերազմին ընթացքին աւելի քան 300,000 հոգի զոհուած է, իսկ երկրէն հեռացած են առնուազն 5 միլիոն քաղաքացիներ: Անցեալ տարի նախագահ Ասատ յայտարարեց, թէ պատերազմին իբրեւ հետեւանք՝ Սուրիա առնուազն 200 միլիառ տոլարի վնաս կրած է:

 



comments

Advertisement