Եւրոպական Միութեան ղեկավարները խստօրէն քննադատած են Թուրքիան

By Asbarez | Friday, 17 March 2017

 

Եունքեր Եւ Թուսք

Եունքեր Եւ Թուսք

ՊՈԼԻՍ - Թրքական <<Հիւրրիյէթ>> թերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոխորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ կողմէ Հոլանտային ուղղուած մեղադրանքները՝ <<կապ չունին իրականութեան հետ>>:

<<Ռոթերտամը, որ քանդուած էր նացիներուն կողմէ, այժմ ունի քաղաքապետ մը, որ ծնած է Մարոք: Եթէ մէկը Ռոթերտամի մէջ ֆաշականութիւն կը տեսնէ, ապա ուրեմն բոլորովին անջատուած է իրականութենէն>>, Եւրոխորհուրդի լիագումար նիստին ընթացքին ըսած է Թուսք:

Իր կարգին, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքեր անթոյլատրելի համարած է Թուրքիոյ կողմէ Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի հասցէին կատարուած մեղադրանքները:

<<Ոչ թէ Եւրոմիութիւնն է, որ կը միանայ Թուրքիոյ, այլ Թուրքիա՛ն կը միանայ Եւրոմիութեան>>, յիշեցուցած է Եունքեր:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր կոչ ըրած է Հոլանտային եւ Թուրքիոյ, որ իրենց միջեւ գոյացած լարուածութիւնը յաղթահարեն փոխադարձ յարգանքով: Ան երկու կողմերուն կոչ ըրած է խուսափելու լարուածութիւնը սրող յայտարարութիւններէ:

Վերջին օրերուն, եւրոպական կարգ մը պետութիւններու հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ ստեղծուած լարուած իրավիճակի խորապատկերին վրայ, Անգարա կրկին օրակարգի բերաւ Եւրոմիութեան ուղղեալ՝ վիզայի դրութիւնը ջնջելու մասին իր պահանջը։

Արդարեւ, արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ եթէ Եւրոմիութիւնը Թուրքիոյ քաղաքացիներէն մուտքի արտօնութիւն պահանջելու դրոյթը չջնջէ, ապա Թուրքիա <<յստակ քայլեր պիտի առնէ>>՝ գաղթականներու մասին համաձայնագիրը վերատեսութեան ենթարկելու ուղղութեամբ։ <<Մեր համբերութիւնը անսպառ չէ՛>>, ազդարարած է ան եւ աւելցուցած. <<Եւրոպա հետզհետէ դէպի անդունդ կ՛երթայ>>։

 



comments

Advertisement