By Asbarez | Friday, 17 March 2017
ՄԱՐԻԱՄ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
<<Մոսկուա-Պաքու>> համացանցային հրատարակչութիւնը կազմած է Ատրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ գտնուող 10 եզակի շինութիւններու ցանկը: Լաւագոյններուն մէջ ընդգրկուած են կառոյցներ, զորս հայ բարերարներու միջոցներով կառուցած են հայ ճարտարապետներ:
<<Հայերն Այսօր>>ը, յղում կատարելով rusarminfo.ru կայքին՝ կը յայտնէ, որ շարքին մէջ ներառուած են Ատրպէյճանի հասարակական հաւաքոյթի ամառնային ակումբը (այժմ Ատրպէյճանի ֆիլհարմոնիա), որ նախագծած է Թիֆլիսի գեղարուեստի ակադեմիոյ փրոֆեսէօր, թիֆլիսահայ Գաբրիէլ Տէր Միքելեան, Օփերայի եւ պալէի պետական թատրոնի շէնքը, որ 20րդ դարասկիզբին նախագծած է հայ ճարտարապետ Նիքոլայ (Նիկողայոս) Գէորգի Պաեւ, Մայիլով բարերար հայ եղբայրներուն պատուէրով:
Ատրպէյճանական աղբիւրը Պաեւի հայկական ծագումը թաքցնելու համար զայն կը ներկայացնէ իբրեւ ճարտարապետ:
Աւելցնենք, որ Նիքոլայ (Նիկողայոս) Գէորգի Պաեւ Երեւանի մէջ նախագծած է դրամատան շէնքը (ներկայիս Կեդրոնական դրամատունը), Գերագոյն դատարանի շէնքը (ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան դատախազութիւնը), Պիոներ-դպրոցականներու պալատը (ներկայիս Պատանի հանդիսատեսի թատրոն) եւ այլ կառոյցներ ու բնակելի շէնքեր:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ