Պոլսահայերը՝ իբրեւ բողոքի նշան բացակայած են Արամ Արք. Աթէշեանի մատուցած պատարագէն

By Asbarez | Tuesday, 21 March 2017


0321ateshian

ՊՈԼԻՍ, <<Թերթ>> - Կիրակի, 19 Մարտին, Պոլսոյ հայ համայնքին մեծ մասը ցուցականօրէն բացակայած է Արամ արք. Աթէշեանի մատուցած եկեղեցական պատարագէն: Փոխարէնը պոլսահայերու մեծ թիւ մը ներկայ եղած է մէկ օր առաջ Ֆերիքէօյ թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Գարեգին արք. Պէքճեանի մատուցած պատարագին:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ ընտրուած Գարեգին սրբազանը երկրորդ պաշտօնական յայտարարութիւն մը տարածած է տեղապահի ընտրութիւններէն ետք համայնքէն ներս յառաջացած ճգնաժամին վերաբերեալ:

Պատրիարքի տեղապահի ընտրութեան իր մրցակից Արամ արք. Աթէշեանին ձայներու 23/11 յարաբերակցութեամբ պարտութեան մատնած Պէքճեան սրբազանը <<Ակօս>> թերթին մէջ հրապարակած է նամակ մը, ուր իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ իր թեկնածութեան օգտին քուէարկած հոգեւորականներուն եւ պոլսահայ համայնքին՝ վստահութեան ու ցուցաբերած աջակցութեան համար:

Ընտրուած տեղապահը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է պոլսահայերուն միասնական ու յամառ պայքարին համար եւ յորդորած է անոնց համբերատար ըլլալ: Պէքճեան սրբազան յոյս յայտնած է, որ գոյութիւն ունեցող վարչարարական խնդիրները մօտ ապագային կը գտնեն իրենց լուծումը:

Նշենք, որ սոյն պատարագէն ետք Գարեգին սրբազան մեկնած է Գերմանիա: Ան, սակայն յայտարարած է, որ պատրիարքի ընտրութեան համար ձեռնարկուած աշխատանքները իր կողմէ յառաջ պիտի տարուին եկեղեցական աւանդոյթներու յարգումով: Սրբազանը վստահութիւն յայտնած է, որ այս շրջանին հնարաւոր պիտի ըլլայ պահպանել համայնքի ներդաշնակութիւնն ու համերաշխութիւնը:

Պէքճեան սրբազանը Պոլսոյ <<Ժամանակ>> օրաթերթին յայտնած է, որ շուրջ մէկ շաբաթով պիտի բացակայի Պոլիսէն, որովհետեւ Գերմանիոյ մէջ նախապէս ծրագրուած կարեւոր հանդիպում մը ունի:

 

comments

Advertisement