Իրանի գործողութիւնները կը հակասեն հիւլէական գործարքի ոգիին - կ՛ըսէ Թրամփ

By Aztag Daily | Saturday, 22 April 2017


ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ Իտալիոյ վարչապետ Փաուլօ Ճենթիլոնիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Իրանի գործողութիւնները կը հակասեն Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ համաձայնագիրի` Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի ոգիին:

<<Իրանը հակասութեան մէջ կը մտնէ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրին հետ: Իրանի իշխանութիւնները պէտք է ատոր հետեւին>>, նշած է Թրամփ` աւելցնելով. <<Մենք ատիկա կը վերլուծենք ամենայն մանրակրկիտութեամբ: Մենք ըսելու բան պիտի ունենանք ոչ այնքան հեռու ապագային>>:

Ան դարձեալ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւնը որակած է <<ահաւոր համաձայնագիր>>, որ <<պէտք չէր ստորագրուեր>>: <<Բանակցութիւնները պէտք չէ վարուէին այն ոգիով, որով անոնք կը կատարուէին>>, ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը: <<Ես ամբողջովին կը պաշտպանեմ համաձայնագիրի կնքումը, սակայն ատիկա վատ էր>>, նշած է Թրամփ` աւելցնելով, որ անիկա յոռեգոյն համաձայնագիրներէն մէկն է, որ ինք երբեւիցէ տեսած է:

 



comments

Advertisement