Ուաշինկթընի մէջ Թրքական բռնարարքները անընդունելի են. Ռեքս Թիլըրսըն

By Asbarez | Monday, 22 May 2017

0523rex

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն <<Ֆաքս>> պատկերասփիւռի կայանին տուած իր հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նախագահի թիկնապահներուն կողմէ խաղաղ ցուցարարներու նկատմամբ իրականացուած բռնութիւններուն: Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպանը կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն, քննարկելու համար ստեղծուած իրավիճակը: Նախարարը տեղի ունեցածը անընդունելի համարած է:

<<Արդէն իսկ հետաքննութիւն կ՛ընթանայ: Մենք պէտք է սպասենք եւ տեսնենք, թէ ի՛նչ պիտի բացայայտէ քննութիւնը: Մինչ այդ, մենք արդէն յայտնած ենք Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցածին վերաբերեալ մեր վրդովմունքը>>, ըսած է նախարարը:

Յիշեցնենք, որ ցուցարարներու վրայ յարձակումին ընթացքին Էրտողանի վերաբերմունքը նկարած տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէս Էրտողան ինքնաշարժին մէջ կը լսէ ցուցարարները, որոնք բարձրախօսներով կը բացագանչէին՝ <<Մանկասպան Էրտողան>>: Ապա, Էրտողանի կողքին կանգնած թիկնապահը, հրահանգներ ստանալով նախագահէն՝ կը հրահանգէ մէկ այլ թիկնապահի մը, որ իր կարգին վազելով կ՛իջնէ ցուցարարներուն մօտ եւ պոռալով՝ <<զառկէ՛ք>> կ՛ըսէ, որմէ ետք կը սկսի Թուրքիոյ նախագահի թիկնապահներուն յարձակումը խաղաղ ցուցարարներուն վրայ: Յարձակումէն ետք Էրտողան դուրս կու գայ ինքնաշարժէն եւ կը դիտէ կատարուածը։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը գրաւոր եւ բանաւոր բողոք փոխանցած է Անգարայի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Պեսին, որովհետեւ նշեալ յարձակումին ընթացքին թիկնապահներուն դէմ առնուած քայլերը <<դիւանագիտական սկզբունքներէ դուրս են>>: Անգարա կը շարունակէ պնդել, թէ թիկնապահները պարզապէս ինքնապաշտպանութեան դիմած են…

 



comments

Advertisement