Էրտողանի մասին «անընդունելի» մեկնաբանութիւն կատարած հաղորդավարը կը պաշտօնազրկուի

By Asbarez | Wednesday, 24 May 2017

 

0523mengu

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - <<Սի.Էն.Էն.>>ի թրքական սպասարկութեան ամենասիրուած հաղորդավարը նկատուող Նեւշին Մենկիւ այս շաբաթ անակնկալօրէն պաշտօնէն հեռացուած է, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի Միացեալ Նահանգներ տուած այցելութեան մասին իր հաղորդումին մէջ անընդուելի՛ նկատուած մեկնաբանութիւն կատարելուն համար։

Արդարեւ, <<Գլխաւոր Լուր>> յայտագիրի այս հաղորդավարուհին, հաւատարիմ մնալով հաղորդման ընդունուած ձեւին, ուր լուրերու կողքին կը ներկայացուի նաեւ հաղորդավարի մեկնաբանութիւնն ու գնահատումը, յայտնած էր, որ Էրտողան-Թրամփ հանդիպումը ակնկալուածէն աւելի կարճ տեւած է։ Ան ըսած է. <<Էրտողանի մտնելն ու դուրս գալը, նստիլն ու զրուցելը, բոլորը միասին տեւած են միայն 23 վայրկեան>>: Ըստ <<Սոնտաքիքա>> լրատուական կայքին՝ այս մեկնաբանութեան դէմ խիստ բողոք ներկայացուած է իշխանամէտ հատուածին կողմէ, որուն իբրեւ հետեւանք՝ <<Սի.Էն.Էն. Թիւրք>>ի ղեկավարութիւնը որոշած է Մենկիւն հեռացնել յայտագիրէն:

 



comments

Advertisement