ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Հրանդ Տինքի մարդասպան Օկիւն Սամասթը բանտին մէջ սաստիկ ծեծի ենթարկուած է, ըստ լրատուական աղբիւրներու հաղորդած տեղեկութեանց: Սամասթ ծեծի ենթարկուած է Մարքսի եւ Լենինի գաղափարախօսութիւն քարոզող Ժողովրդի ազատագրութեան յեղափոխական կուսակցութիւն-ճակատի անդամ կալանաւորներու կողմէ: Բանտապահները յաջողած են կասեցնել Սամասթի վրայ յարձակումը:
Յիշեցնենք, որ Սամասթ 22 տարուան եւ 10 ամսուան բանտարկութեան դատապարտուած էր Տինքի սպանութեան համար: