Հայ-Չինական կրթական համագործակցութիւնը կ՛ընդլայնի

By Asbarez | Saturday, 15 July 2017

0715china

ԵՐԵՒԱՆ, <<Մեդիամաքս>> - Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան Ուրբաթ, 14 Յուլիսին հանդիպեցաւ Չինաստանի Կրթաթոշակներու յանձաժողովի (China Scholarship Council) քարտուղարութեան ղեկավարի տեղակալ Վան Շենկանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:

Նախարարը երախտագիտութիւն յայտնեց Շենկանին՝ Չինաստանի առաջատար համալսարաններու մէջ Հայաստանին յատկացուող կրթաթոշակային տեղերուն համար:

Նախարարը գոհունակութեամբ նշեց, որ վերջին տարիներուն հայ-չինական կրթական յարաբերութիւնները աշխոյժ զարգացում ապրած են: Բացի երկու պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ուսանողներու փոխանակման ծրագիրներէն, Հայաստանի մէջ կը գործէ չինարէնի ուսուցման կեդրոն մը եւ շուտով Երեւանի մէջ կ՛աւարտի չինարէնի խորացուած ուսուցման դպրոցի կառուցումը:

 



comments

Advertisement