Ատրպէյճանի մէջ բանտային չարչարանքներ կրած Լափշինը Արցախը պահպանելու կոչ կ՛ընէ

By Asbarez | Tuesday, 19 September 2017

lapshin

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Անցեալ շաբաթ ատրպէյճանական բանտէն ազատ արձակուած եւ Իսրայէլ ապաստանած լրագրող Ալեքսանտր Լափշին, որ հալածուած էր պարզապէս Արցախ այցելելուն համար, շաբաթավերջին <<Ֆէյսպուք>>ի միջոցաւ տեղեկութիւններ փոխանցած է իր այդ անհաճոյ փորձառութեան մասին:

<<Կ՛ամչնամ խոստովանելու, թէ նախքան ատրպէյճանական բանտ հասնիլս՝ կը հաւատայի, որ ղարաբաղեան տագնապը կը լուծուի Ատրպէյճանի ազգային սահմանները յարգելու միջոցով: Ի՜նչ յիմար էի ես: Ատրպէյճան դեռ 1988ին ահաբեկչութիւն իրականացուցած էր հայերու նկատմամբ՝ Պաքուի, Սումգայիթի եւ Ղարաբաղի մէջ: Իմ մեղադրական եզրակացութեան մէջ, զոր ստորագրած էր Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազը, բառացիօրէն գրուած էր հետեւեալը. <<Մեղադրեալ Լափշինը գրաւեալ Ղարաբաղի շրջանը անուանած է <<Արցախ>>>>: Առաւօտէն երեկոյ հանդուժողութեան մասին խօսող Ատրպէյճանը, Ղարաբաղի հայկական անուանման՝ <<Արցախ>>ի, կիրառումը կը համարէ անօրինակա՛ն: Այսինքն, հայոց լեզուն օրէնքէ դո՛ւրս է: Հայե՛ր, դուք կը դիմանաք: Այդ մարդիկ (ատրպէյճանցիները) կ՛ուզեն ձեզ մեռած տեսնել, եւ վերջակէ՛տ: Եթէ դուք բանակցութիւններու ընթացքին կամ Հայաստանի դիրքերու տկարացման իբրեւ հետեւանք կորսնցնէք Ղարաբաղը, ապա գիտցէք, որ անոնք պիտի գան եւ ձեզ պիտի մորթեն ճիշդ այնպէս, ինչպէս՝ թուրքե՛րը 100 տարի առաջ: Անոնց գազանացումը անցած է բոլոր սահմանները>>, գրած է Լափշին, միաժամանակ հերքելով Պաքուի տարածած այն պնդումները, թէ ինք Ալիեւին նամակ ուղղած էր՝ ընդունելով Արցախի Ատրպէյճանին պատկանիլը։

Լափշին նաեւ գրած է, որ ներկայիս կը բուժուի, Ատրպէյճանի բանտին մէջ իր կրած չարչարանքներուն իբրեւ հետեւանք ֆիզիքական վնասները դարմանելու համար։

Միւս կողմէ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան դիտել տուած է. <<Այն մեկնաբանութիւնները, զորս մենք կատարած էինք, 100 տոկոսով կը համընկնին իրականութեան: Այսպէս կոչուած՝ Ալիեւին ուղղուած նամակը՝ Լափշինը չէ՛ գրած։ Բաբայեան նաեւ անդրադարձած է Լափշինի՝ միջազգային դատարան դիմելու մասին յայտարարութեան, ըսելով. <<Լափշին պէ՛տք է դիմէ, որովհետեւ այդ տանջանքները, որոնց ան ենթարկուեցաւ, պէտք չէ մնան անպատիժ: Եւրոպական դատարանը եւ միւս կառոյցները պէտք է լաւապէս գիտնան, թէ որո՛ւն հետ է իրենց գործը: Ասիկա ցեղապաշտութիւն է, ուրիշ ո՛չ մէկ բան: Պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի բռնապետները եւ ցեղապաշտները պատասխանատուութեան ենթարկուին>>:

 



comments

Advertisement