Միայն ժողովրդավարական Թուրքիան կրնայ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Կարօ Փայլանի ելոյթը՝ Երեւանի մէջ

By Asbarez | Wednesday, 20 September 2017

0920garo

ԵՐԵՒԱՆ - Առանց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու՝ Թուրքիան երբեք ժողովրդավարական պետութիւն չի կրնար դառնալ, ո՛չ ալ քրտական հարցը կրնայ լուծում ստանալ: Այս մասին, ըստ <<Նիուզ>>ի, 19 Սեպտեմբերին, Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6րդ համաժողովի ծիրին մէջ կազմակերպուած <<Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլում, քաղաքական եւ իրաւական գործընթացները>> նիւթով քննարկման ընթացքին ըսաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան:

<<Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պէտք է ունենանք առաւե՛լ լայն տեսլական. միա՛յն ժողովրդավարական Թուրքիան կրնայ ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը, միա՛յն ժողովրդավարական Թուրքիան կրնայ  բանալ սահմանները Հայաստանի հետ, հակառակ պարագային մենք ստիպուած պիտի ըլլանք սպասելու ե՛ւս տասնեակ տարիներ: Թուրքիան ներկայիս դարձեալ կ՛ապրի մութ ժամանակաշրջան: 102 տարի առաջ տեղի ունեցաւ մեծ ոճիր, եւ անիկա կը  շարունակուի այսօր, քանի որ ամէն ոճիր, որ անպատիժ կը մնայ, կ՛առաջացնէ նոր ոճիրի: Ես պիտի շարունակեմ պայքարիլ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար>>, ըսաւ հայ պատգամաւորը:

Ըստ Կարօ Փայլանի՝ Թուրքիան այսօր կը հեռանայ ժողովրդավարութենէն, յետընթաց կ՛ապրի նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն գծով: Թուրքիոյ նոր սահմանադրութեան ընդունումը նոյնպէս կը նշանակէ հեռացում ժողովրդավարութենէն։

<<Ես այս մասին խօսած եմ խորհրդարանին մէջ, ըսած եմ, որ մեծ սխալ տեղի ունեցած է: 20րդ դարու սկիզբը տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ես խորհրդարանին մէջ ըսած եմ, եթէ երկրին մէջ ընդունուի նոր սահմանադրութիւն, նոյն աղէտը պիտի ունենանք, այսօր այդ ճանապարհին ենք: Թուրքիան 100 տարի ետք ալ կը շարունակէ ոճիր գործել>>, յայտնեց Փայլան:

 

comments

Advertisement