By Asbarez | Wednesday, 20 September 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստան եկած եմ՝ իշխանութիւններուն հետ քն-նարկելու Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հարցը: Այս մասին, ըստ <<Նիուզ>>ի, 19 Սեպտեմբերին, Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6րդ համաժողովի ծիրին մէջ կազմակերպուած <<Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլում, քաղաքական եւ իրաւական գործընթացները>> նիթով քննարկման ընթացքին յայտնեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան:
<<Պէտք չէ սպասել, որ լաւ օր մը պիտի գայ եւ մնք պիտի խօսինք այս մասին. պայմանները կը վատթարանան, ամէ՛ն օր աւելի կը վատանան. պէտք է ճանապարհներ գտնել հարցերուն լուծում տալու համար: Ես Հայաստան եկած եմ, հանդիպումներ ունեցած վարչապետին եւ նախագահին հետ՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարգաւորելու վերաբերեալ: Գիտեմ, որ շատ դժուար է, բայց պէտք է ջանքեր թափել այդ ուղղութեամբ>>, ըսաւ Կարօ Փայլան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ