Թուրքիոյ մէջ լուսային տարիներով հեռու են Արցախի հարցի էութենէն. Հայաստանի ԱԳՆի արձագանգը Էրտողանի յայտարարութիւններուն

By Asbarez | Saturday, 18 November 2017

1118dikranbalayan

Թուրքիա պէտք է շարունակէ կարելի եղածին չափ հեռու մնալ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն: Այս մասին, ըստ <<Արմէնփրէս>>ի, յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեան՝ մեկնաբանելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումէն ետք թուրք լրագրողներուն նախագահ Էրտողանի կատարած յայտարարութիւնը:

<<Այդ մեկնաբանութիւնները դարձեալ ցոյց կու տան, որ Թուրքիոյ մէջ լուսային տարիներով հեռու են ղարաբաղեան հիմնահարցի էութենէն եւ բովանդակութենէն: Թուրքիա պէտք է շարունակէ որքան հնարաւոր է հեռու մնալ Արցախի հարցի կարգաւորման գործընթացէն>>, ըսած է Բալայեան:

Նշենք, որ թրքական <<Սթար>> թերթը մէջբերած էր Էրտողանի խօսքերը. Թուրքիոյ նախագահը լրագրողներուն յայտնած էր, որ Փութինի հետ քննարկած է արցախեան հակամարտութեան հարցը: Ան դարձեալ յիշեցուցած է 5 շրջաններու վերաբերեալ ՄԱԿի բանաձեւերը:

 



comments

Advertisement