Ուքրանիոյ, Խրիմի եւ Սուրիոյ հարցերով Ռուսիոյ հետ տարակարծիք ենք - Չաւուշօղլու

By Asbarez | Tuesday, 21 November 2017

1118cavusoglu

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմէնիհապեր>> - Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարեց, թէ հակառակ անոր, որ Անգարա եւ Մոսկուա մեծ մասամբ կարգաւորած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, սակայն կան հարցեր, որոնց գծով կողմերը տարբեր դիրքորոշումներ ունին:

<<Խրիմի եւ Ուքրանիոյ հարցերով Ռուսիոյ հետ տարակարծիք ենք: Ըստ էութեան, տարակարծութիւն ունինք նաեւ Սուրիոյ վերաբերող կարգ մը հարցերու մէջ, հակառակ անոր, որ հոն զինադադարը պահպանելու համար համատեղ աշխատանքներ կ՛իրականացնենք>>, ըսաւ Չաւուշօղլու:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիա <<բռնագրաւում>> կը նկատէ Խրիմի՝ Ռուսիոյ կցումը:

 



comments

Advertisement