Սերժ Սարգսեան ընդունած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Սերգէյ Լաւրովը

By Asbarez | Wednesday, 22 November 2017

1122lavrovԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբերին ընդունեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը:

Հանդիպման սկիզբը Հանրապետութեան նախագահը գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ Հայաստանիի եւ Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25ամեակին, Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին պայմանագիրին 20ամեակի տարին արգասաբեր էր երկկողմ յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն:

<<Այսօր այդ յարաբերութիւնները կը բնութագրուին իրապէս դաշնակցային: Ես լիովին կը կիսեմ այդ կարծիքը, որովհետեւ այդ յարաբերութիւնները բոլոր մակարդակներու վրայ կ՛առանձնանան քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակով, արտաքին քաղաքականութեան լայն համակարգումով, միջազգային հարթակներու վրայ արգասաբեր համագործակցութեամբ, տնտեսական, ռազմական, ռազմաճարտարագիտական, մարդասիրական ոլորտներու մէջ շատ լաւ փոխգործակցութեամբ>>, ըսաւ նախագահ Սարգսեան՝ այդ բոլորին մէջ կարեւոր համարելով աշխոյժ փոխայցելութիւնները, որոնց ծիրին մէջ միայն վերջին քանի մը ամիսներուն, Հայաստան այցելած են Ռուսիոյ կառավարութեան նախագահը, արդիւնաբերութեան, կրթութեան, առողջապահութեան նախարարները, այս օրերուն կը կայանայ արտաքին գործոց նախարարին այցը:

Արտաքին գործոց նախարար Լաւրով շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին փոխանցեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ջերմ ողջոյնները, որուն հետ Հայաստանի նախագահը վերջերս պաշտօնապէս բացաւ <<Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրերը>>՝ Մարտիրոս Սարեանի ցուցահանդէսով:

 

comments

Advertisement