Պաքու կը բողոքէ նախագահ Բակօ Սահակեանի Ֆրանսա այցելութեան գծով

By Asbarez | Wednesday, 22 November 2017


Bako-Sahakyan-Paris-2

ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>> - Ատրպէյճանի իշխանութիւնները <<վճռականօրէն>> բողոք յայտնած են երկրին <<գրաւեալ>> տարածքներուն մէջ հիմնուած <<անօրինական>> պետութեան (կարդալ՝ Արցախի Հանրապետութեան) նախագահ Բակօ Սահակեանի Ֆրանսա կատարած այցելութեան կապակցութեամբ։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ Նոյեմբեր 21ին յայտարարած է, թէ Պաքուի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օրելիա Պուշեզը կանչուած է նախարարութիւն, ուր անոր փոխանցուած է Պաքուի բողոքը։

Նշենք, որ Սահակեան Ֆրանսայի մէջ մասնակցած էր Հայաստան հիմնադրամի եւրոպական ֆոնեթոնի պաշտօնական աւարտի արարողութեան, որ տեղի ունեցած էր Նոյեմբեր 19ին։

 

comments

Advertisement