Թուրքիա կ՛ամբաստանուի ահաբեկիչներուն քիմիական զէնք տրամադրելու յանցանքով

By Asbarez | Wednesday, 11 April 2018

0411Jaafari

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - ՄԱԿի մօտ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ճաաֆարի Միացեալ Նահանգները, Թուրքիան, Քաթարը, Բրիտանիան եւ Ֆրանսան ամբաստանած է Սուրիոյ իշխանութիւններուն դէմ պայքարող ահաբեկիչներուն քիմիական զէնքեր տրամադրելու յանցանքով։

ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ապրիլ 9ին գումարուած եւ Սուրիոյ մէջ օգտագործուած քիմիական զէնքերու հարցին նուիրուած քննարկումին ընթացքին, Ճաաֆարի աւելցուցած է. <<Մենք ուղղակիօրէն կը մեղադրենք Տոհան, Անգարան, Ուաշինկթընը, Փարիզն ու Լոնտոնը, որոնց պատճառով այսօր <<Իսլամական պետութիւն>>, <<Ճէյշ Իսլամ>> (<<Իսլամական բանակ>>), <<Նուսրա Ճակատ>> եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներուն մօտ քիմիական զէնքեր գոյութիւն ունին>>:

Ան աւելցուցած է, թէ նշեալ երկիրները ուղղակիօրէն հեղինակն են այն արիւնօտ քաղաքականութեան, որուն նպատակը՝ <<Հոլիվուտեան բեմադրութիւններով>> Սուրիոյ ինքնիշխանութեան տապալումն է:

Միւս կողմէ, ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վասիլի Նեպենզիա ազդարարեց, թէ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ նախատեսուող ինքնագլուխ նոր յարձակում մը կրնայ <<շատ, շատ վտանգաւոր>> հետեւանքներ ունենալ։

 


comments

Advertisement