Սուրիական հակաօդային պաշտպանական համակարգերը դէմ դրին Ամն-Ֆրանսա-Անգլիա եռակողմ յարձակումին

By Kantsasar | Monday, 16 April 2018

Շաբաթ,14 Ապրիլի արշալոյսին, սուրիական հակաօդային համակարգերը դէմ դրին Դամասկոսի շրջակայքին եւ Հոմսի սուրիական բանակի զինուորական պահեստանոցներուն ուղղութեամբ կատարուած ԱՄՆ-Ֆրանսա-Անգլիա եռակողմ յարձակումին։

ՍԱՆԱ-ի համաձայն, յարձակումը թիրախ դարձուցած է Պէրզէի ռազմական հետազօտական կեդրոնը եւ Հոմսի սուրիական բանակի զինուորական պահեստանոցներէն մէկը։ Սուրիական հակաօդային պաշտպանական համակարգերը վար առած են շարք մը հրթիռներ։

ՍԱՆԱ-ի տուեալներուն համաձայն. <<Դամասկոսի Պէրզէ շրջանին մէջ գտնուող ռազմական հետազօտական կեդրոնի հրթիռակոծման հետեւանքով քանդուած է կեդրոնի ուսումնական բաժին ու տարրալուծարաններ ընդգրկող շէնքը։ Արձանագրուած վնասները նիւթական են։

<<Հոմսի զինուորական պահեստանոցը թիրախ ընտրած հրթիռներուն դէմ դրուած է, որուն հետեւանքով անոնց ուղղութիւնը շեղած է, այդուհանդերձ վիրաւորուած են երեք քաղաքայիններ>>։

Յիշենք, որ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ կէս գիշերին, Սպիտակ տունէն յայտարարեց, որ մեկնարկած է Սուրիոյ դէմ ԱՄՆ-Ֆրանսա-Անգլիա եռակողմ յարձակումը՝ խոստանալով, որ գործողութիւնները պիտի տեւեն <<այնքան որքան անհրաժեշտ են>>։

Ապա Բրիտանիոյ վարչապետ Թերէզա Մէյ եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեցին, որ իրենց երկիրները եւս պիտի մասնակցին յարձակումին։

Գործողութենէն ժամեր անց, ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ ԱՄՆ-Ֆրանսա-Անգլիա եռակողմ յարձակումը աւարտին հասած է, եւ առայժմ այլ յարձակումներու ծրագիր չկայ՝ դիտել տալով, որ տեղի ունեցած գործողութեան նպատակն էր ոչնչացնել Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու արտադրութեան ու պահեստաւորման հետ առնչութիւն ունեցող կարգ մը կեդրոններ։

 



comments

Advertisement