Համանախագահները Քննած Են Նախարարական Մակարդակի Հանդիպման Կազմակերպումը

By Asbarez | Friday, 15 June 2018

0615minsk

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Էնտրու Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) եւ Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) յայտարարութիւն մը տարածած են Հայաստան կատարած իրենց այցելութեան արդիւնքներուն առնչութեամբ։

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Յունիս 12-14ին Երեւան կատարած իրենց այցելութեան ընթացքին, համանախագահներն ու ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք հանդիպումներ ունեցած են արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ:

<<Համանախագահներն ու Հայաստանի պաշտօնատարները քննած են բանակցութիւններու կարգավիճակն ու գործընթացը յառաջ մղելու ուղղուած քայլերը, որոնցմէ մէկն է մօտիկ ապագային նախարարական մակարդակի հանդիպման կազմակերպումը: Անոնք միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին եւ շփման գիծի երկայնքին տիրող իրավիճակին վերաբերեալ՝ ընդգծելով կառուցողական միջավայրը պահպանելու կարեւորութիւնը:

<<Համանախագահները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը՝ օգնելու կողմերուն, որ անոնք գտնեն հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորում՝ հիմնուած Հելսինքիի եզրափակիչ որոշումի հիմնարար սկզբունքներուն վրայ, ներառեալ՝ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառումը, տարածքային ամբողջականութիւնը, հաւասար իրաւունքները եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը:

<<Հայաստանի պաշտօնատարները իրենց աջակցութիւնը յայտնած են ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի եւ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ իրենց պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու արդիւնաւէտ աշխատանքը համանախագահներուն հովանիին ներքեւ>>, ըսուած է համանախագահներու միացեալ յայտարարութեան մէջ:

 

comments

Advertisement