Հայաստանի Նախագահի Արցախ Այցը Անօրինակա՛ն Է. Պաքու

By Asbarez | Friday, 15 June 2018

0615Ahmedov

ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>> - Ատրպէյճանի փոխվարչապետ եւ իշխող <<Ենի Ազերպէյճան>> կուսակցութեան փոխնախագահ Ալի Ահմետով Յունիս 14ին յայտարարեց, թէ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի Արցախ Հանրապետութիւն կատարած այցելութիւնը <<անօրինակա՛ն է>>՝ աւելցնելով, որ ան <<պատասխանատուութիւն պիտի կրէ>> այդ արարքին համար։

Ահմետով կրկնեց, թէ Արցախ <<ժամանակաւորապէս գրաւուած ատրպէյճանական տարածք մըն է>>, եւ այդ պատճառով, Հայաստանի նախագահին՝ առանց Պաքուի արտօնութեան կատարած այցը Արցախ ապօրինի՛ է։ <<Այդ այցը պէտք է դժգոհութիւն յառաջացնէ (ԵԱՀԿ) Մինսկի խմբակին մօտ>>, աւելցուց Ահմետով:

<<Այցը պէտք է անհանգստացնէ նաեւ բոլոր այն պետութիւնները, որոնք ջանք կը տանին ատրպէյճանական հողերուն վերադարձը ապահովելու համար։ Հակառակ պարագային, շատ ծանր պիտի ըլլայ հակամարտութեան կարգաւորման համար ուղիներ որոնելը: Լեռնային Ղարաբաղը միջազգային իրաւունքով կը ճանչցուի իբրեւ Ատրպէյճանի տարածք: Յոյս ունիմ, որ պիտի գայ ժամանակը, երբ օրինախախտները պատասխան պիտի տան իրենց արարքներուն համար>>, եզրակացուց զայրացած փոխվարչապետը:

 

comments

Advertisement