Մինսկի Խումբի Համանախագահները Մնացականեանին Ներկայացուցին Արցախի Հարցի Լուծման Իրենց Մօտեցումները

By Asbarez | Friday, 15 June 2018

0614zohrab

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, 12 Յունիսին ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկըր Փոփովը, Սթեֆան Վիսքոնթին, Էնտրիւ Շոֆըրը եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասփըրչիքը:

Արժեւորելով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն առաքելութիւնը՝ նախարար Մնացականեան կարեւոր համարեց այցելութիւնը՝ ընդգծելով, որ անիկա հնարաւորութիւն կ՛ընձեռնէ անմիջական առաջին շփումը հաստատելու Հայաստանի մէջ նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք: Նախարարը վերահաստատեց Հայաստանի մօտեցումները եւ դիրքորոշումը կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ՝ շեշտելով, որ Հայաստան հաւատարիմ է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ ղարաբաղեան հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման:

Համանախագահները Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուցին հիմնահարցի հանգուցալուծման ջանքերուն վերաբերեալ իրենց փորձառութիւնն ու մօտեցումները:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման շուրջ եւ անդրադարձան բանակցային գործընթացը յառաջ տանելու հնարաւորութիւններուն՝ կարեւոր համարելով խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորումը:

Անդրադառնալով նախօրէին սահմանագիծին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի զինուորի սպանութեան՝ նախարար Մնացականեան շեշտեց, որ նման սադրանքներով ատրպէյճանական կողմը լրջօրէն կասկածի տակ կը դնէ իր յանձնառութիւնը խաղաղ գործընթացին:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան եռանախագահներու ձեւաչափով իրականացուելիք յետագայ քայլերը:

comments

Advertisement