Մինսկի Համանախագահները Փաշինեանին Վստահեցուցին, Որ Իրենց Բոլոր Ջանքերը Պիտի Ներդրեն Արցախի Հարցի Խաղաղ Կարգաւորման Համար

By Asbarez | Friday, 15 June 2018

0614nikolosce

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Երեւան ժամանած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկըր Փոփովը (Ռուսիա), Էնտրիւ Շոֆըրը (Միացեալ Նահանգներ), Սթեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասփըրչիքը:

Վարչապետը կարեւոր համարեց համանախագահներուն դերը ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ եւ յայտնեց, թէ համոզուած է, որ պիտի ձեւաւորուի արդիւնաւէտ համագործակցութիւն:

Համանախագահները շնորհաւորեցին Նիկոլ Փաշինեանը՝ վարչապետի պաշտօնին ընտրուելուն առիթով՝ վստահեցնելով, որ իրենց բոլոր ջանքերը պիտի ներդրեն ղարաբաղեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար:

Հանդիպման մասնակիցները կարեւոր համարեցին կողմերու հաւատարմութիւնը հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ ստանձնած  յանձնառութիւններուն, ինչպէս նաեւ Վիեննայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի գագաթնաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման անհրաժեշտութիւնը:

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները վարչապետին տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց յառաջիկայ աշխատանքային ծրագիրներուն մասին:

Հանրապետութեան վարչապետը վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ շարունակելու բանակցային խաղաղ ճանապարհով հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած ջանքերը:

Զրուցակիցները քննարկեցին բանակցային գործընթացը յառաջ տանելու համար համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը եւ  անդրադարձան հակամարտութեան գօտիի իրավիճակին:


comments

Advertisement