Ռուսիա Եւ Հայաստան Հերքեցին Հայաստանին Խոստացուած Զէնքերուն Մատակարարման Սառեցման Լուրը

By Asbarez | Monday, 06 August 2018

0804Fomin

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռազմաճարտարգիտական համագործակցութեան գծով Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքսանտր Ֆոմին 3 Օգոստոսին հերքեց ռուսական «Քոմերսանթ» թերթին հաղորդած այն տեղեկութիւնը, թէ Հայաստանին խոստացուած ռուսական 100 միլիոն տոլարի ռազմական վարկի իրականացումը «մեծ հարցականի տակ է»:

«Այդ մէկը ոչ-ստոյգ տեղեկութիւն է. ես չեմ հաստատեր զայն», ըսաւ Ֆոմին՝ պատասխանելով «Ազատութեան» լրագրողի հարցումին, աւելցնելով, որ նշեալ վարկով խոստացուած զէնքերուն գծով «ամէն ինչ բնականոն ընթացքի մէջ է»:

Նշեալ թերթը հրապարակած էր ծաւալուն յօդուած մը, որուն մէջ մասնաւորապէս կը պնդուէր, թէ Մոսկուա վրդոված է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորման եւ յատկապէս ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին դէմ մեղադրանքին  կապակցութեամբ, որուն հետեւանքով հարցականի տակ է 100 միլիոն տոլարի վարկով նախատեսուած ռուսական նոր սպառազինութեան մատակարարումը Հայաստանին:

Ֆոմին նաեւ մերժեց մեկնաբանութիւն կատարել Խաչատուրովի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին եւ միայն ըսաւ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդարադատութիւն կ՛իրականացնէ»։

Ֆոմին Հայաստան կը գտնուէր՝ մասնակցելու «Միջազգային բանակային խաղեր, 2018» մրցաշարքի ծիրէն ներս Հայաստանի մէջ կայացող՝ «Ընկերակցութեան մարտիկ» մրցումի փակման հանդիսաւոր արարողութեան եւ հանդիպումներ ունեցած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեանի եւ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հետ:

Նշենք, որ Տօնոյեան եւս լրագրողներուն յայտնեց, որ Ռուսիայէն պատուիրած ռազմամթերքը եւ սպառազինութիւնը արտադրանքի մէջ է արդէն:

0804Donoyan

«Իմ տեղեկութիւնները կը սահմանափակուեն նրանով, որ կան որոշ ներպետական գործառոյթներ, որոնք կ՛իրականացուեն: 100 միլիոն դոլարի վարկը ընթացքի մէջ է եւ վարկի շրջանակներում կազմակերպուել է արտադրութիւն: Չկայ այդպիսի բան. կայ համագործակցային եւ գործընկերային մթնոլորտ, որը չի փոխւում տասնեակ տարիներ», յայտնեց պաշտպանութեան նախարարը։

Տօնոյեան աւելցուց, թէ սպառազինութեան գնման նպատակով Հայաստան բանակցութիւններ կը վարէ նաեւ ՀԱՊԿ անդամ չհանդիսացող երկիրներու հետ, առանց անուններ տալու:

3 Օգոստոսին նաեւ հաղորդուեցաւ, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը յաջորդ շաբաթ պիտի մեկնի Ռուսիա եւ 11 Օգոստոսին պիտի մասնակցի «Միջազգային բանակային խաղեր, 2018»ի փակման հանդիսաւոր արարողութեան:


comments

Advertisement