Եւրասիական Զարգացման Դրամատունը Հայաստանին 1 Միլիոն Տոլարի Դրամաշնորհ Պիտի Տրամադրէ

By Asbarez | Monday, 06 August 2018

0804eurasianbank

Եւրասիական զարգացման դրամատունը Հայաստանին մէկ միլիոն տոլարի դրամաշնորհ պիտի տրամադրէ՝ «Նախնական փուլի ոչ վարակիչ հիւանդութիւններու վերահսկողութեան եւ բուժման մեթոտներու կատարելագործման» ծրագիրի իրականացման համար: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին յայտնած են Եւրասիական զարգացման դրամատունէն: Համապատասխան փաստաթուղթը ստորագրուած է ընթացիկ տարուան Ապրիլին: Ծրագիրը միտուած է առաջին օգնութեան բուժհաստատութիւններու մէջ ոչ վարակիչ հիւանդութիւններու վաղ յայտնաբերման եւ բուժման մեթոտներու կատարելագործման:  Ծրագիրը պիտի իրականացուի Լոռիի, Սիւնիքի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ:


comments

Advertisement