Ռուսիոյ Համար Հայաստան Կարեւորագոյն Ռազմավարական Գործընկեր Է. Ռուսիոյ Դեսպան

By Asbarez | Monday, 06 August 2018

0804vanetsian

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ» - Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱՎԾ) տնօրէն Արթուր Վանեցեան Ուրբաթ, 3 Օգոստոսին ընդունեց Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերգէյ Քոպիրքինը:

Հանդիպման ընթացքին, անդրադառնալով երկու երկիրներուն միջեւ հաստատուած ամուր համագործակցութեան՝ Վանեցեան նշեց, որ այդ բարեկամութիւնը կը նպաստէ երկու պետութիւններու տարբեր գերատեսչութիւններու փոխգործակցութեան ամրապնդման, իսկ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յատուկ ծառայութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը՝ առաւել կ՛ամրապնդէ արդէն գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները:

Դեսպան Քոպիրքին նոյնպէս կարեւոր համարեց երկու գերատեսչութիւններուն փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը՝ նշելով, որ Ռուսիոյ համար Հայաստան շարք մը ուղղութիւններով համատեղ գործունէութեան կարեւորագոյն ռազմավարական գործընկեր է:


comments

Advertisement