Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Քննարկեցին Արցախի Հակամարտութիւնը

By Asbarez | Saturday, 18 August 2018

0815lavrov chavoush

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Անգարայի մէջ, 14 Օգոստոսին հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Մեւլուտ Չաւուշօղլուի հետ: Փակ դռներու ետին տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ նախարարներուն միացեալ մամլոյ ասուլիսը:

Նախարարները յայտնեցին, թէ քննարկած են ռուս-թրքական յարաբերութիւններու առանցքային հարցերը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային շարք մը խնդիրներ, ներառեալ՝ Արցախի հակամարտութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքի իրավիճակը եւ Ուքրանիոյ հարցը:

Յատկանշական է, որ միայն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, թէ քննարկուած է Արցախի հակամարտութիւնը, մինչ Չաւուշօղլու որեւէ կերպով չանդրադարձաւ Արցախի հիմնահարցին:

comments

Advertisement