Փայլան Կոչ Կ՛ընէ Դատապարտելու 1955ի Յարձակումները

By Asbarez | Monday, 10 September 2018

0908paylan

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական  կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան կոչ ըրած է խորհրդարանին հետաքննելու 1955ի Սեպտեմբեր 6-7ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած՝ փոքրամասնութեանց նկատմամբ զանգուածային յարձակումներու, կողոպուտի ու սպանութեանց դէպքերը:

«Տեմոքրաթհապեր» լրատու կայքի հաղորդումով, հայ պատգամաւորը շեշտած է, որ թէեւ Սեպտեմբեր 6-7ի դէպքերէն ի վեր անցած է 63 տարի՝ պետութիւնը մինչեւ այսօր ո՛չ դատապարտած է կատարուածը, ո՛չ ներողութիւն խնդրած է, ո՛չ ալ վնասուց հատուցում յատկացուցած է տուժածներուն:

Փայլան ընդգծած է, որ անպատժելիութեան մթնոլորտին պատճառով, հայերու, յոյներու, հրեաներու եւ ասորիներու դէմ գործուած յանցանքները Թուրքիոյ մէջ շարունակական բնոյթ կը կրեն, եւ ատոր վերջին վառ օրինակներէն մէկն էր պոլսահայ լրագրող, մտաւորական ու «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութիւնը:

«19րդ դարու վերջաւորութենէն սկսեալ պետութեան հալածանքներուն բազմիցս ենթարկուած ժողովուրդները, Սեպտեմբեր 6-7ին եւս մէկ արհաւիրք ապրեցան», ըսած է Փայլան՝ պահանջելով դէպքերը հետաքննել, բացայայտելու համար մեղաւորները եւ հաշուարկելու համար փոքրամասնական համայնքներուն կրած վնասները:

Յիշեցնենք, որ 1955ի Սեպտեմբեր 6ի առաւօտեան, Պոլսոյ թրքական մամուլը կեղծ լուր տարածած էր Աթաթիւրքի տան պայթումին մասին: Թէեւ աւելի ուշ պարզուեցաւ, որ տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան՝ Պոլսոյ, Իզմիրի, Անգարայի ու շարք մը այլ քաղաքներու քրիստոնէաբնակ թաղամասերուն վրայ թուրք ազգայնականներու զանգուածային յարձակումները չկանխուեցան:

Ըստ թրքական մամուլին՝ դէպքերուն պատճառով մահացաւ 11 հոգի, մինչդեռ, ըստ հայ եւ յոյն համայնքներու պնդումին՝ մահացածներուն թիւը աւելի շատ է: Դէպքերուն ընթացքին քանդուեցան բազմաթիւ բնակարաններ, քրիստոնեաներու պատկանող խանութներ եւ գործարաններ: Այս յարձակումները պատճառ դարձան, որ բազմաթիւ հայեր ու յոյներ Թուրքիայէն արտագաղթեն՝ զգալիօրէն նօսրացնելով Թուրքիոյ հայ եւ յոյն համայնքները:

comments

Advertisement