Մոսկուա Կողջունէ Արցախի Տագնապին Գծով Դրական Միտումները. Զախարովա

By Asbarez | Tuesday, 09 October 2018

1005zakh

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 4 Հոկտեմբերին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա յայտարարեց, թէ Մոսկուա կ՛ողջունէ Արցախի տագնապին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ նկատուող դրական միտումները եւ խոստացած է կարելին ընել գործընթացին աջակցելու համար։

Պատասխանելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ կայացած վերջին հանդիպումին, ինչպէս նաեւ ղեկավարներ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ կայացած կարճատեւ զրոյցին մասին ատրպէյճանցի լրագրողին հարցում-պնդումին, թէ փորձագէտները կ՛ենթադրեն, որ Մոսկուան է, որ դրական հենք ստեղծած է այդ բանակցութիւններու կայացման համար՝ Զախարովա ո՛չ հերքեց եւ ոչ ալ հաստատեց՝ նշելով. «Կ՛ողջունենք բոլոր այն դրական միտումները, որոնք կը նշմարուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ: Այժմ կարեւորը զանոնք զարգացնելն ու անոնց չվնասելն է՝ անզգոյշ հռետորաբանութեամբ, որ, դժբախտաբար, կը կատարուի վերջին շրջանին»:

comments

Advertisement