Թուրքիա Իր Կարելին Պիտի Ընէ, Որ Արցախի Հարցը Լուծուի Ի Նպաստ Ատրպէյճանի

By Asbarez | Friday, 02 November 2018

1030trk azr grg

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պոլսոյ Տոլմապահճէ պալատին մէջ, 29 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումը, որմէ ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու, ակնարկելով նաեւ Արցախի հակամարտութեան՝ ըսաւ. «Թուրքիա բոլոր հարթակներու վրայ պիտի շարունակէ պաշտպանել Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ, որպէսզի այդ երկու երկիրներուն հարցերը լուծուին խաղաղ միջոցներով, միջազգային իրաւունքին համապատասխան եւ տարածքային անմբողջականութեան սկզբունքի շրջագիծին մէջ»:

Նշենք, որ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումը, իր տեսակին մէջ՝ 7րդն էր եւ անոր ընթացքին քննուեցան տնտեսական համագործակցութեան եւ տարածաշրջանի ապահովութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցեր:

Չաւուշօղլու Պոլսոյ մէջ նաեւ անջատ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ, որմէ ետք նախարարները գովքը հիւսեցին երկու երկիրներուն միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններուն:

comments

Advertisement